Թուրք հաքըրները աշխարհով մէկ լայնածաւալ արշաւ սկսած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի միջազգային ճանաչման գործընթացի դէմ եւ իբրեւ հակազդեցութիւն` կոտրած են աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ գործող 6713 կայք: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական Dogan «Դողան» գործակալութիւնը:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցի` իրենց «1923 թուականի թրքական խումբ» յորջորջող թուրք հաքըրները յարձակումներ կ’իրականացնեն այն բոլոր կայքերուն դէմ, որոնք իրենց էջերու մէջ տեղ կը յատկացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հրապարակումներուն: Կայքերը շարքէն հանելէն ետք թուրք հաքըրները կը տեղադրեն անգլերէն եւ թրքերէն հետեւեալ գրութիւնը. «Մի հաւատաք հայերու սուտերուն, ամենամեծ ցեղասպանութիւնը դուն իրականացուցած ես, Ամերիկա»:
Մենք պիտի շարունակենք մեր գործողութիւնները բոլոր այն երկրներուն դէմ, որոնք կը յանդգնին թշնամական եւ վիրաւորական յայտարարութիւններ ընել Թուրքիոյ հասցէին»,– յայտարարած են «1923թուականի թրքական խումբ»ի ներկայացուցիչները:
Tert.am
01.02.11
Leave a Reply