Տաւութօղլու Վստահ Է, Որ Ուաշինկթըն Ցեղասպանութեան Խաղաքարտը Պիտի Չգործածէ

ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, անդրադառնալով թրքական մամուլին մէջ շրջանառուող այն տեղեկութեանց, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչնայ եթէ Թուրքիան հրաժարի իր տարածքին վրայ տեղակայելէ ամերիկեան հակահրթիռային պաշտպանութեան ցանցի որոշ տարրեր՝ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները հակահրթիռային պաշտպանութեան սարքաւորումներուն տեղակայման հարցին մէջ Թուրքիոյ դէմ Հայոց Ցեղասպանութեան խաղաքարտը պիտի չօգտագործէ։

«Նման բան չկայ։ Մեր դէմ դաշնակից եւ բարեկամ երկիրը երբե՛ք որեւէ նիւթ իբրեւ խաղաքարտ չէ օգտագործած եւ պիտի չօգտագործէ։ Ատիկա կը հակասէ դաշնակից հասկացողութեան», յայտարարած է Տաւութօղլու։

Նշենք, որ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, վկայակոչելով անանուն աղբիւրներ՝ գրած էր, որ Ուաշինկթըն Անգարայի դիւանագիտական խողովակներով ուղերձ յղած է այն մասին, որ եթէ Անգարան մերժէ Թուրքիոյ տարածքին վրայ հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրեր տեղակայելու ամերիկեան առաջարկը, ապա Քոնկրեսը պիտի ընդունի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը։

http://asbarez.com/arm/85528

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2010
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ