«Եունեսքօ»ն Կը Ճանչնայ Հայկական Խաչքարերը Իբրեւ Ոչ-Նիւթական Մշակութային Ժառանգութիւն

ՆԱՅՐՈՊԻ, «ՓանԱրմինիըն».- Նոյեմբեր 15-19ի ընթացքին, Քենիայի մայրաքաղաք Նայրոպիի մէջ կ՛ընթանայ «Եունեսքօ»ի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրի անդամ պետութիւններու միջկառավարական կոմիտէի 5րդ նստաշրջանը:

Օրակարգի վրայ ընդգրկուած է «Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան» ցանկերու համալրման հարցը: Ցանկին մէջ տեղ գտած է Հայաստանի հանրապետութիւնը՝ իր «Symbolism and craftsmanship of Khachkars, Armenian cross-stones» («Խաչքարի խորհուրդը եւ խաչքարագործութիւնը. հայկական խաչքարեր») ոչ-նիւթական մշակութային արժէքի դիմումով, որ կը ներկայացնէ խաչքարի ծագումնաբանութիւնը, զարգացման ժամանակագրութիւնը, յօրինուածքը, պատկերագրութիւնը, ազգային պատկերացումները, ժողովուրդի կեանքին մէջ խաչքարի դերակատարութիւնը, գործառոյթները, դրսեւորման ձեւերը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից խաչքարագործութեան զարգացումները:

Քէնիայի մէջ ընթացող նստաշրջանին, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը, ի թիւս այլ փոփոխութիւններու, պահանջած է հայկական դիմումին անուանումը խմբագրել «Հայկական խաչքարի խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը» տարբերակով: Ատրպէյճանը իր այս քայլով փորձած է վիճարկել խաչքարի ծագումնաբանութիւնը եւ ազդել նշեալ դիմումի ընդունման գործընթացին վրայ:

Միջկառավարական կոմիտէն առաջարկած է հայկական դիմումին քննարկումը տեղափոխել Նոյեմբեր 17ի օրակարգ: Միեւնոյն ժամանակ, «Եունեսքօ»ն առաջարկած է իր ներկայացուցիչին ներկայութեամբ հայկական եւ ատրպեճանական կողմերուն միջեւ բանակցութիւն մը կազմակերպել՝ խնդիրին երկուստէք ընդունելի լուծում մը տալու համար: Երկարատեւ ու լարուած քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք, Միջկառավարական կոմիտէն հաշուի չէ առած ատրպեճանական կողմին պնդումները եւ ընդունած է հայկական կողմին առաջարկած «Armenian cross-stones art. Symbolism and craftsmanship of Khachkars» տարբերակը, եւ հայկական դիմումը ընդունուած է:

http://asbarez.com/arm/86555/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2010
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ