ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Այս գիշեր (Հինգշաբթի, 21 Յուլիս), «Սինեմա-Թի-Վի» հեռատեսիլի կայանէն, ժամը 9ին, Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը սփռուի տեղահանութեան օրերու հայերու տառապանքները ցոլացնող շատ կարեւոր ժապաւէն մը՝ «Յանցանքի Բանակ» խորագրով։ Ժապաւէնին մէջ կը պատմուի ազատատենչ գաղափարներու տէր Միսաք Մանուշեան անուն տառապած հայուն՝ Նացիներու եւ ֆաշականութեան դէմ մղած հերոսական պայքարը։ Ժապաւէնի բեմադրիչն է ֆրանսահայ նշանաւոր դերասան եւ հեղինակ Ռոպերթ Կէտիկեան։ Թուրքիացի շարժանկարի դիտորդները, որոնք Իսթանպուլեան ժապաւէններու 29րդ փառատօնի ընթացքին առիթն ունեցած էին դիտելու այս ժապաւէնը, այս անգամ այս ժապաւէնը դիտելու առիթը պիտի ունենան հեռատեսիլէն», կը գրէ «Մարմարա» իր երէկուան թիւով:
«Ժապաւէնը որ չափազանց սրտաճմլիկ դրուագներով կը ներկայանայ դիտորդներու, Միսաք Մանուշեան անունով հայու մը կեանքի պատմութիւնն է, որ աչքերու դիմաց կը պարզէ հայ ժողովուրդին կրած անլուր ողբերգութիւնները եւ կը ցոլացնէ հայ անհատին հաստատակամութեան եւ դիմադրականութեան ոգին», կը շարունակէ «Մարմարա»ն:
Ապա թերթը կը ներկայացնէ «Յանցանքի բանակ»ի պատմութիւնը. «Միսաք Մանուշեան տեղահանութեան փոթորիկէն մազապուրծ փրկուած անձ մըն է, որ ծնած է Ատըեամանի մէջ։ Ան 1915ի ողբերգական տարիներուն բացի իր Կարապետ անունով եղբօրմէն, կորսնցուցած է իր ամբողջ ընտանիքը։ Մայրը զոհ տուած է Սուրիոյ անապատներուն մէջ եւ ինք իր եղբօր Կարապետին հետ Սուրիայէն ետք, ինքզինք գտած է Լիբանանի որբանոցներէն մէկուն մէջ։ 1925ին իր եղբօր հետ Ֆրանսա, Փարիզ հաստատուած է։ Ֆրանսայի մէջ, իր եղբայրը Կարապետ, չէ կրցած դիմադրել իր կրած հոգեկան անձկութիւններուն եւ մահացած է։ Միսաք Մանուշեան այս օտար երկինքին տակ մնացած է առանձինն եւ աննեցուկ։ Ժապաւէնին մէջ Միսաք Մանուշեան կը ներկայացուի որպէս տոկուն նկարագրի տէր անձնաւորութիւն մը, որ կեանքի անողոք պայքար կը մղէ, նախ որպէս բանուոր աշխատելով, ապա բանաստեղծութիւններ գրելով։ Իր բանաստեղծութիւնները բազմաթիւ թերթերու մէջ լոյս կը տեսնեն եւ համբաւ կը շահեցնեն իրեն։ Կ՛ամուսնանայ իրեն նման որբ, Մելինէ անունով հայուհիին հետ։ Նացիներու կողմէ Ֆրանսայի վրայ կատարուած յարձակումներու եւ գրաւման օրերուն, կը պայքարի Ֆրանսական ուժերու կողքին։ 1943ին, ֆրանսացի դիմադրական ուժերու անդամ իր համախոհներուն հետ կը ձերբակալուի եւ 21 Փետրուար 1944ին նացիներու կողմէ կը սպաննուի։ Եւ սակայն Միսաք Մանուշեանի ազատատենչ գաղափարները, բանաստեղծի դիմագծութիւնը եւ ողբերգութիւններով լեցուն կեանքի պատմութիւնը ժողովուրդին մօտ աւանդավէպի կը վերածուի։
«Ժապաւէնը կը վերջանայ Միսաք Մանուշեանի կողմէ արտասանուած սա նախադասութեամբ. «Բոլոր հայերու նման ես ալ որբ մըն եմ»»։
http://asbarez.com/arm/105044/
Առաջին Անգամն Ըլլալով Հայկական Ցեղասպանութեան Անդրադարձող Շարժապատկեր՝ Թուրքիոյ Եթերէն
•
Leave a Reply