Հիլըրի Քլինթըն Թուրքիոյ Մէջ Պիտի Քննէ Ցեղասպանութեան Հարցը

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յառաջիկայ Փետրուարին Թուրքիա կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին պիտի քննէ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը։
Իր կարգին, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը տեղեկացնէ, որ Քլինթըն Անգարայի մէջ պիտի քննէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց կարգաւորման գործընթացը։ Այցելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ։
Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացին եւ կիպրական հիմնախնդիրին առնչուող հարցեր։
Նշենք, որ Քլինթըն վերջին անգամ Թուրքիա այցելած էր 2009ին։

14.01.2011

http://asbarez.com/arm/90315/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2011
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ