«Թուրքիոյ Մէջ Անցեալի Իշխանութիւնները Վերադառնալու Հաւանականութիւն կայ Եւ Պատմութիւնը Կրնայ Կրկնուիլ». Սթամպուլահայ Գործիչ

Հայաստանի մէջ է Թուրքիոյ գործող Տերսիմի հայերու դաւանանքի եւ փոխօգնութեան միութեան հիմնադիր Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքինը: Այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ան պատմեց տերսիմահայերուն պատմութիւնը, որոնք թրքական եաթաղանէն փրկուելու համար միաւորուած են ալեւիներու հետ ու ապաստանած Տերսիմ կոչուող բարձրադիր վայրին մէջ:

«Տերսիմը երեք կողմերէն շրջապատուած է լեռներով, եւ այդ բարձունքներուն վրայ կառուցուած վանքերուն մէջ պահուած են հայերուն ունեցած հարստութիւնները: Օսմանները փորձած են ներխուժել Տերսիմ ու կոտորել հայերը, բայց ալեւիները երբեք չեն խախտած իրենց խոստումը ու չեն մատնած հայերը»,- ըսաւ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին:

Բանախօսին խօսքերով`ասիկա հարիւրամեայ խնդիր է, ու պէտք է պատմութիւնը լաւ իմանալ` տերսիմահայերուն հասկնալու համար:
Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքինը առաջին անգամն է, որ այցի կու գայ Հայաստան: Անոր այցին նպատակն է՝ իրենց կազմակերպութեան ծրագրերը ծանօթացնելՀայաստանի հայութեան, անոնց նպատակն է Տերսիմի հայերու հայկականութեան եւ ինքնութեան վերականգնումը, մշակութային հարստութեան ու հայոց լեզուին տէր կանգնիլը:

Բանախօսը դժուարացաւ նշել, թէ քանի հայ կայ Տերսիմի մէջ, սակայն նշեց, որ գիւղերուն 75 տոկոսը հայաբնակ են:

«Երբ կը խօսինք մարդոց հետ, կը խոստովանին, որ հայ են, սակայն կը վախնան ինծի պէս դատարան դիմել, վերականգնել ազգութիւնն ու կրօնափոխ ըլլալը»,- ըսաւ բանախօսը:

Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքինը այս հանգամանքը կը բացատրէ վախի զգացումին առկայութեամբ:

«Այսօրուան իշխանութիւններէն վտանգ չկայ, բայց մարդիկ կը վախնան, որ կրնան վերադառնալ անցեալի իշխանութիւնները, ու պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ»,- ըսաւ բանախօսը:

Tert.am

07.02.11

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28  

Արխիւ