Թրքական Ատեանը Կը Մերժէ Պատրիարք Ընտրելու Պոլսոյ Հայերուն Դիմումը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».-Հինգշաբթի, Փետրուար 10ին, «Հիւրրիյէթ»ի անգլերէն բաժինին մէջ, Վերճիհան Զիֆլիօղլուի ստորագրութեամբ հրատարակուած է լուր մը, ուր կը հաղորդուի, թէ Թուրքիոյ պետական բարձրագոյն ատեանը մերժած է Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինին կողմէ պատրիարքի ընտրութեան մասին կատարուած դիմումը։

Այս առթիւ թերթը արձագանգ հանդիսացած է դարձեալ Արամ արք. Աթեշեանի խօսքերուն, ըստ որոնց, պատրիարքական ընտրութիւն պիտի չկատարուի այնքան ատեն, որ պատրիարքը ողջ է, միաժամանակ շեշտելով, թէ պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդի իր պաշտօնը առժամեայ պաշտօն է։

Նախաձեռնարկ մարմինի անդամներէն փաստաբան Սեդրակ Տաւութօղլուէն ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, ատեանը մերժած չէ դիմումը, այլ պարզապէս վճռած է, թէ այս հարցը իր լիազօրութեան դաշտէն դուրս է եւ այս հարցով պէտք է զբաղի շրջանային դատարան մը։

http://asbarez.com/arm/91878/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28  

Արխիւ