Արարատ լերան վրայ մագլցելու արտօնութիւնը մասամբ դիւրացաւ

Արարատ լերան վրայ մագլցիլ ուզող լեռնագնացներու մասին նոր կանոնագրութիւն մը ընդունուեցաւ եւ մագլցումի արտօնութիւն ստանալու գործողութիւնը որոշ չափով դիւրացաւ։ Յայտնի է արդէն որ լեռնագնացները մասնաւոր արտօնութիւն պէտք է ստանային Արարատի վրայ մագլցում կատարելու համար։

Նախկին դրութեամբ, լեռնագնացները նախապէս իրենց դիմումները կը կատարէին Արտաքին Նախարարութիւն ու Նախարարութիւնն ալ դիմումները կը փոխանցէր Ներքին Նախարարութեան ու ՄԻԹ գաղտնի ոստիկանական կազմակերպութեան քննարկումին։ Այս երկու հաստատութիւններուն տալիք արտօնութիւնն է որ բնորոշիչ դեր կը կատարէր արտօնութիւն տալու կամ չտալու հարցին մէջ։

Պատրաստուած նոր փրոթոքոլի համաձայն, այս գործընթացէն դուրս հանուեցան թէ՛ Ներքին Նախարարութիւնը, թէ՛ ՄԻԹ կազմակերպութիւնը։ Այսուհետեւ Արտաքին Նախարարութիւնը բոլոր դիմումները պիտի փոխանցէ Աղրըի ու Ըղտըրի Կոսակալութիւններուն, որոնք Անտառներու եւ Ջուրերու Նախարարութեան պաշտօնավարներուն հետ խորհրդակցաբար իրաւասութիւն պիտի ունենան արտօնութիւն տալու։

Մինչեւ այսօր զբօսաշրջական ընկերութիւնները արտօնութիւն ստանալու համար դիմումներ կը կատարէին զանազան նախարարութիւններու, իսկ այսուհետեւ դիմումները պիտի կատարուին Կուսակալութիւններուն։

Այս կերպով Արարատի վրայ մագլցում ընել փափաքող լեռնագնացներուն համար մասամբ պիտի դիւրանայ արտօնութիւն ստանալու գործընթացը։

«Մարմարա»

(*) «Մարմարա» գրած է Աղրը

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2011
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ