Քիւրտերը Կը Պահանջեն Գիւղերու Հայկական Անուններուն Վերադարձը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Թարաֆ» թերթի Կիրակի, Յուլիս 17ի թիւին մէջ, Թուղպա Թեքերեք հետաքրքրական հարցազրոյց մը ունէր Սեւան Նշանեանի հետ։ Հարցազրոյցին նիւթն էր՝ Թուրքիոյ մէջ հանրապետական շրջանին պետական քաղաքականութեան բերումով կատարուած տեղանուններու փոփոխութիւնը, աւելի ճիշդ՝ հին անունները թրքական անուններու հետ փոխանակումը։ Ինչպէս բազմաթիւ նիւթերու, նոյնպէս այս նիւթին մէջ Սեւան Նշանեան ոչ միայն զարմանալի հմտութիւն ունի եւ շատ բան ուսումնասիրած է, այլ նաեւ անօրինակ համարձակութեամբ կը խօսի այդ մասին ու կ՛ընէ ցնցիչ բացայայտումներ։

Ան դիտել կու տայ, որ Թուրքիոյ 40 հազար գիւղերէն նուազագոյն 16 հազարին անունները փոխուած են։ Թէեւ Թուրքիոյ ամէն կողմը կատարուած է նմանօրինակ փոփոխութիւններ, բայց ամէնէն շատ փոփոխութիւնը կատարուած է նախ հիւսիսարեւելեան Սեւ Ծովեան շրջանին մէջ, ապա հարաւարեւելքի մէջ, հոն ուր քրտերէնը տիրապետող է։ Տեղանունները փոխելու նպատակն է՝ սրբել հետքերը բոլոր այն բաներուն, որոնք թրքական կամ իսլամական չեն։ Անունները փոխարինուեցան թրքերէն անուններով։ Փոխուեցան նաեւ այն թրքերէն անունները, որոնք իրենց մէջ կը կրէին ոչ իսլամական եւ ոչ թրքական տարրեր:

Ըստ Նշանեանի՝ տեղանունները փոխելու ծրագիրը իթթիհատականներու կողմէ պատրաստուած էր, բայց անոնք չկրցան իրագործել։ Այսօր պետութիւնը շատ խիստ կերպով կը գործադրէ այդ ծրագիրը։ Քարտէս մը տպելու համար իսկ պարտաւոր էք արտօնութիւն ստանալու։ Տեղացիները միշտ ալ առարկած են եւ երկար ժամանակ գործածած են հին անունները, բայց նոր սերունդները այլեւս հիները չեն գործածեր, որովհետեւ չեն գիտեր։ Այսքան շատ փոփոխութիւն աշխարհի պատմութեան մէջ այլուր երբեք չէ կատարուած։ Ազգայնապաշտ քաղաքականութիւնը շատ խիստ է, վերջին շրջաններուն սակայն մօտաւորապէս հարիւր տեղեր՝ երկար պայքարէ ետք կրցան ետ առնել իրենց հին անունը։

Հարցազրոյցին մէջ կայ յատուկ բաժին մը, ուր Սեւան Նշանեան կը խօսի հայկական տեղանուններու մասին եւ կ՛ըսէ, թէ քիւրտերը հիմա սկսած են ետ պահանջելու հին անունները, բայց այս անուններուն որքա՞նը քրտական են։ Քրտական աշխարհագրութեան մէջ անուններուն միայն 40 տոկոսը քրտերէն է, իսկ մնացեալ անունները հայերէն, ասորերէն, արաբերէն կամ անծանօթ լեզուով են։

«Մեր քիւրտ ընկերները գնահատելի կեցուածք ունին, ըստ իս: Անոնք կ՛ըսեն, որ հին անունը, ինչ որ ալ է, իրենցն է ու զայն ետ կ՛ուզեն, ինչ լեզուով ալ ըլլայ ան։ Անոնք գիտնալով կամ առանց գիտնալու, տէր կը կանգնին նաեւ մեծ մասամբ հայկական անուններուն։ Ոմանք կը կարծեն, օրինակ, որ Նորշինը քրտերէն է, մինչդեռ հայերէն է եւ նոր շինութիւն կը նշանակէ», նշած է Նշանեան։

Տեղանուններու փոփոխութիւնը ինչո՞ւ այսքան ընդվզում կը ստեղծէ։ Նշանեանի պատասխանն այն է, որ ասիկա ընդվզում կը ստեղծէ, որովհետեւ պետութիւնը արհամարհական կեցուածք կը ցուցաբերէ հին անուններուն ու հին մշակոյթին նկատմամբ։ Ըստ Նշանեանի՝ «Քու անցեա՛լդ, քու մշակոյթդ տասը փարա չ՛արժեր, ես ինչ որ ըսեմ, այդ է», կ՛ըսէ պետութիւնը, եւ ասոր համար է, որ ժողովուրդը կ՛ընդվզի։

http://asbarez.com/arm/104730/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ