Տինքի Ընտանիքը Եւրոպական Ատեանին Որոշումը Գործադրելու Կոչ Կ՛ընէ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».-Չորեքշաբթի, Յունուար 19ը, Հրանդ Տինքի սպանութեան չորրորդ տարելիցն է, եւ այս տարելիցը առիթ եղած է, որ Հրանդ Տինքի կողակիցը՝ Ռաքէլ Տինք, անոր զաւակները, ինչպէս նաեւ Հրանդին եղբայրը՝ Խոսրով Տինքը, փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինի ձեռամբ պարսաւագիր մը յղեն Պոլսոյ աւագ դատախազութեան ու ամբաստանութիւններ ընեն 28 յայտնի պետական գործիչներու հասցէին, որոնք անգամ մը եւս կը մեղադրուին Հրանդին սպանութեան արգելք  չըլլալու յանցանքով։

Այս 28 անձերուն մէջ կը գտնուին Տինքի սպանութեան օրօք Պոլսոյ կուսակալ Մուամմեր Կիւլեր, այդ շրջանի փոխկուսակալ Էրկուն Կիւնկէօր, այդ շրջանի Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէն, իսկ այժմ Օսմանիյէի կուսակալ Ճելալետտին Ճերրահ, Տրապիզոնի ապահովութեան նախկին տնօրէն Ռամազան Աքեիւրէք եւ նման անձեր, որոնց անունները միշտ յիշուած են Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցին կապակցութեամբ, սակայն որոնց դէմ հիմնական քննութիւն չէ կատարուած։

Տինքի ընտանիքը աւագ դատախազութենէն պահանջեց, որ գործադրուի Եւրոպական մարդկային իրաւունքներու ատեանին՝ (ԵՄԻԱ) այս ուղղութեամբ ընդունած որոշումը, ու խորացուի յիշեալ անձերուն մասին հետաքննութիւնը, քանի որ անոնք, նախապէս գիտնալով հանդերձ, թէ Տինք պիտի սպաննուի, արգելք չեն եղած այդ սպանութեան։

Տինքի ընտանիքը կը պնդէ, թէ յիշեալ անձերը, որոշ փաստաթուղթեր թաքցնելով կամ զանց առնելով անոնց փոխանցումը պատկան իշխանութիւններու՝ կերպով մը օգնած եղան Հրանդ Տինքը սպաննող ահաբեկչական կազմակերպութեան։

Ռաքէլ Տինք ու ընտանիքի միւս անդամները իրենց այս ծանր պարսաւագիրին մէջ դիտել կու տան, որ ԵՄԻԱ Տինքի սպանութեան խնդիրին մէջ դատապարտած է Թուրքիան եւ ուզած է, որ ճշդուի, թէ յիշեալ անձերը որքա՛ն պատասխանատուութիւն ունին Հրանդի սպանութեան մէջ։ Դիտել տրուեցաւ նաեւ, որ Պոլսոյ աւագ դատախազութեան կողմէ բացուած դատին ընթացքին, յիշեալ ամբաստանեալները մեղադրուած էին նաեւ ահաբեկչական մարմին մը կազմած ըլլալու մեղադրանքով։

Տինքի ընտանիքը կը պահանջէ, որ դատախազութիւնը ճշդէ, թէ արդեօք այս 28 պաշտօնեաները կապ մը ունէի՞ն Տինքի սպանութեան հարցով ամբաստանուածներուն հետ։

Յայտնենք, թէ «Պուկիւն» թերթի Անգարայի աշխատակից Ատեմ Եավուզ Ասլան գրած է նոր գիրք մը, որ նուիրուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան կարգ մը խորհրդաւոր կէտերու լուսաբանութեան։ Հոն տեղ գտած են շատ կարեւոր պնդումներ, որոնց գլխաւորը կը վերաբերի ոստիկան զօրաց ենթասպայ Սաթըլմըշ Շահինի, որուն համար կ՛ըսուի, թէ զարմանալի զուգադիպութեամբ, ան սպանութեան օրը նմանապէս Պոլիս եկած էր ու կը մնար ոճրագործ Օկիւն Սամասթի մնացած տեղէն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Տրապիզոնցի այս ենթասպան շատ մօտիկ յարաբերութիւններ ունեցած է բոլոր այն անուններուն հետ, որոնք միջամուխ եղած են Տինքի դէմ գործուած սպանութեան թղթածրարին։ Գիրքը լեցուն է այլ մանրամասնութիւններով։ Հեղինակը կը պնդէ, թէ ապահովութեան տնօրէններ ալ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են ու ջանացած թաքցնել շարք մը փաստեր։

http://asbarez.com/arm/90472/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2011
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ