Սթամպուլի մէջ լոյս տեսնող “Ակօս” շաբաթաթերթը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ հրապարակած է 24 Ապրիլին թրքական բանակին մէջ սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքչըի գործին վերաբերեալ:
“Ակօս” կը գրէ, որ օրեր առաջ Տիարպեքիրի ռազմական դատարանին մէջ Սեւակի սպանութեան գործին առաջին դատական նիստին ժամանակ՝ իբրեւ վկայ հանդէս եկող Սեւակի ծառայակիցներէն մէկը ըսած է, որ նախապէս Քըւանչ Աղաօղլուն սպառնացած էր սպաննել հայ զինուորը:
“Դէպքէն ետք ականատեսներէն մէկը ինծի ըսաւ, որ մեղադրեալ Քըւանչը օր մը Սեւակին ըսած է. “Քեզ պիտի սպաննեմ, թմպլիկս””,- դատարանին մէջ ըսած է վկան, որուն անունը չի նշուիր:
Իր հերթին, դատական նիստին, Սեւակ Շահին Պալըքչըի ընտանիքի փաստաբան Ճեմ Հալաւուրթ ըսած է, որ Սեւակի գործով անցնող վկաները փոխած են նախապէս տուած իրենց ցուցմունքները:
“Վկաները դատախազութեան մօտ բոլորովին այլ բաներ ըսած էին: Իսկ դատարանին մէջ անոնք փոխած են իրենց ցուցմունքները: Այս բոլորը կը վկայէ, որ Սեւակի գործով անցնող վկաներուն գործողութիւնները կ’ուղղորդուին ոմանց կողմէ”,- ըսած է Հալաւուրթ:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ թրքական դատարանը ազատ արձակած է Սեւակ Շահին Պալըքչըն սպաննած նոյն զօրամասի զինուորական ծառայող Քըւանչ Աղաօղլուն: Սեւակի սպանութեան գործին առաջին դատական նիստը, որ տեղի ունցած էր Տիարպեքիրի ռազմական դատարանին մէջ, տեւած է 13 ժամ: Դատաւորը վերացուցած է Քըւանչ Աղաօղլուի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց սահմանուած կալանքը:
Սեւակ Շահին պալըքչը, որուն զօրացրման մնացած էր 23 օր, զոհուած է ընթացիկ տարուան 24 Ապրիլին Պաթմանի Քոզլուք շրջանի ոստիկանական զօրամասին մէջ: Ըստ պաշտօնական վարկածի` ան մահացած է իր ծառայակիցի` Քըւանչ Աղաօղլուի կողմէ ինքնաձիգէն պատահաբար արձակուած գնդակէն ստացած ծանր մարմնական վնասուածքին հետեւանքով: Մեղադրող կողմը կը պահանջէ Քըւանչ Աղաօղլուին “անզգոյշ սպանութեան” համար դատապարտել ինը տարուան ազատազրկման: Իսկ Սեւակի ընտանիքը կը պահանջէ Աղաօղլուն դատել “կանխամտածուած սպանութեան” համար:
Tert.am




Leave a Reply