Ըստ «Ուիքիլիքս»ի բացայայտած փաստաթուղթերուն, Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները իրաքեան պատերազմի նախօրէին քննարկած են «քրտական պետութեան» ստեղծման անթոյլատրելիութեան հարցը: Այդ փաստաթուղթին համաձայն, Իրաք ներխուժելու թրքական աջակցութեան դիմաց, Ուաշինկթըն Անգարային խոստացած է 5.5 միլիառ տոլար եւ վստահեցուցած է, թէ դէմ պիտի դնէ քրտական պետութեան մը ստեղծման:
Թուրքիոյ ներկայ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, որ այդ օրերուն երկրի վարչապետն էր, խնդրած է ժամանակ տալ իրեն, որպէսզի համոզէ թրքական հասարակական կարծիքը:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու նախագահ Ճորճ Պուշ խոստացած է «լրջօրենէ օգնել» Թուրքիոյ՝ նաեւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցին մէջ:
Սակայն, Թուրքիոյ խորհրդարանը 2003ի Մարտի 1ին, մերժեց Թուրքիոյ կառավարութեան առաջարկը, որ կ՛արտօնէր ամերիկեան բանակին կողմէ Թուրքիոյ տարածքը Իրաքի վրայ յարձակելու համար օգտագործուիլը:
14.07.2011
http://asbarez.com/arm/104544/
Leave a Reply