«Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպաննութեան բացայայտման համար՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ըրած է այն ամէնը, որ իրենցմէ կը պահանջուէր: Այս մասին, թրքական Bugün (Պուկիւն) պարբերականի յօդուածագիր Ատէմ Եաւուզ Արսլանի հետ հարցազրոյցին ժամանակ, յայտարարած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողանը՝ ընդգծելով, որ յարձակում իրականացնողը ձերբակալուած է, բայց մինչեւ հիմա պարզ չէ, թէ ով ուղղորդած է անոր:
Ի պատասխան Արսլանի այն դիտարկման, թէ կառավարութեան հասցէին քննադատութիւններ կը հնչեն Տինքի սպաննութեան գործի լիարժէք բացայայտման հարցով անհրաժեշտ ջանքեր չգործադրելուն համար՝ Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարած է.
«Մենք 36 ժամուան ընթացքին ձերբակալեցինք յարձակումը իրականացնողը եւ անոր շուրջ համախմբուածները յանձնեցիքն արդարադատութեան: Չորս տարի է, որ դատական նիստերը կը շարունակուին: Վերջերս ալ որոշում կայացաւ, որ յարձակում իրականացնողը պէտք է դատուի իբրեւ անչափահասի: Ինչ որ կը պահանջուէր մեզմէ, ըրած ենք: Հիմա ալ կարգը դատական համակարգինն է»:
Նշենք, որ Ատէմ Եաւուզ Արսլանը անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած «Հայ մը կայ. Հրանդ Տինքի սպաննութեան գաղտնազերծումը» վերնագրով գրքին հեղինակն է: Գիրքին մէջ կարեւոր մանրամասնութիւններ կը ներկայացուին Տինքի սպաննութեան վերաբերեալ:
Ի դէպ, Թուրքիոյ վարչապետի հետ հարցազրոյցին ընթացքին, որ տեղի ունեցած է օդանաւի մէջ` Ուգրանիա մեկնելու ժամանակ, Ատէմ Եաւուզ Արսլան Էրտողանին նուիրած է Տինքի սպաննութեան մասին իր հեղինակած գիրքը:
26.01.11
Tert.am
Leave a Reply