ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ 550-ԱՄԵԱԿԻ

2011 թուականը կը զուգադիպի Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հաստատութեան 550-ամեակին։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի գլխաւորութեամբ եւ համայնքային գործիչներու մասնակցութեամբ կազմուած յանձնախումբ մը աշխատանքի լուծուած է, համակարգելու համար ծրագիրներու մշակումը։

 Թէեւ հոգեւոր ուրախութեամբ կը պատրաստուինք նշել սոյն պատմական հանգրուանը, սակայն նկատի ունենալով Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր առողջական վիճակը, Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովի հայրերն եւ Կարգադիր Յանձնախումբը համախորհուրդ որոշած են նշել Պատրիարքական Աթոռի այս հանգրուանը, մնալով յատկապէս հոգեւոր եւ մշակութային ծրագիրներու մշակման ծիրին մէջ։

Մշակելի ծրագիրներու յստակացումէն յետոյ, տեղեակ պիտի պահուի մերազն համայնքը։

 ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

13 Յունուար 2011

http://lraper.org/?Action=DisplayNews&NewsCode=N000003610&Lang=HAY

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2011
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ