Թուրքիոյ մէջ կը ծրագրուէր ոչնչացնել Ակօս շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթը։ Այս մասին կը գրէ թրքական Milliyet օրաթերթի թղթակից Նէտիմ Շէներ իր “Կարմիր Ուրբաթ. ո՞վ կոտրեց Տինքի գրիչը” վերնագրով գիրքին մէջ, որ շուտուվ կը յայտնուի գրախանութներու մէջ։
Ըստ Milliyet-ի՝ գիրքին մէջ Նէտիմ Շէներ կը ներկայացնէ այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք կրնան լոյս սփռել Հրանդ Տինքի սպաննութեան որոշ մանրամասնութիւններու վրայ։ Իսկ այդպիսի տեղեկութիւններէն մէկը, ըստ թերթին, Օկիւն Սամասթի դէմ ծրագրուած մահափորձին մասին է։
Գիրքին մէջ Նէտիմ Շէներ կը նշէ, որ Սամսունի մէջ ձերբակալուած Օկիւն Սամասթ ոստիկանական տեղամասին մէջ յայտնած է իր դէմ ծրագրուող հնարաւոր մահափորձին մասին, սակայն այդ ամէնը ինչ–ինչ պատճառներով տեղ չէ գտած իրաւապահներուն կազմած արձանագրութիւնուն մէջ։
“Սպաննութենէն յետոյ կ՜ուզէի յանձնուիլ Սթամպուլի մէջ։ Սակայն որոշեցի երթալ Տրապիզոն եւ այնտեղ յանձնուիլ. գոնէ անգամ մը եւս կը տեսնէի ծնողներս։ Բայց ձերբակալուեցայ Սամսունի մէջ։ Լաւ է՝ ձերբակալուեցայ, հակառակ պարագային ինծի պիտի սպաննէին Գիրեսունի մէջ”,– հարցաքննութեան ժամանակ ըսած էր Սամասթ։
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ Սթամպուլի դատարանը, բաւարարելով Օկիւն Սամասթի փաստաբան Լեւէնթ Եըլտըրըմի պահանջը, որոշում կայացուցած էր Սամասթը դատել որպէս անչափահաս: Այս պարագային Սամասթին կը սպասուէր շատ աւելի մեղմ պատիժ: Անոր հանդէպ սահմանուելիք ցանկացած պատժաչափ պիտի նուազեցուի 5 տարիով:
Նշենք, որ 2007 Յունուար 19ին Սթամպուլի մէջ Օկիւն Սամասթ փողոցին մէջ գնդակահարեց “Ակօս” շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքը։ Խմբագրապետին սպաննութեան գործի դատավարութիւնը չորս տարի է, որ ընթացքին մէջ է, եւ առայժմ որեւէ շօշափելի արդիւնք չէ արձանագրուած։
Tert.am
13.01.11
Leave a Reply