Թուրք Բարձրաստիճան Զինուորականներու Ձերբակալութիւնը Լարուածութիւն Կը Ստեղծէ

 ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Լախտի հարուած» կոչուած պետական յեղաշրջումի ծրագիրին կապակցութեամբ հանգստեան կոչուած կամ գործօն 163 բարձրաստիճան զինուորականներու ձերբակալութեան վճիռը, անցնող շաբաթավերջին իրարանցում մը ստեղծած է Թուրքիոյ մէջ:

Վճիռը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ կառավարութեան ու իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համար։ Եթէ նկատի առնուի, որ ձերբակալուածներուն մէջ կը գտնուին նաեւ մեծ թիւով գործօն զօրավարներ, հասկնալի կը դառնայ, թէ այս անգամ հարցը շատ լուրջ է ու կը շահագրգռէ ամբողջ բանակը։

Ձերբակալուածներուն մէջ են գործօն 27 զօրավարներ (29ը՝ ըստ «Միլլիյէթ»ի), ինչ որ կը նշանակէ, թէ Թուրքիոյ մէջ պաշտօնի վրայ գտնուող զօրավարներուն գրեթէ մէկ տասներորդը ձերբակալուած ու բանտարկուած է։ Բոլորն ալ կը մեղադրուին 2003ին պետական հարուած մը ծրագրած ըլլալու յանցանքով։

Ձերբակալութիւնները տեղի տուած են անօրինակ ընդվզումի, որ կը ցուցաբերուի մանաւանդ ձերբակալուած բարձրաստիճան զինուորականներու ընտանիքներուն կողմէ։ Անոնք կ՛ընդգծեն, թէ ձերբակալուածները «հայրենասէր մարդիկ են», որոնք իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են հայրենիքը պաշտպանելու գործին։

Սպայակոյտի նախագահը Շաբաթ իրիկուն տեսակցեցաւ ձերբակալեալներու ընտանիքներուն հետ, ապա անմիջապէս հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Էրտողանի հետ։ Յայտնի է, որ անոնց խօսակցութեան նիւթը ձերբակալութիւններն էին, բայց անոնց խորհրդակցութեանց մասին տեղեկութիւն չհրապարակուեցաւ։

Ամբաստանեալներու փաստաբանները յայտնեցին, թէ այս ձերբակալութիւնները օրինաւոր չեն, բայց իրաւագէտներու կարծիքը այդպէս չէ։ Իրաւագէտները կը յայտնեն, թէ դատարանը հաւանաբար լուրջ փաստեր տեսնելէ ետք տուած է ձերբակալութեան որոշումը։

http://asbarez.com/arm/92174/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28  

Արխիւ