Այսօր Սթամպուլի անչափահասներու գործերը քննող քրէական դատարանին մէջ տեղի կ’ունենայ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրնադ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի գործով առաջին նիստը:
Թրքական Milliyet օրաթերթի փոխանցմամբ` Տինքի ընտանիքը որոշում կայացուցած է չմասնակցիլ դատական նիստին` այդ կերպով իր բողոքը արտայայտելով ամիսներ առաջ Սթամպուլի դատարանին կայացուցած` Սամասթը իբրեւ անչափահաս դատելու որոշման դէմ:
«Մենք կրկին դաշունահարուեցանք մեր թիկունքէն»,–յայտարարած էր Տինքի եղբայրը` Երուանդ Տինք` մեկնաբանելով Օկիւն Սամասթի նկատմամբ Սթամպուլի դատարանի կայացուցած որոշումը:
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ Սթամպուլի դատարանը, բաւարարելով Օկիւն Սամասթի փաստաբան Լեւենթ Եըլտըրըմի պահանջը, որոշում կայացուցած էր Սամասթը դատել իբրեւ անչափահաս: Այս պարագային Սամասթին կը սպասուի շատ աւելի մեղմ պատիժ: Անոր նկատմամբ սահմանուելիք ցանկացած պատժաչափ պիտի նուազի հինգ տարիով:
Tert.am
28.02.11
Leave a Reply