95 տարի ուշացած նամակը… ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԱՐԽԻՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

 ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ



Նօթ.-Սոյն գրութեան անգլերէն ընդարձակուած տարբերակը լոյս տեսած է ԱՄՆի Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան (Society of Armenian Studies) պաշրօնականօրգան JSAS-ի (Journal of The Society of Armenian Studies, տեսնելկցուածսոյնպլոկին) 2009-ի 2-րտ համարին մէջ` ուսումնասիրական նօթագրութիւններով, նկատի ունենալով որ ան ուղղուած է անգլիախօս ու ընդհանրապէս ոչ հայմասնագիտական ընթերցողներու: Գրութեան բովանդակած հետաքրքրական տեղեկութիւնները մեր ընթերցող հասարակութեան ալ ներկայացնելու նպատակով յօդուածագիրը հոս անոր խտացուած մէկ պատճենը հայերէնով կը ներկայացնէ:

* * *

ՕսմանեանարխիւներէնդուրսբերուածներքեւինամակըկըպատկանիՀայկ (իմա՝ Հրաչ) Թիրիաքեանիգրիչին: Ընթերցողինուշադրութեանկըյանձնեմայնիրողութիւնը, որՀայկՀրաչԹիրիաքեանըՀ.Յ.Դաշնակցութեանհաւատւորզինուորներէւնէր, ինչպէսնաեւ «ՊանքՕթոմանի» գրաւմանմասնակիցհիմնականդերակատարներէնմինԱպրիլ 1915-ինանՀ.Յ.Դ.իՊոլսոյ «ՊատասխանատուՄարմնի» անդամէր:

ՕսմանեանլեզուովգրուածումեծադիրչորսէջերէբաղկացածԹիրիաքեանինամակըուղղուածէՕսմանեանԿայսրութեանԽորհրդարանիԷրզրումիհայպատգամաւորվարդգէս «Էֆենտի» Սերենկիւլեանին` նպատակունենալով,որայսվերջինըմիջամտէԻթթիհատիկեդրոնականիշխանութիւններունմօտույատկապէնիրենցբարեկամըեղողներքինգործոցնախարարԹալաաթինմօտ, որպէսզիԹիրիաքեան  դուրսբերուիՔասթամոնունահանգիՉանքըրըյիիրաքսորբանտավայրէն:

Թիրիաքեանինչպէ՞սկարողէրիմանալ,որիրնամակըգրածմիջոցինՍերենկիւլեան, ԳրիգորԶոհրապիընկերակցութեամբաքսորականիկեանքապրելէետք, արդէնիսկԶոպհրապիհետմիասինեղերնամահեղածէր

Կըմնայնաեւաւելցնել, որԹիրիաքեանիրնամակըգրածուզայնփոստինյանձնածէ 1915 թուականիՄայիսի 15-ին:

Նամակը, օրինղրկուածչըլլալով, պահուածէՔասթամոնույիՆահանգայինկարավարութեանարխիւինմէջ: 1917 Ապրիլ 18-ինՆահանգապետարանիպաշտօնեաննամակը  կըյղէՊոլիս, Ներքինգործոցնախարարութեան՝պատճարաբանելով,որանօրինփոստինյանձնուածչէեւթէ «…Հետեւաբար, նամակըձեզկուղարկենք, որպէսզիդուքայդգծովպարտնուպատշաճըկատարէք, յատկապէսինչկըվերաբերիզայնիրհասցէագրուածտիրոջյանձնելուիմաստով:»

Նամակը ինքնին բացատրական ըլլալով՝ ես հոս պիտի կանգ առնեմ ու անոր օսմաներէնէ Հայերէն կատարած  թարգմանութիւնս պիտի յանձնեմ ընթերցողին ուշադրութեան:

Չմոռնանաք, որ նպատակը Օսմանեան արխիւներուն մէջ տակաւին պահուած նման «գոհար»-ներու գոյութիւնն արխիւվագրելը խիստ կարեւոր բանմը նէ, որուն նկատմամբ շատ քիչ աշխատանք թափուած է ցարդ

* * *

Թարգմանիչի Նօթեր

1.ՀայկԹիրիաքեան Նաեւծանօթ` Հրաչ Թիրիաքեան անունով, 1896-ին «Պանք Օթոման»-ի գրաւման մասնակցող խումբի անդամներէն է: 1915-իԱպրիլինան ՀՅԴ «ՊոլսոյՊ ատասխանատու Մարմին»-ին մաս կը կազմեր: Ձերբակալուած՝  24  Ապրիլ, 1915-ին (հինթուահամ արով՝ 11 Ապրիլ, 1915-ին):

2.ՎարդգէսՍերենկիւլեա ՀՅԴի երկարամեայ քաղաքական գործիչ եւ Օսմանեան Խորհրդարանի Էրզրումի անդամ: Թէեւ Թալաաթի մօտիկ բարեկամ նկատուող, սակայն եւ այնպէս 1915-ի նսպաննուեցաւ Գրիգոր Զոհրապի հետ:

3.Ակնունի.- ԽաչատուրՄալումեան, ՀՅԴ «ՊոլսոյՊատասխանատուՄարմին»-իներկայացուցիչ: Դարձեալսպաննուած՝ 1915-ին:

4.Թարգմանութեանմէջայլնօթերեւսկան, որոնք փակագիծերու մէջ են եւ բացատրութիւններու պարզաբանումներ կու տան նօթի առարկայ եղող անձին կամ դէպքին մասին:

5.Անվերապահօրէն չենք կրնար հաստատել, թէ նամակի օսմաներէն ձեռագիրը Հայկ (Հրաչ) Թիրիաքեանինն է: Չենք գիտեր անոր օսմաներէնի տիրապետութեանմ ակարդակը: Ուստի հնարաւորութիւն կայ, որնամակը մէկ ուրիշիկողմէ գրուածըլլայ: Սակայն թէ նամակի պարունակութիւնը Թիրիաքեանինն է, այդ կըհաստատվի հոն տեղ գտած կարգ մը տեղեկութիւններէն, որոնց միայն ինք կրնար տեղեակ ըլլալ: Նամակի վերջաւորութեան կայնա եւ Հայկի հայերէն ստորագրութիւնը:

Օսմանեան  Արխիւի Տնօրէնութիւն

(Osmanlı Arşiv Başbakanlık).

Արխիւ թիւ.

DH.EUM.[Dahiliyye Evrak Umumi] 2 Ş b, 7-56

(Ներքին գործոց նախարարութեան հասարակական թղթեր)

[Էջ 000]

Պետական Գործիչի կողմէ կցուած օրինական գիրը.

ՔԱՍԹԱՄՈՆՈՒ ՆԱՀԱՆԳ

ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԳԻՐ՝ ԹԻՒ 2876-231

ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄ

– ՉԱՆՔԱՐԷ ԳՏՆՈՒԱԾ ՄԻՋՈՑԻՆ ՀԱՅԿ ԹԻՐԻԱՔԵԱՆԻ ԳՐԱԾ ՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ՆԱՄԱԿԻՆ ԿԸ ՎԵՐԱԲԵՐԻ

ՆերքինԳործոցՆախարարիՎսեմութեան.

ՉանքարէհեռացուածհայերէնՀայկԹիրիաքեանիսոյննամակը, որուղղուածԷՏարՍաատաթ (Պոլիս, Կ.Մ.) բնակողԷրզրումիխորհրդարանիանդամՎարդգէսԷֆէնտիին (մինչայդՎարդգէսարդէնմօտերկուտարիառաջսպաննուածէրԳրիգորԶոհրապիհետ, աքսորիճամբունվրայ), որոշժամանկիհամարեւշուարուածութեանպատճարովփոստինյանձնաուածչէուայդպիսովՄութասարիֆութեանմօտմնացածէՀետեւաբար, նամակըձեզկուղարկենք, որպէսզիդուքայդգծովպարտնուպատշաճըկատարէք, յատկապէսինչկըվերաբերիզայնիրհասցէագրուածտիրոջյանձնելուիմաստով:

18 Ապրիլ 1917 (նորթուականով՝ 1 Մայիս 1917) 

Նամակընահանգայինկառավարութեանյանձնուածէ՝

19 Մայիս, 1915-ին ( նորթուականով՝ 1 Յունիս, 1915-ին)

ՔասթամոնուՆահանգիԿառավարիչիպաշտօնականկնիք

[Էջ 1-4, բնագրիմէջ՝ 2/1]

16 Մայիս, 1915 (նորթուականով՝ 29 Մայիս, 1915) 

 

Սիրելի’Վարդգէս,

Ըլլալիքը եղաւ: Մինչեւ հիմա իսկ մեր չըսպասած իրավիճակը իրականութիւն դարձաւ: Բոլորս խմբովին աքսորուեցանք: Մեզ վրդովմունքով լեցնող աքսորը կաթիլ մըն է միայն: Նոյնիսկ հինէն ի վեր նման կացութիւններու վարժուած մեզ նման մարդոց համար այս աքսորը բաւականին դժուար եղաւ: Վրդովմունքով լեցուած ըլլալուս պատճառե սա է. մերգծովամենամեծանարդարութիւնըգործադրուեցաւ (Ընդգծումը՝ Կ.Մ.):

Մեզ աքսորեցին:

Այնպէս կը թուի, որ անոնցմէ քիչերը միայն մեզ կասկածելի անձեր կը նկատեն: Նոյնիսկ մեր նկատմամբ այս անտեսումի պատճարը տակաւի’ն չիմանալով հանդերձ՝ օսմանեան կառավարութիւնը մեզ իբրեւ կասկածելիներ ձերբակալեց եւ Ստամպուլէն հեռու՝ աքսորավայրեր փոխադրեց:

Ըսել կ’ուզեմ, որ իմ Ստամպուլ (Պոլիս, Կ.Մ.) գտնուիլս տակաւի’ն արգիլուած կը տեսնուի: Մեր մէջ, խումբին (իմա՝ ՀՅԴ-ին, Կ.Մ.) պատկանողներէն զատ, շատ մը անգոյն, անկողմ, ամէն տեսակի մարդիկ կը գտնուին ՝բժիշկ, դեղագործ, իրաւաբան, վաճարական, նաւավար, ձկնորս, նոյնիսկ խաներու աշխատաւորներ ու տելլալներ: Բոլորն ալ աքսորուած են: Այս բոլոր տեսակի ամրդոց մեր հետ աքսորուիլը  կը նշանակէ, որ մենք անկարող ենք բոլորին ինքնութիւնը իմանալու: Երիտասարդէն մինչեւ ծեր մարդիկ կան ասոնց մէջ: Նմանօրինակ անուններ ունեցողներ ալ կան: Մեր հետ է նաեւ հռչակաւոր գրագետ Վրթանես Փափազեանը(Կոմսի, Վահան Փափազեանի, որ նաեւ Օսմանեան Խորհրդարանի Վանի անդամն էր, մեծ եղբայրը, Կ.Մ.): Անոր աչքերը կը ցաւին, ու գրեթէ կոյր է: Խեղճ (զավալլը) եւ ծեր մարդը մինչեւ հոս աքսորած են:  Վարդգէս, քեզմէ կը խնդրեմ, որ վսեմ բարձրութեանը(Թալաաթ փաշա, Ներքին գործոց նախարար, Կ.Մ.) իմաց տաս, որ Հայկ Թիրիաքեանը սխալմամբ Այաշ կը գտնուի: Այս թիւրիմացութիւնը սրբագրելու համար հատուկ խնդրագիր ներկայացուցէ’ք: Իմ հարցիս կապակցութեամբ այստեղ հարկաւոր բացատրութիւններն ու յստակացումները կատարելս ոչ մէկ արդիւնք տուաւ:

[Էջ 2-4, բնագրիմէջ՝ 2/A]

Այս բոլոր խեղճերը (զավալլըները) զիս եւ դէպի Թարթուս ուղղուելիք շարք մը հայերուն հոս հաւաքուիլը տակաւի’ն չեմ կրնար հասկնալ:

Այնպէս կը թուի, որ կեդրոնական կարավարութիւնը, մեզ հոս քշելով հանդերձ, նախապէս այդ գծով կարգադրութիւններ չէր կատարած: Բոլորն ալ հոս քշած էր մէկ իմաստով. կասկածելով, որ բոլորն ալ Դաշնակցութեան անդամ էին:

Սիրելի’ Վարդգէս, ես քեզ իմ կացութեանս պատճար կը գրեմ կոր: Չեմ գիտեր՝ ինչո՞ւ: Պարզապէս կ’ուզեմ, որ իմ կացութիւնս եւ զգացական վիճակս գիտցուի ուր եւ որուն կողմէ որ հարկ է: Այս կ’ընեմ՝ քաջ գիտնալով, որ նկարագիրդ չի ձգեր քեզ, որ անտարբեր մնաս: Դուն, որ կեդրոնական կարավարութեան ու մեր կազմակերպութեան (ՀՅԴ-Կ.Մ.) միջեւ միջնորդի դերը կը կատարես, իմաց տուր կարավարութեան, որ մեր կողմէ, նոյնիսկ վայրկեանի մէ համար, ոչ մէկ սխալ քայլ առնուած է: Կառավարութիւնը թող այս գծով հանգիստ ըլլայ. մտահոգուելու կարիք չունի:  Ինչ որ ալ պատահի, միակ կազմակերպութիւն մը (ՀՅԴ–ն-Կ.Մ.) չի կրնար յանցաւոր նկատուիլ: Հետեւաբար՝ անոր անդամներն ալ ձերբակալութեան արժանի չեն կրնար ըլլալ: Կազմակերպութիւն մը, որ քսան եւ հինգ տարիներէ ի վեր այս երկրէն ներս հաւասարութիւն հաստատելու վաւերագրուած պատմութիւն ունի եւ այդ ճամբուն վրայ նահատակներ ալ տուած է: Սահմանադրութեան հռչակումէն եւ անոր հետեւող՝ Ատանայի տխուր դէպքերէն սկսեալ այս կազմակերպութիւնն ու անոր կուսակցական միաւորները ոչ մէկ ատեն նախայարձակ եղած են: Ընդհակառակը՝ անոնք նահատակութիւնն ալ յանձն առած են եւ նոյնիսկ հայերու հանդէպ գործադրուած ամենավատ պատահարներու դիմացն իսկ, իբրեւ կազմակերպութիւն, հաւատարիմ ու անկեղծ գտնուեցաւ նոր կառավարութեան եւ ընդիմացաւ անոր հակարակելու բոլոր կոչերուն: Այս կազմակերպութիւնը, որ օրին ցոյց տուած է, որ կրնայ զինեալ պայքար ծաւալել, սահմանադրութեան հռչակումէն ի վեր անոր հիմնական պաշտպանը եղած է եւ իր մարտական կառոյցն ալ ամբողջութեամբ կազմալոյծ ըրած է: Հիմա այս կազմակերպութիւնը հանկարծ կասկածելի՞ կը նկատուի:

Ինչո՞ւ այսպէս կ’ընեն, սիրելի’ Վարդգէս: Ինչո՞ւ այս կազմակերպութիւնը իբրեւ թէ կառավարութեան դէմ դաւեր լարողի դէրին մէջ կը դնեն: Այս բոլորը մեզմէ ոչ ոքի մտքէն իսկ չէ անցած: Արդէն այս է զիս ամենէն աւելի ջղային դարձնողը: Արդեօք մե՞նք ենք պատասխանատուն Կովկասեան ճակատին վրայ եղածներուն: Մենք երբեւիցէ պատասխանատու չենք այդ դէպքերուն: Որքան որ ալ փորձեն, չեն կրնար ըսել, որ հոն եղածներուն մէջ մենք պատասխանատու ենք: Այդ մէկը հախուռն ու տաք բանախօսութիւններով չեն կրնար փաստուիր: Կուսակցութիւնը շատ պարզ կերպով հաւատարիմ մնաց կարավարութեան: Մենք ոչ մէկ ատեն կապակցութիւն չունեցանք այդ շարժումներուն հետ: Նոյնիսկ երբ կեդրոնական կառավարութիւնը հակառակեցաւ այդ շարժումներուն, մեր կազմակերպութիւնը հաւատարիմ մնաց անոր:  Մենք նոյնիսկ մեր պատգամաւորներով քաղաքական այդ գծին հաւատարիմ մնացինք խորհրդարանէն ներս:     

[Էջ 3-4, բնագրիմէջ՝ 2/A-իշարունակութիւն]

Մենք տակաւին մեր այդ կեցուածքը կրնանք նոյնիսկ նման անկիւններու մէջէն (ուր որ ես այժմ կը գտնուիմ) ալ կրկին յայտարարել: Մենք տակաւի’ն հաւատարմութեամբ կը տանինք իրենց կողմէ մեր հանդէպ ցուցաբերուած նախատական եւ ջղայնացուցիչ կեցուածքը: Կրնանք տակաւի’ն համբերող ըլլալ եւ խիզախութիւն ցուցաբերել եւ միեւնոյն ժամմանակ հիմնովին հերքել մեր դէմ իրենց գեղազերծած զրպարտութիւնները: Չեն կրնար մեր անցեալի դատումով մեր հետ վարուիլ իբրեւ անցեալի յաղափոխական կազմակերպոիւթիւն եւ այդ իմաստով մոռնալ այն բոլորը, զոր մեր եւ իրենց միջեւ պատահեցաւ վերջին ժամանակաշրջանին:

Այսօր մեզ պատող խորունկ վիշտ մը եթէ կայ, այդ ալ այն է որ մենք մեր պարտականութիւնը լիուլի կատարելով հանդերձ՝ անոնք ոչ մէկ կարեւորութիւն կ’ընծայեն մեզ:

Կառավարութիւնը պարզապէս կը հերքէ այն բոլորը, որմով մեզմէ շնորհակալ էր անցեալին: Եթէ Դաշնակցութեան հայ հաւաքականութեան տարրական իրաւունքներուն մասին խօսք տալէ ետք, երբ կազմակերպութիւնը այս գծով իրենց (կառավարութեան) դիմած է, այդ կատարած է հայ հաւաքականութեան ու անոր պատիւին պահպանութեան, ինչպէս նաե’ւ անոր զարգացման ապահովման համար: Այս հարցերը երկրի տարրական օրէնքին մէջն իսկ գտնուելուն մասին կարավարպւթիւնը լաւապէս տեղեակ է:  Կը ցաւիմ սակայն, որ կառավարութիւնը այդ տարրական իրաւունքներն իսկ կը զլանայ հայութեան ու մեր կազմակերպութեան: Տակաւի’ն, փոխանակ որ երկիրն ալ այս կացութենէն օգտուելու առիթը կորսնցնելով, այս կառավարութիւնը ամբողջովիին շուռ կու տայ վերջին քսան տարուն ընթացքին այս հարցի կապակցութեամբ կատարուածները: Հակառակ այդ բոլորին՝ ես տակաւի’ն կը հաւատամ հետեւեալին. հայ ժողովուրդին զարգացումը հայութեան Թուրքիոյ սահմաններէն ներս մնալով է, որ կրնայ ապահովուիլ, որովհետեւ Արեւմուտքին ապավինիլը այդ (իմա՝ հայութեան ֆիզիքական) գոյութիւնը միայն վտանգի կ’ենթարկէ: Մենք ամեն տեղ ու ամեն վայրկեան այս կարծիքի արտայայտողները եղանք: Մենք տակաւին սրտովումարմնով հաստատ կը մնանք մեր այս համոզումին վրայ:

Սիրելի’ Վարդգէս, պատերազմի բերումով քու (երկրէն) դուրս ղրկած ցուցմունքներդ, որ երկրի պաշտպանութեան համար մենք ալ իսլամ բնակչութեան նման մեր կարելին ի գործ պիտի դնենք, պէտք է բոլոր հարկաւոր տեղերուն դարձեալ փոխանցես: Մենք արդեն տեղեկացանք, որ իսլամները բոլոր վայրերու մէջ եւ մանաւանդ Իստանպուլի մէջ այնպէս մը կ’արտայայտուին, որ իբր թէ եթէ հայերը օտար պետութեանց կողքին ըլլան, անոնց լաւ դաս մե պիտի տան: Կը խնդրեմ որ այս կէտը նկատի ունենաս եւ բոլորին յստակացնես, որ հայութիւնը նման կեցուածք պիտի չորդեգրէ: Այս մէկը պէտք է նաեւ տպուի մեր եւ միւս թերթերուն մէջ, որպէսզի բոլորն ալ իրականութիւնը իմանան:     

 [Էջ 4-4, բնագրիմէջ՝ 2/2B]

Հոս միջատներուն զոհը չերթալու համար զանոնք մաքրագործելու որոշում առինք: Նման հարցերու մասին խօսիլը յարմար չէ, ազգակից: Ապրած վայրդ մաքուր պահելը մարդկութեան ամենէն տարրական սկզբունքներէն մին է: Սակայն նամակս գրելու պահուն միջատներու խայթուածքներէն այնքան կը վրդովիմ, որ տեղս հանգիստ չեմ կրնար նստիլ ու մատիտս շարժել:

* * *

Մինչ մենք այս մտածումներուն մէջ էինք, Ապրիլի 11-ին (նոր տոմարի հիմամբ՝ Ապրիլի 24-ին) գիշերը մեր բարեկամ Ակնունիին(Խաչատուր Մալումեան-Կ.Մ.) տունն էինք: Քննիչ սպայ մը հարցաքննութեան եկաւ: Դուն ալ հոն էիր: Երեք ժամ տեւող հարցաքննութենէն ետք մեր բարեկամին առին ու իրենց կեդրոն տարին: Անկէ քիչ մը առաջ մեր մէկ այլ ընկերոջ՝ Խաժակին (Գարեգին Խաժակ, Կ.Մ.) ալ առած ու տարած էին: Կէս գիշէրուան մօտ բաժնուեցանք: Դուն քու տունդ գացիր հանգստանալու, իսկ ես ալ ՙԱզատամարտ՚-ի (1909-էն ի վեր Դաշնակցութեան Պոլսոյ օրկան-Կ.Մ.) շէնքը գացի՝ հանգստանալու համար: Ինծի հոնկէ վերցուցին (ձերբակալեցին-Կ.Մ.):   Պատասխանատու Մարմնէն (ՀՅԴ Պոլսոյ Պատասխանատու մարմին-Կ.Մ.) երկու հոգի ձերբակալելէ ետք էր միայն, որ հանգիստ կրցան քնանալ:

Սիրելի’ Վարդգէս,

Դուն զիս լաւ կը ճանչնաս: Գիտես, որ գրել ալ շատ չեմ սիրեր: Հետեւաբար մէջս այնքան լեցուած պէտք է ըլլայ, որ չորս էջ լեցնեմ…

Եղբայրութեամբ՝

Քասթամոնու Վիլայէթի Չէնքէրէ քաղաքիՍաֆայի Խաթէր Շրջանի պատասխանատուն եղող Ահմէտ Էֆէնտիին տանը բնակող Հայկ (Հրաչ) Թիրիաքեան

[Թիրիաքեանիհայերէնուօսմաներէնստորագրութիւններ]

[ՕսմանեանԱրխիւներուՏնօրէնութեանպաշտոնականկնիք]  

* * *

Այսմէկնամակըայլեւսփրկուածկարելիէհամարել: Տեսնենք,թէօսմանեանարխիւներիմյառաջիկայայցելութեանցընթացքինի՞նչնորութիւններպիտիկարենանքպեղել...  

 http://hayktiriakian.blogspot.com/2010/10/95.html

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2010
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ