ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ս. Ծննդեան տօնի ընդունելութեան ընթացքին, Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան հրապարակաւ յայտնած էր, որ մօտ օրէն ժողովուրդը պիտի լուսաբանուի Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պատրիարք հօր առողջական վիճակին մասին։ Բնականաբար, որքա՛ն ալ տխուր ըլլայ կացութիւնը, պատրիարքարանի ճակատագիրը մօտէն կապուած է պատրիարքի հիւանդութեան զարգացման մանրամասնութիւններուն հետ: Ի վերջոյ, բժիշկներու նախատեսութիւնը շատ մօտէն պիտի կապուէր նաեւ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան հարցին, որ այժմ անակնկալ կերպով կախակայուեցաւ՝ պատրիարքին տակաւին ի կեանս ըլլալուն հետեւանքով։
Ուրբաթ, Յունուար 14ին, պատրիարքարանը հրապարակեց խոստացուած լուսաբանութիւնը ու անոր կցեալ երկու տեղեկագիրներ, մէկը՝ պատրիարքը խնամող գլխաւոր բժիշկին կողմէ, միւսը՝ կացութեան վրայ հսկող բժիշկներուն կողմէ։
Ըստ այս տեղեկութեան, հոգեւոր պետին առողջական վիճակը օրէ օր աւելի կը վատթարանայ եւ անոր ուտելու, շարժելու, կուլ տալու եւ խօսելու կարողութիւնները բոլորովին չքացած են:
Իր կարգին, «Նիուզ.ամ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը այս տարի պատրաստութիւններ կը տեսնէ նշելու իր հիմնադրութեան 550 ամեակը: Նախատեսուած է հոգեւոր եւ մշակութային շարք մը ծրագիրներու իրականացումը: Այս նպատակով, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի գլխաւորութեամբ եւ հայ համայնքի գործիչներուն մասնակցութեամբ ստեղծուած է յատուկ յանձնաժողով մը:
14.01.2011
http://asbarez.com/arm/90311/
Leave a Reply