Թուրքիոյ Ընտրութիւններուն Մասնակցող Հայ Թեկնածուներուն Թիւը 7ի Կը Հասնի

Արեւ Չեպեճի

ՊՈԼԻՍ.-Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ թեկնածուները սկսած են պատրաստուելու նախընտրական պայքարի եւ յայտարարելու իրենց թեկնածութիւնը։ Արդէն յայտնի է, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին եօթ հայ թեկնածուներ, որոնց վեցը պիտի ներկայացնեն քաղաքական կուսակցութիւններ, իսկ մէկը՝ անկախ թեկնածու պիտի ըլլայ։

Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան կողմէ առաջադրուելիք հայազգի թեկնածու Արեւ Չեպեճի յայտնած է, թէ երեսփոխան դառնալու պարագային, պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ ընդհանուր շահերը, սակայն առաջնահերթութիւն պիտի տայ հայ համայնքի խնդիրներուն։

«Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ արդէն նշած էր, թէ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւս կը պատրաստուի հայ թեկնածու առաջադրել՝ փորձելով ցոյց տալ, թէ ուշադրութիւն կը դարձնէ ազգային փոքրամասնութեանց՝ աւելի քուէներ ստանալու նպատակով։ «Պոլսոյ երեք ընտրատարածքներէն մէկուն մէջ, ուր ապրող հայերը մեծ թիւ կը կազմեն, կրնայ մեծամասնական կարգով անկախ երեսփոխանի հայ թեկնածու առաջադրուիլ։ Անունները դեռ յայտնի չեն, եւ ամէն ինչ յստակ դառնալու պարագային այդ մասին պիտի յայտարարուի», ըսած է Ռ. Քոփթաշ։

http://asbarez.com/arm/91654/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28  

Արխիւ