Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողան դատի տուած է թրքական Taraf օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ահմետ Ալթան։ Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական Zaman պարբերականը։
Թրքական պարբերականի տեղեկացմամբ՝ Էրտողանի փաստաբաններ Ֆաթիհ Շահին եւ Մուամմեր Ճեմալօղլուն ընդդէմ Ահմետ Ալթանի դիմում ներկայացուցած են դատախազութիւն եւ պահանջած 50 հազար թրքական լիրայի (մօտ 33 հազար ԱՄՆ տոլար) փոխհատուցում։
Ներկայացուած դիմումին մէջ Թուրքիոյ վարչապետի փաստաբանները կը պնդեն, որ Ահմետ Ալթան իր «Էրտողանն ու դատարկ պարծենկոտութիւնը» խորագրով յօդուածին մէջ բացայայտ կերպով «ոտնահարած է Էրտողանի իրաւունքները եւ ծանր վիրաւորանքներ հնչեցուցած Թուրքիոյ վարչապետի հասցէին»։
«Ալթան բացայայտօրէն մեղադրած է Էրտողանը՝ անազնւութեան եւ ժողովուրդի վստահութեան դաւաճանելուն մէջ»,– կը նշուի Էրտողանի ներկայացուցած դիմումին մէջ։
Նշենք, որ օրեր առաջ թրքական Today’s Zamanը տարուան մարդ ճանչցած էր թուրք իրականութեան մէջ մեր ժամանակներուն ամենայայտնի այլախոհ մտաւորականներէն Tarafի գլխաւոր խմբագիր Ահմետ Ալթանը։
Ասիկա Ալթանի դէմ ներկայացուած առաջին հայցը չէ։ Ան իր գործունէութեան ընթացքին հետամուտ ըլլալով անաչառութեան, միշտ յայտնի եղած է թրքական իշխանութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ թրքական բարձրաստիճան զինուորականութեան քննադատող յօդուածներով։ 1995 «Աթաթուրք» խորագրով յօդուածին համար Ալթանը հեռացուցած են աշխատանքէն եւ դատապարտած 1,5 տարուան ազատազրկման։ Սակայն այդ վճիռին իրականացումը դատարանի կողմէն յետաձգուած էր։ Իսկ 2008ի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ յօդուածին համար՝ Ահմետ Ալթանը մեղադրեցին «թրքական ինքնութիւնը վիրաւորելուն» համար եւ սկսան հետապնդել՝ Թուրքիոյ ՔՕ 301րդ չարաբաստիկ յօդուածին համաձայն։
Tert.am
17.01.11
Leave a Reply