«Սապահ» հաղորդեց որ գիտնականները Վանայ լճին յատակը քննարկելու ընթացքին գտան ոչ թէ Վանալայ լճի նշանաւոր հրէշը, այլ՝ մեծ հարստութիւն մը՝ Ուրանիում։ Արդարեւ, գիտնականները Վանայ լճին մէջ գտան 7.5 միլիառ տոլար արժողութեամբ ուրանիում։ Հիմա աշխատանք պիտի տարուի որպէսզի Թուրքիոյ մէջ հիմնուելիք աթոմակայանին մէջ այս ուրանիումը գործածուի։
Էլազըղի Ֆըրաթ Համալսրանաի քիմիագէտներէն փրօֆ. Մէմէտ Եամանի ստորագրութեամբ անցեալ ամիս միջազգային ամսաթերթի մը մէջ հրապարակուեցաւ յօդուած մը, ուր կը պնդուէր որ Վանայ լճի յատակը ուրանիում կայ։ Եաման եւ իր խմբակը երկու տարի շարունակ քննեց Արեւելեան Անատոլուի բոլոր լիճերուն ու գետակներուն ջուրերը։ Յետ քննոթեան, Տիգրիսի եւ Եփրատի ջուրերուն մէկ լիթրին մէջ 1 միքրոկրամէ աւելի քիչ Ուրանիում, իսկ Վանայ լճի երեսուն տարբեր տեղերէն առնուած ջուրերուն մէջ միջին հաշուով 76 միլիկրամ ուրանիում գտնուեցաւ։
Փրօֆ. Եաման, որ Վանայ Լճի ջուրերուն ապականումը քննելու ընթացքին անդրադարձած էր որ հոս ուրանիում կար, երեք տարի անձայն կերպով շարունակեց քննարկել եւ ի վերջոյ իր գիւտը հրապարակեց ամբողջ աշխարհի կողմէ կարդացուած թերթի մը մէջ։ Իսթանպուլի Թէքնիք Համալսարանն ալ զօրավիգ կանգնեցաւ Փրօֆ. Եամանին։
Փրօֆ. Եաման ըսաւ որ իրականութեան մէջ այսպիսի արդիւնքի մը չէր սպասեր, շատ ցնցուեցաւ երբ անդրադարձաւ ուրանիումի գոյութեան, աւելի առաջ գերմաններն ու Հանքային Փնտռտուքի Մարմինն ալ Վանայ Լճի մէջ քննութիւններ ըրած էին, բայց արդիւնքը չէր հրապարակուած։ “Մտածեցի որ գաղտնի պահուեցաւ ու վախցայ։ Այս պատճառաւ է որ ես իմ ուսումնասիրութեան արդիւնքը ղրկեցի օտար թերթի մը։ Հիմա ինչ որ պէտք է ընել, այն է թէ այս ուրանիումը պէտք է հանել”, ըսաւ ան։
Եթէ այս բոլորը ճիշդ են, Վանայ Լճի ուրանիումը կրնայ դիմագրաւել Թուրքիոյ յիսուն տարուան ուրանիումի կարիքը, ըսուեցաւ Սապահի կողմէ հրատարակուած լուրին մէջ։
«Մարմարա»
Leave a Reply