Ցեղասպանութեան Փաստաթուղթերու «Մաքրագործում»ը Կը Շարունակուի

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «ժումհուրիա» օրաթերթը, որ վերջերս ձեռնարկած է «Ուիքիլիքս»ի բացայայտած փաստաթուղթերու հրապարակման, իր Հինգշաբթի, Յուլիս 21ի թիւով անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան եւ պատմութեան նենգափոխման փորձերուն:

Գաղտնազերծուած փաստաթուղթի մը մէջ նշուած է, թէ Յուլիս 12, 2004ին, Պոլսոյ ամերիկեան հիւպատոսարանին կողմէ պատրաստուած է «թիւ 04ISTANBUL1074» գաղտնի տեղեկագիրը, որուն մէջ ներկայացուած է Թուրքիոյ մէջ գործող ամերիկեան պատուիրակութեան մեկնաբանութիւնը՝ Ցեղասպանութեան մասին: Տեղեկագիրին մէջ նշուած են թուրք եւ օտար պատմաբաններուն ու հետազօտողներուն վկայութիւնները:

Այդ վկայութիւններուն համաձայն, հայութեան կողմէ իր դատին հետապնդումը աւելի հզօր թափով կը շարունակուի:

Միւս կողմէ, թուրքերուն պարագային, կայ ինքնութեան պահպանման հարց մը: Անոնց համար թրքական ինքնութեան պահպանումը հիմնական հարց է, եւ մինչեւ օրս կայ այն մտայնութիւնը, որ հայերուն հաշուոյն գործուած որեւէ սխալ ընդունելու պարագային, Թուրքիոյ սահմանային իրաւունքները կրնան տկարանալ եւ ամբողջ իշխանութիւնը տկարացնել հայութեան կատարուելիք հատուցումներուն հարցով:

Նոյն փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ տասնեակ մը տարիներէ ի վեր որդեգրուած ուրացումի քաղաքականութիւնը եւ ցեղասպանութեան նիւթին արգիլուած ըլլալու իրականութիւնը պատճառ կը դառնան, որ թուրքերը առարկայական կերպով չմօտենան այդ հարցի քննարկումին: Բայց եւ այնպէս, Պոլիս կը մնայ հիմնական կեդրոնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Օսմանեան կայսրութեան փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան:

Հայ պատմաբանները, որոնք ինչպէս որեւէ օտար պատմաբան կամ հետազօտող, պէտք է թրքական իշխանութիւններուն արտօնութեամբ ուսումնասիրութիւններ կատարեն Թուրքիոյ մէջ, բուռն ընդվզում կը յայտնեն այն իրականութեան դէմ, որ թրքական իշխանութիւնները իրենց տրամադրութեան տակ չեն դներ այն փաստաթուղթերը, որոնք կը հաստատեն Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Այս ծիրին մէջ Միշիկընի համալսարանի հայագիտական ամպիոնի տնօրէն Գէորգ Պարտաքճեան, ամերիկացի կարգ մը պատասխանատուներու յայտնած է, որ 70ական եւ 80ական թուականներուն, իրեն եւ այլ հայ հետազօտողներու արգիլած են թրքական արխիւները ուսումնասիրել:

Սակայն օտար եւ թուրք պատմաբաններ կը գնահատեն Թուրքիոյ նախկին նախագահ Թուրկութ Էօզալի կողմէ 90ական թուականներուն թրքական 150 միլիոն արխիւներու բացայայտման կարեւորութիւնը, անկախ այն իրականութենէն, որ անոնք Ցեղասպանութեան մասին լուրջ տեղեկութիւններ չեն բովանդակեր:

Ըստ փաստաթուղթին, Ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ արխիւները մաքրագործումի եւ փճացումի վտանգին առջեւ են: Ամերիկացի պատմաբան մը կը բացայայտէ, թէ թուրք պատմաբան Հալիլ Պերքթայի համաձայն, հիմնականին մէջ երկու հանգրուանով կատարուած է այդ շուրջ 70 միլիոն փաստաթուղթերուն փճացումը: Առաջինը կատարուած է 1918ին, երբ տակաւին Պոլիսը չէր գրաւուած դաշնակիցներուն կողմէ, իսկ երկրորդը կը կատարուի ներկայիս:

Այս փաստաթուղթերը փճացնելու գործով կը զբաղին հանգստեան կոչուած թուրք զինուորականներ եւ դիւանագէտներ, գլխաւորութեամբ՝ թուրք դեսպան Մոհարրամ Նուրի Պիրճիի: Այս ծիրին մէջ Պերքթայ կը հաստատէ, որ Պիրճի ընդգծած է, թէ ինք մաքրագործած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բազմաթիւ փաստաթուղթեր եւ շեշտած է ըսելով. «Մենք իսկապէս մորթեցինք հայերը»:

Նոյն ծիրին մէջ, ամերիկացի հետազօտող Թոնի Կրինուուտ ընդգծած է, որ թուրք բարձրաստիճան զինուորականներ յատուկ պարտականութիւն ստանձնած են թրքական արխիւներուն մէջ գտնուող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան իսկութիւնը փաստող միլիոնաւոր փաստաթուղթեր անհետացնելու:

Հոն նաեւ նշուած է, որ կեդրոնական եւ արեւելեան Անատոլուի մէջ քաղաքացիները ամերիկեան դիւանագիտական պատուիրակութիւններու հետ իրենց զրոյցներուն ընթացքին կ՛ընդունին, թէ իրենց նախահայրերը հայերուն դէմ ոճիրներ գործած են: Միւս կողմէ, Թուրքիա այցելող մեծ թիւով ամերիկացի հետազօտողներ կ՛ընդգծեն նաեւ, որ Ցեղասպանութեան հարցը այլեւս արգիլուած նիւթ մը չէ:

http://asbarez.com/arm/105176/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ