Ոչ Ոք Հրանդ Տինք Է

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

«Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեանի կողմէ Հրանդ Տինքի մահուան չորրորդ տարելիցին առթիւ գրուած անգլերէն գրութեան խորագիրը կ՛արտայայտէ դառնութիւն ու յուսախաբութիւն՝ անցեալ չորս տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած կամ, աւելի ճիշդը, տեղի չունեցած զարգացումներուն ուղղութեամբ, Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման շարժումին կապակցութեամբ:

Կարելի չէ չմիանալ Մուրատեանի ընդվզումին, երբ ահա չորս տարի անց Տինքի անարգ սպանութենէն, տակաւին ոչ միայն ոճրագործը դատուած չէ, այլեւ հաւանական է, որ ան շուտով ազատ արձակուի:

Մուրատեանի հետ նաեւ մենք ալ խիստ անբաւարար կը գտնենք որոշ թիւով թուրք մտաւորականներու ցուցաբերած խիզախութիւնը. անոնցմէ շատերուն կողմէ Տինքի անուան տեղի ու անտեղի շահարկումը դատապարտելի կը գտնենք ու կ՛ակնկալենք, որ Տինքը ներկայացուի իր իսկական էութեամբ, իր հերոսականութեամբ, բայց նաեւ իր սահմանափակումներով:

Չենք ուզեր, անշուշտ, Մուրատեանի այս գրութեան մէջ տեսնել Տինքի գործունէութեան թերագնահատումը կամ անոր նահատակութեան յաջորդող իրադարձութեանց նշանակութիւնը՝ յատկապէս թուրք մտաւորականներու խումբի մը կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման նպաստող մթնոլորտ ստեղծելու ուղղութեամբ:

Անհանդուրժողութեան ահաւոր մթնոլորտի մէջ այս մարդոց ձեռնարկած գործերը, որքան ալ մեր դիտանկիւնէն թերի ու անբաւարար նկատուին, պէտք է գնահատուին իբրեւ յուսադրիչ սկիզբ, իբրեւ աւելի հիմնաւոր զարգացումներու նախաքայլեր:

Այո, ո՛չ ոք Հրանդ Տինք դարձաւ, ու հարիւր հազարաւոր թուրքերու «Բոլորս ալ Հրանդ Տինք ենք» լօզունգը միս ու մարմին չստացաւ: Այսուհանդերձ, չորս տարին քիչ կը թուի Տինքի կեանքով ու նահատակութեամբ սկսածը ամբողջականօրէն պատկերացնելու համար:

http://asbarez.com/arm/90474/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2011
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ