Թող Քուրանով Երդուին, Որ Կիւլը Հայ Չէ. Թուրք Խորհրդարանական

Թուրքիոյ Ժողովրդա-հանրապետական ընդդիմադիր կուսակցութեան պատգամաւոր Ջանան Արըթմանը կը շարունակէ պնդել, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը հայկական ծագում ունի:

Թրքական Hurriyet պարբերականի տեղեկացմամբ` կին խորհրդարանականը, մեկնաբանելով Անգարայի դատարանի` իր դէմ կայացուցած վճիռը, յայտարարած է, որ անիկա «անհիմն որոշում է»:

«Մեզ հնարաւորութիւն չտուին ապացուցել այդ փաստը (Ապտուլլահ Կիւլի` հայկական արմատներ ունենալու մասին,- Tert.am): Մերժեցին լսել վկաները եւ մարդահամարի մէջ առկայ գրառումները ուսումնասիրելու միջնորդութիւնները: Ցաւալի է, որ Թուրքիոյ մէջ այլեւս օրէնքը չի գործեր, իսկ դատաւորներն ալ կը վախնան»,- յայտարարած է Ջանան Արըթմանը ընդգծելով, որ վախի ազդեցութեան ներքոյ դատարանը որոշում կայացուցած է ի օգուտ իշխանութիւններուն:

«Հանրապետութեան նախագահի մօրեղբայրը հաւատացեալ մարդ է: Բայց ցաւալի է, որ ճշմարտութիւնը չէ ըսած: Եթէ ան աստուածավախ իսլամ է, թող Քուրանով երդուի, որ իմ ըսածները ճիշտ չեն: Խօսիլ ինչ-որ մէկուն էթնիկ պատկանելութեան մասին եւ ըսել, որ ան հայ է կամ քիւրտ, վիրաւորանք չէ»,- յայտարարած է ընդդիմադիր կին պատգամաւորը:

Նախորդ օրը Անգարայի դատարանը Ջանան Արըթմանին հերթական անգամ դատապարտած էր «թուրքիոյ նախագահի անձի դէմ ոտնձգութիւն կատարելու համար»: Դատարանի կայացուցած վճիռին համաձայն` Արըթմանը 2 հազար լիրա (մօտ 1300 ԱՄՆ տոլար) փոխյատուցում պէտք է վճարէ Կիւլի մօրեղբօրը` Ահմետ Սաթաօղլուին:

Հարցը այն է, որ Արըթմանը Թուրքիոյ նախագահի ծագման մասին իր ըրած յայտարարութեան մէջ նշած էր, որ Կիւլի մօր հայ ըլլալու մասին ըսած է նոյն Կիւլի մօրեղբայրը` Ահմետ Սաթաօղլուն: Այդ յայտարարութենէն ետք Սաթաօղլուի փաստաբանը Արըթմանի դէմ բողոք ներկայացուցած էր:

Յիշեցնենք, որ 2008 թուականին Թուրքիոյ մէջ մեկնարկած «հայերէն ներողութիւն կը խնդրեմ» արշաւի առնչութեամբ թրքական խորհրդարանէն ներս կազմակերպուած քննարկումներու ժամանակ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Ջանան Արըթմանը, քննադատելով Ապտուլլահ Կիւլի այդ նախաձեռնութեան առնչութեամբ ունեցած տեսակէտը, կասկածի տակ առած էր անոր էթնիկական ծագումը նշելով, որ Կիւլի մայրը հայ է:

Թուրք պատգամաւորի այդ խօսքերէն ետք Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած էր, որ իր ընտանիքը իսլամ է եւ թուրք: Իսկ կարճ ժամանակ անց Կիւլի ընտանիքը Ջանան Արըթմանի դէմ բողոք ներկայացուցած է դատարան: Դատարանը «թուրքիոյ նախագահի էթնիկ ծագման մասին անհիմն յայտարարութիւններ ընելու» մեղադրանքով մէկ թրքական լիրայով տուգանած էր ընդդիմադիր պատգամաւորը:

Ջանան Արըթմանի յայտարարութեան անդրադարձած էր նաեւ ֆրանսական Le Monde հեղինակաւոր թերթը` նշելով, որ մինչեւ օրս Թուրքիոյ մէջ «հայ» բառը շատ յաճախ կ’օգտագործուի իբրեւ վիրաւորանք: «… Քեմալական պատգամաւոր մը Թուրքիոյ նախագահը կը մեղադրէ հայկական արմատներ ունենալու մէջ: Թուրքիոյ մէջ «հայ» բառը դեռ մարզադաշտերու, դպրոցի բակերու, դասամիջոցներու ժամանակ, խորհրդարանի միջանցքներու մէջ շատ յաճախ կ’օգտագործուի իբրեւ վիրաւորանք»,- գրած էր թերթը:
 

 Tert.am

30.01.11

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2011
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ