Ուխտագնացութիւն դէպի Սասնոյ Մարութայ սար

Այժմ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայկական Սասնոյ Մարութայ սարի գագաթին գտնուող մատուռին մէջ՝ խումբ մը հայեր իրականացուցած են իրենց աւանդական ուխտը:

Ըստ թրքական Batman Postasi կայքին` Թուրքիոյ Պաթման նահանգին մէջ գտնուող Սասունի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած Մարութայ սար լեռնագնացութիւնը սկսած է երէկ երեկոյեան: Ուխտագնացութեան մասնակցած են աշխարհի տարբեր վայրերէ Թուրքիա մեկնած սասունցի հայեր, որոնց պապերը փրկուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն, տեղի բնակիչներ եւ խումբ մը թուրք լեռնագնացներ:

Գագաթ հասնելէ անմիջապէս ետք՝ հայերը մտած են մատուռ, մոմ վառած եւ աղօթած: Կրօնական արարողութեան համար Սթամպուլէն Սասուն մեկնած հայ հոգեւորական Ճեզօ Իւքսել նշած է, թէ իրենք կը փափաքին, որ տեղի իշխանութիւնները վերանորոգեն փլուզման վտանգի տակ գտնուող եկեղեցին:

Դէպի Մարութայ սար վերելքին մասնակցած է նաեւ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան Պաթմանէն ընտրուած պատգամաւոր Զիւեր Օզտեմիրը:

Նշենք, որ Մարութայ սարը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Սասուն գաւառին մէջ եւ եղած է սասունցիներու պաշտելի սարը, որ կոչուած է նաեւ Մարաթուկ:

http://tert.am/hy/news/2011/08/01/maratoug/

[fgallery id=3 w=450 h=385 t=0 title=”Maruta 2011″]

One response to “Ուխտագնացութիւն դէպի Սասնոյ Մարութայ սար”

  1. Noonik Amirian

    Մինչեւ Արեւմտահայաստանը չտեսնեմ,չեմ ուզելու հեռանալ աշխարհից…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ