Քիւրտերը Տիարպեքիրի մէջ փաստացի ինքնավարութիւն հռչակած են: Այս մասին Euronews–ին տուած հարցազրոյցին ըսած է իշխանամէտ համարուող «Զաման» օրաթերթի յօդուածագիր Պեժան Մաթուր:
Քրտական հարցի վերաբերեալ կարգ մը հրապարակումներու եւ գիրքի հեղինակ Պեժան Մաթուր հարցազրոյցի ընթացքին խօսած է Թուրքիոյ մէջ հետընտրական զարգացումներու եւ, մասնաւորապէս, քիւրտ պատգամաւորներու` խորհրդարանի աշխատանքները պոյքոթելու որոշման, քրտական հարցի կարգաւորման գործընթացին հնարաւոր տեղաշարժերու մասին:
Անդրադառնալով «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» քրտամէտ կուսակցութեան աջակցութիւնը վայելող քիւրտ անկախ պատգամաւորներու` նորընտիր խորհրդարանի աշխատանքները պոյքոթելու մասին որոշման` Պեժան Մաթուր ընդգծած է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ վարչապետ Էրտողան չի կրնար լիարժէք վայելել իր յաղթանակի պտուղները:
«Նախընտրական շրջանին սպասելիքներն ու յաւակնութիւնները բոլորովին այլ էին: Յայտնի չէր նաեւ, թէ ինչպէս տեղի պիտի ունենար ուժերու վերադասաւորութիւնը ընտրութիւններէն ետք: Սակայն 13 Յունիսի առաւօտեան պատկերը լիովին պարզ դարձաւ. «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութիւնը յաղթանակ տարաւ: Նաեւ, մենք ականատես դարձանք «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» քրտամէտ կուսակցութեան գործողութիւններու կազմակերպուածութեան: Ըստ ինծի` ընտրութիւններուն յաղթեց երկու կուսակցութիւն` «Արդարութիւն եւ զարգացում»ը եւ «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն»ը: Ժողովրդա–հանարպետական կուսակցութիւնը հիասթափութիւն ապրեցաւ… Սակայն երդման արարողութենէն ետք ստեղծուած իրավիճակին նայելով կը տեսնենք, որ այդ մէկը ստուերի մէջ է «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութեան յաղթանակը: Նաեւ ստեղծուած իրավիճակը թոյլ չի տար, որ վարչապետը համտեսէ յաղթանակի պտուղները»,– ըսած է «Զաման»ի յօդուածագիրը` ընդգծելով, որ ներկայ պահուն քիւրտ անկախ պատգամաւորները իրենց խմբակցութեան նիստերը կը գումարեն Տիարպեքիրի մէջ, այդ մէկը փաստացի վկայութիւն է, որ իրենք ինքնավարութիւն հռչակած են:
Ընդգծելով, որ ստեղծուած իրավիճակի մէջ կարեւոր է PKK–ի առաջնորդի դերակատարութիւնը, Պեժան Մաթուր ըսած է. «Այստեղ շատ կարեւոր է Օճալանի գործօնը: Ան հանդարտութեան կոչ կ’ընէ: Այժմ կ’ըսէ Յուլիս 15 (Անգարային ներկայացուած վերջնաժամկէտի ամսաթիւը,– Tert.am): Իսկ թէ այդ ժամանակահատուածը կ’երկարաձգուի մինչեւ Սեպտեմբեր 15, թէ ոչ, կը տեսնենք յառաջիկային»:
Ի պատասխան այն հարցին, թէ «հնարաւո՞ր է, որ Օճալան գործընթացի աւարտին ազատ արձակուի», «Զաման»ի յօդուածագիրը ըսած է. «նպատակը Օճալանի ազատ արձակումն է: Սակայն այդ մէկը կ’ըլլայ երեք կամ հինգ տարի ետք, չեմ կրնար ըսել: Սակայն վերջնական նպատակը այդ է… Ըստ էութեան քրտական քաղաքական շարժման ամենագլխաւոր խնդիրը այդ է»,– ըսած է յօդուածագիրը:
01.07.11
Tert.am
Leave a Reply