Դատարանը ազատ արձակած է այս տարուան 24 Ապրիլին թրքական բանակին մէջ հայ զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքչըն սպաննած նոյն զօրամասի զինուորական ծառայող Քըւանչ Աղաօղլուն:
Ինչպէս կը գրէ թրքական “Վաթան” օրաթերթը, Սեւակի սպանութեան գործի առաջին դատական նիստը, որ տեղի ունեցած է Տիարպեքիրի ռազմական դատարանին մէջ, տեւած է 13 ժամ: Դատաւորը վերացուցած է Քըւանչ Աղաօղլուի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց սահմանուած կալանքը:
Յաջորդ նիստին դատարանը պիտի լսէ սպաննուած զինուորական ծառայողի նշանածին` Մելանի Քումրույեանին, որ կը պնդէ, թէ Սեւակը զօրամասին մէջ լուրջ խնդիրներ ունեցած է հրամանատարութեան հետ:
Յիշեցնենք, որ Սեւակ Շահին Պալըքչը, որուն զօրացրման մնացած էր 23 օր, զոհուած է ընթացիկ տարուան 24 Ապրիլին՝ Պաթմանի Քոզլուք շրջանի ոստիկանական զօրամասին մէջ: Ըստ պաշտօնական վարկածի` ան մահացած է իր ծառայակիցի` Քըւանչ Աղաօղլուի կողմէ ինգնաձիգէն պատահաբար արձակուած գնդակէն ստացած մարմնական վնասուածքին հետեւանքով: Մեղադրող կողմը կը պահանջէ Քըւանչ Աղաօղլուն “անզգոյշ սպանութեան” համար դատապարտել ինը տարուան ազատազրկման: Իսկ Սեւակի ընտանիքի փաստաբան Իսմայիլ Ճեմ Հալաւուրթ կը պահանջէ Աղաօղլուն դատել “կանխամտածուած սպանութեան” համար:
Մամուլի մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած էին, որ Պալըքչը ծառայութեան ընթացքին ծեծի ենթարկուած է իր հրամանատարին կողմէ: Զօրամասին մէջ նոյնիսկ սպառնացած են այրել զինք:
Հետաքննութեան ընթացքին նաեւ պարզուած է, որ հայ զինուորը սպաննած Քըւանչ Աղաօղլու տարուած է ազգայնական գաղափարներով, որուն մասին կը վկայեն ` Facebook հասարակական ցանցին մէջ թուրք զինուորական ծառայողի զետեղած ազգայնական բովանդակութեամբ հրապարակումները:
http://tert.am/hy/news/2011/08/01/sevak/?sw
Leave a Reply