Բռնաբարում

Արիս Նալճը

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց լուր մը, թէ «Հայ հարսը վեց ամիս յետոյ այո’ ըսաւ»: «Էստի’ համեցէք»: Ահա’ ձեզի թրքական պատմութիւն մը: Գերմանացի հարս, ֆրանսացի հարս կը լսէինք, վերջապէս հայ հարսներն ալ սկսան լրատու գործակալութեանց մէջ նիւթ դառնալ: Պատճառը յստակ է: Ամիս մը առաջ Սոնայի եւ Զէքէրիայի սպանութենէն ետք, թուրքերուն նման պատահարներու անծայրածիր հանդուրժողականութեան ապացոյց մը ըլլալով պիտի ներկայացուի այս նիւթը:

Հեռուստակայաններ կը հաղորդեն Հերմինէ Տալմազեանի եւ Մուհամմէտ Ալի Շիմշէքի ամուսնութեան լուրը, եւ կը ներկայացուին հարսանիքէն դրուագներ: Վեց տարի առաջ Մուհամմէտ կորսունցուցած է իր կողակիցը եւ վեց տարիէ ի վեր սիրահարած` Հերմինէին: Օֆի գավառապետը օգնած է իրենց: Հերմինէն Թուրքիա եկած է իր քրոջ այցելելու համար` եւ առաջին հանդիպումին ալ սիրահարած է Մուհամմէտին: Անշուշտ գործակալութիւններն չեն հարցաքններ թէ մարդուն կինը ի՞նչ պայմաններու տակ մեռած է, եւ ան այդ նոյն տարին ինչպէ՞ս սիրահարած է Հերմինէին:

Ես դեռ կը սպասեմ, անհամբեր կը սպասեմ: Ե՞րբ: Արդեօք ե՞րբ պիտի ըսէ Հերմինէին մահմետական կրօնքը ընդունիլը, Գուրան կարդալ սորվիլը, թրքերէն խօսիլը: Կաղապարներ են ասոնք. Աւանդութիւնը այդպէս է: Եթէ այլազգի աղջկան մը թուրքի հետ ամուսնութիւնը մամուլի մէջ լուր կ’ըլլայ, անպայման մահմետական պէտք է ըլլայ: Առանց անոր լուրը անկատար կը մնայ, նոյնիսկ անիմաստ: Երկար չի տեւեր սպասումս: Հաղորդավարը կ’աւետէ` ըսելով, թե Հերմինէն իր ազատ կամքով իսլամացած է: Սեւ Ծովեան շրջակայքի յատուկ բարբառով ալ թրքերէն կը խօսի: Հերմինէի մայրն ալ ազդուելով իր աղջկան այս որոշումէն, ինքը եւս մահմետականացեր է: Ահա’ հիմա եղաւ…: Տարիներ առաջ Պաթմանաբնակ հայը` Իսա Տէմիրճին, երբ իր հայրենի գիւղին մէջ մահացաւ, նման ձեւով մը հաղորդած էին լուրը: «Վերջին շունչին` մահմետական եղաւ»:

Հերմինէն ալ հազիւ մահմետական դառնալէ ետք պաշտօնապէս ամուսնացաւ: Այս երկրի հայն ու թուրքը իրարու կը նմանին: Երկուքն ալ այլամերժութեան գագաթները կը շրջին: Այս հողերը Սիամանթոյի եւ Խաչեզարէի նման անմուրազ սիրահարներու արցունքով թրջած է: Կ’արժէ պահ մը խորհիլ, թէ ինչու՞ միշտ հայերն են հարսերը: Ինչու՞ միշտ մեծմայրերն են հայկական ծագում ունեցողները: Արդեօք այդ մեծմայրերը իրենց կամքո՞վ հարս եղան քիւրտ կամ թուրք ընտանիքներու: Իրենց կամքո՞վ որդեգրուեցան քիւրտ ընտանիքներու կողմէ:

Ի՞նչ է… Պատասխանը սրտնեղութիւն կը պատճառէ, չէ՞: Որովհետեւ դուք գիտէք ճշմարտութիւնը, եւ բռնի ամուսնացուած, բռնաբարուած մեծմօր թոռն ըլլալը ցաւ պիտի պատճառէ: Եթէ ես ալ ցաւ պատճառեցի` ներո’ղ եղէք…:

«Ակօս» թիվ 722

21.01.2011

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2011
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ