Հայերը Թուրքիոյ Մէջ՝ 100 Տարի Առաջ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Օսման Քէօքերի համադրած «Հայերը Թուրքիոյ մէջ՝ 100 տարի առաջ» պատմական բացիկներու ցուցադրութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 30ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ (222 East Harvard Street), կ.ե. ժամը 4էն սկսեալ:
Բացիկները կ՛առնչուին 1900-1910 ժամանակահատուածին:
Ծրագիրը կը վայելէ գրադարանին հովանաւորութիւնը, եւ կազմակերպուած է Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան (NAASR), «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին, Պոլսահայ միութեան եւ «Project Save»ի համագործակցութեամբ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ Egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով:

http://asbarez.com/arm/90525/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2011
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ