Աշխարհահռչակ հայազգի շանսոնիէ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շառլ Ազնաւուր կոչ ուղղած է Իսրայէլին` պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Գօլ Իսրայէլ» ձայնասփիւռի փոխանցմամբ` Շառլ Ազնաւուրը, երէկ ելոյթ ունենալով Փարիզի մէջ կայացած Երուսաղէմի համալսարանի միջազգային մրցանակաբաշխութեան արարողութեան, յայտարարած է, որ միայն վերջին տարիներուն ի յայտ եկած է Թուրքիոյ «քարանձաւային հակասեմականութիւնը», եւ որ Թուրքիան մերձաւորարեւելեան բոլոր խնդիրներուն մէջ ունի հակաիսրայէլական բացայայտ դիրքորոշում:
Tert.am
24.01.11
Leave a Reply