ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Շուրջ դարէ մը ի վեր, Աթաթիւրքի ստեղծած Թրքական պետութիւնը կը տառապի ինքնութեան անորոշութիւնէ:
ՙՈ՞վ է թուրքը՚:
Թուրք մտաւորականներ չեն կրցած այս հարցին պատասխանը գտնել, որովհետեւ թրքաբնակ ժողովուրդները տակաւին չեն ընդունած թրքահպատակ տարբեր ազգերու հետ ընկերային միատեղ, համերաշխ եւ միասնականութեան ապրելակերպի միջոցները, որոնք զէնքով թէ՝ բանով ՙհրամցուած՚ են պետութեան կողմէ թրքաբնակ ժողովուրդներուն:
Թրքական ինքնութիւնը կը բաղկանայ քիչ մը ՙթուրք ազգութիւնէ՚, շերտ մըն ալ ՙաշխարհականութենէ՚, ընդհանրապէս սիւննի եւ քիչ մըն ալ տարբեր յարանուանութեամբ իսլամութիւնէ, արեւմտեան կենցաղէ, սակայն արեւելեան տեսքի պահպանումով՝ ՙբարոյական դիմագիծը պահելու համար՚, յեղափոխական տեսլականներով, ռազմական հռետորութիւններով, դիտաւորեալ կերպով ընտրուած ՙպատմութեան՚ ուսուցումով, ցուցամոլութեամբ եւ, վերջապէս, արեւմուտքի դրժողականութեան խորին զգացումներով:
ՙԹրքական Ինքնութիւնը՚ հաւանաբար արտադրանքն է ինքնութեան մը պակասին, որ ստեղծուած է նոյն ինքն՝ թուրք պետութեան կողմէ՝ իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր: Թուրք պետութիւնը հսկայական գումարներ եւ ժամանակ կը վատնէ թրքահպատակ զանազան ժողովուրդներ համոզելու, որ որդեգրեն ՙթրքական ինքնութիւն՚, լոզունգ մը, որ դարձուցած է ազգային պատուախնդրութեան եւ անվտանգութեան հարց՝ կարենալ պահպանելու համար ՙթուրք ազգին՚ միասնականութիւնը: Այդ ուղղութեամբ որեւէ մարտահրաւէր կը նկատուի յարձակում ոչ միայն ՙթրքական ինքնութեան՚, այլ նաեւ ՙազգային միասնականութեան՚ վրայ :
Պետութեան մը համար տրամաբանական երեւոյթ է իր ժողովուրդին միասնականութեան եւ ընկերային կեանքի համերաշխութեան ապահովութիւնը պետական եւ ժողովրդավարական բնականոն կեանքի ընթացքի մը համար: Սակայն Թուրքիա, հակառակ պետական յառաջադրանքներով նախաձեռնուած իր ծրագիրներուն, հրահանգներուն, կատարուած յայտարարութիւններուն, աշխարհականութեան եւ ՙթրքութեան՚ կոչումներուն, որոնք ազգային միասնականութեան ՙինքնութիւն՚ կը համարուին պետութեան կողմէ, տակաւին չէ կարողացած միասնականութեան ոգիով համոզել թուրքիոյ ժողովուրդը: Աթաթիւրքի նշանաւոր յայտարարութիւնը նոյնիսկ՝ ՙՈւրախ է այն անձը, որ ինքզինք թուրք կը կոչէ՚, կը մնայ անզօր՝ ՙթրքութիւնը վիրաւորող՚ պաշտպան օրէնքին եւ Թուրքիոյ անցեալի եւ ներկայի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան իրադարձութիւններու կշիռին անմիջականօրէն ենթակայ ըլլալով:
Այսօր երկու մեծ խոչընդոտներ մարտահրաւէր կը կարդան Թուրքիոյ ինքնութեան: Մին՝ Քիւրտերու ազգային շարժումն է, իսկ միւսը՝ իսլամութիւնը:
1923 թուականէն սկսեալ՝ երկար տարիներ թուրք պետութիւնը զանազան միջոցներ կիրարկած է՝ ներառնելու եւ լուծելու համար քրտական շարժումը թրքական ինքնութեան մէջ: Ան անյաջող կերպով փորձած է գործածել ստեպղինի խաղարկութիւնը, ապա փորձած է ՙծախել՚ Աթաթիւրքի լոզունգը հսկայ պաստառներ տարածելով քրտական շրջաններուն մէջ: Քիւրտերը, սակայն, յամառօրէն կառչած մնացած են իրենց ինքնութեան, մանաւանդ համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք եւ 1930-ական թուականներուն պատահած միջադէպերու արդիւնքներուն պատճառաւ: Բացառութիւն կը կազմեն, սակայն, կարգ մը քիւրտ անձնաւորութիւններ, որոնք ընդունած են գործակցիլ թուրքերուն հետ՝ որպէս ՙպայմանաւորուած քաղաքացիներ՚ այնքան ատեն, որ թրքական պետութիւնը զիրենք գոհ պահած է տնտեսական եւ քաղաքական շահաւէտ պայմաններով:
Թուրքիոյ երկրորդ մարտահրաւէրն է իսլամութիւնը: Անոր գոյութիւնը կը հզօրանայ, երբ թուրք պետութիւնը յառաջ կը մղէ ՙթրքական ինքնութիւն՚ լոզունգը: Թուրքիոյ մէջ, սակայն, Իսլամութեան յառաջխաղացումը դէմ յանդիման կը գտնուի մեծամեծ արգելքներու, որովհետեւ աշխարհական օրէնքները խստիւ կþարգիլեն ամէնօրեայ իսլամական կենցաղավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ՝ կիներու լաչակներու գործածութիւնը վարժարաններու եւ համալսարաններու մէջ, զինուորական եւ գաղտնի սպասարկութեանց յարատեւ հսկողութիւնը իսլամական շարժումներու եւ խմբակներու վրայ, եւ պետութեան տարած ՙհոգեբանական պատերազմ՚-ի աշխատանքները իսլամական եւ քրտական կազմակերպութիւններու վրայ՝ զիրենք նսեմացնելու եւ ամլացնելու նպատակներով: Նոյնիսկ հաւասարակշռուած իսլամներ, որոնք ընդունած են ՙթրքութիւնը՚՝ աշխարհային կեանքին եւ ժողովրդավարութեան հետ միատեղ, տակաւին չունին անկախ եւ ազատ քաղաքացիի զգացում:
ՙԹրքական ինքնութեան՚ հարցը կը յատկանշուի մանաւանդ կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն մօտ, որոնք մինչեւ այսօր չեն նկատուիր երկրին ազատ քաղաքացիները կամ բնակիչները: Անոնք ունին սահմանուած ազատութիւն, կալուածներու իւրացման սահմանափակում, պետական ասպարէզներու, պաշտօններու եւ բանակային սպասարկութեանց արգելքներ: Այդ փոքրամասնութիւնները, ինչպէս՝ հայերը, յոյները եւ այլ քրիստոնեայ ցեղեր, նաեւ իսլամ այլ ցեղեր, որոնք մաս կը կազմեն ՙպայմանաւորուած քաղաքացիներու՚ շարքին, կը կազմեն թուրքիոյ բնակչութեան մէջ մեծ զանգուած մը, որ մինչեւ այսօր կը գտնուի պետական եւ ժողովրդային խտրականութեան առաջ:
ՙԹրքական ինքնութիւն՚-ը պարտադրողական միջոց մըն է՝ կիրարկուած թուրք պետութեան կողմէ՝ ՙմիասնականութեան՚ միակողմանի նպատակին հասնելու համար: Սակայն այնքան ատեն որ շարունակուի այս գաղափարականին պարտադրութիւնը թրքաբնակ ժողովուրդին վրայ, միշտ ալ գոյութիւն պիտի ունենայ պետութիւն / ժողովուրդ մարտահրաւէրը, եւ ազգային ինքնութեան հարցը :
Լոս Անճելըս



Leave a Reply