Երէկ Սթամպուլի հայկական գերեզմանատան մէջ մեծ բազմութիւնը ոգեկոչած է 2007 Յունուար 19ին սպաննուած «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի յիշատակը։
Թրքական Cihan գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Տինքի Յիշատակը ոգեկոչելու համար՝ Զէյթինպուրնուի Պալըքլը հայկական գերեզմանատուն գացած էին խմբագրապետի այրին, զաւակները, եղբայրները, ինչպէս նաեւ՝ մեծ թիւով ընկերներ։
Յիշեցնենք, որ Յունուար 19ին կը լրանայ Տինքի սպաննութեան 4րդ տարելիցը։
17.01.11
Tert.am
Leave a Reply