ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երէկ, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ Թուրքիոյ կառավարութենէն հայկական եւ քրիստոնէական եկեղեցիներու վերադարձը պահանջող բանաձեւին վաւերացումէն քանի մը ժամ ետք, ելեկտրոնային նամակատուփիս մէջ ստացայ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեանի աւետաբեր նամակը, որ կը սկսի՝ «Արդարութեան ի խնդիր ճակատամարտ մը շահեցանք» բառերով:
«Մենք այս նշանակալի յաղթանակը ապահովեցինք ի հեճուկս Թուրքիոյ կառավարութեան՝ աշխարհին իբրեւ «լայնախոհ» ներկայանալու ստապատիր քարոզչութեան», կը գրէ Ուաշինկթընի մէջ հայկական քաղաքական ներկայութիւնը օրէ օր հզօրացնող Հայ Դատի յանձնախումբին ղեկավարը:
Փոխանակ գինովնալու այս կարեւոր իրագործումով, փոխանակ ընկերներով երթալու ու տօնելու քարոզչական այս յաղթանակը, որ թրքական մամուլին մէջ ներկայացուեցաւ իբրեւ Թուրքիոյ երեսին նետուած ապտակ, Քեն Խաչիկեան ժամանակ չէ կորսնցուցած ու անմիջապէս ինծի ու տասնեակ հազարաւոր այլ հայ դատականներու նամակ յղած է, շնորհակալութիւն յայտնելով մեզի՝ այս աշխատանքին բերած մասնակցութեան համար:
Ներողամիտ ժպիտով կը կարդամ Խաչիկեանի նամակը: Գիտեմ, որ այս մարդը արդէն աչքերը սեւեռած է յաջորդ ճակատամարտը շահելու նպատակին, որուն համար դարձեալ պէտք պիտի ունենայ իմ եւ միւս տասնեակ հազարաւոր ամերիկահայերու բարոյական եւ նիւթական նեցուկին:
Ինչպէս կրնաս չգնահատել այս նպատակասլաց ու նուիրեալ աշխատելակերպը: Խաչիկեանի ու իր նմաններուն շնորհակալ գործին շարունակականութիւնը ու ընդարձակումը ամուր հիմերու վրայ դնելը՝ մեր նուազագոյն պարտքն է: Ընդառաջենք այս գործիչներու դիմումին ու մեր նուիրատուութիւններով սատարենք իրենց ազգանուէր աշխատանքին:
Ձեր նուէրները ճիշդ հասցէին հասցնելու համար, հեռաձայնեցէք Հայ Դատի գրասենեակ՝ (202)775-1918 թիւին:
http://asbarez.com/arm/105050/
Leave a Reply