ՊՈԼԻՍ.- Թուրք լրագրող եւ հրատարակիչ մը 11 ամիս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ՝ Թուրքիոյ նախագահը հայկական ծագում ունի ըսողին մէկ ակնարկը իր համացանցային կայքին վրայ զետեղելու արտօնութիւն տուած ըլլալուն համար: «Նախագահ Կիւլը վարկաբեկելու» «յանցանք»ին համար տեղի ունեցած Ճեմ Պույուքճաքիրի դատավարութեան ընթացքին, անոր պաշտպան փաստաբանը նշած էր, որ հրատարակիչը ընթերցողներու ակնարկներուն համար պատասխանատու չէ, եւ պահանջած էր դատական հայցը չեղեալ նկատել։
Նիստէն ետք Պույուքճաքիր յայտնեց. «Ես 11 ամիս բանտարկութեան վճիռ մը ստացայ ակնարկի մը համար, զոր ջնջեցի անմիջապէս, եւ զգուշացումը ստացայ։ Զարմանալի է, որ այս երկիրին մէջ մարդիկ կը շարունակեն պնդել համացանցային մամուլը վերահսկելու հարցը։ Բարկութիւն կը պատճառէ այն երեւոյթը, որ ոճրային ակնարկին հեղինակը կը շարունակէ իր սիւնակները հրապարակել մէկ այլ կայքէջի վրայ եւ ոչ ոք այդ անձին դէմ դատական հայց ներկայացուց։ Մեծ բան չեմ պահանջեր։ Պարզապէս կ՛ուզեմ, որ դատարանին ներկայացուած փաստը հետաքննուի։ Այսօրուան ճարտարագիտութեամբ, դժուար չէ հաստատել, թէ այդ ակնարկը գրող անձը ես չեմ։ Կը յուսամ, որ խորհրդարանի մէջ կամ անկէ դուրս եղող կուսակցութիւնները այս հարցով կրաւորական կեցուածք չեն ունենար»։
Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Քանան Արըթման, որ յայտարարած էր, թէ Կիւլը հայկական արմատներ ունի, հակաճառեց նախագահին գրասենեակին հրապարակած կեցուածքին՝ յայտնելով, որ «Դուք (ճշմարտութիւնը) պիտի տեսնէք, երբ անոր մօր ընտանիքին ցեղագրական արմատները հետաքննէք»։
Ակնարկը զետեղուած էր 2008ի վերջաւորութեան, երբ Թուրքիոյ խորհրդարանը կը քննարկէր թուրք մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ 1915ի դէպքերուն համար հայերէն ներում հայցելու արշաւը:
Ըստ մարդկային իրաւանց գործիչներու, այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ նախագահը հայ կոչուելու «վիրաւորանքին» համար դատարան դիմեց, ցոյց կու տայ, թէ հայերը Թուրքիոյ մէջ որքան արհամարհուած են։
http://asbarez.com/arm/85833/
Leave a Reply