ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Միլլիյէ»-ի մէջ Երեքշաբթի, Յուլիս 12ին հրատարակուած թղթակցութիւն մը արձագանգ կը հանդիսանայ Թուրքիոյ կրթական նախարարութեան ներքին քննիչ մարմինին կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրի մը, որ կրթական նախարարութեան գործիչներուն նկատմամբ քննադատութիւններով լեցուն է եւ կարգ մը տարօրինակ յանձնարարութիւններ կ՛ընէ փոքրամասնական վարժարաններու կապակցութեամբ։
Տեղեկագիրը նախ կը ծանրանայ մասնաւորաբար արեւելեան նահանգներու դպրոցներուն մէջ թրքերէն լեզուն սորվեցնելու անբաւարարութեան վրայ, որովհետեւ կարգ մը շրջաններու մէջ աշակերտները կանոնաւոր թրքերէն չեն կրնար սորվիլ: Ակնարկութիւնը անշուշտ քիւրտերուն մասին է: Այս երեւոյթին պատճառն ալ այն է, որ փորձառու ուսուցիչներու պակաս կայ այդ շրջաններուն մէջ։
Հետաքրքրական է տեղեկագիրին՝ փոքրամասնութիւններու վերաբերող բաժինը։ Հոն կ՛ըսուի, որ փոքրամասնական վարժարաններու աշակերտները աւելի լաւ կրթութիւն եւ ուսում ստանալու համար, հոն պաշտօնավարող ուսուցիչներն ու ծառայողները պէտք է ենթարկուին յատուկ ուսուցման, որպէսզի կարենան փոքրամասնական վարժարաններու աշակերտներուն զգացնել, թէ անոնք թուրք պետութեան եւ թուրք ազգին մէկ մասնիկն են։
Կ՛արժէ հարցնել, թէ այսօրուան իրադարձութիւններու լոյսին տակ ու ազգային եւ ցեղային հարցերու զարգացման տեսակէտով ի՞նչ կը նշանակեն նման առաջարկներ, որոնք կարծես քսան-երեսուն տարի առաջուան ազգայնապաշտ գաղափարախօսութեան մայր գիծերը ապրեցնելու կը ձգտին։
http://asbarez.com/arm/104417/
Leave a Reply