Սարէն-Ձորէն. Մհերի դուռը

Սարգիս Սերովբեան 

 

«Վանայ բերդէն դէպի յարեւելս նայելով` այգեստանեայց հիւսիսակողմը փոքրիկ լեռնագօտի մը կայ, որոյ արեւելեան գլուխը կ’ըսուի Զըմփ-զըմփ Մաղարա, արեւմտեան ծայրը՝ Ակռփի եւ մէջտեղը՝ Մհերի Դուռը»:

Մեր ուխտաւորի պտոյտներուն անզուգական առաջնորդ Գարեգին Եպսկ. Սրուանձտեանցի «Համով Հոտով» անուն գիրքէն կ’ընդօրինակենք այս տողերը, եւ անոր հետ անգամ մը եւս ոտք կը դնենք Վան քաղաք. «…Այգեստան, եւ կը մտնենք Զըմփ-զըմփ մաղարա անուն ընդարձակ քարայրը, ուր ձայն արձակած ժամանակ զըմփ-զըմփ կ’արձագանգէ: Քարայրի ամենամութ անկիւնը քարէ փորուած դուռ մը կը ցուցնեն, ուրկէ սաստիկ քամի կը փչէ, եւ կը պատմեն, թէ այդ լեռնափոր ուղին կը տանի մինչեւ Վանայ Բերդի մէջը: Իսկ Մհերի Դուռը ամենալերկ քար է, զոր տաշեր եւ կոփեր են մեծ դրան ձեւով եւ վրան «բեւեռագիռ գրած են խիստ յստակ»:

Յիշենք, որ լերկ այդ քարաժայռը, որուն մէկ մասն ալ զինուորական գօտի է, այժմ կը կոչուի Թոփրագքալէ, իսկ Ակռփու քարը` Ագքիրփի, ոմանց կողմէ ալ` Ագքէօփրիւ: Անհնար է չգնահատել սա «մկրտիչ»ներուն անունները նմանցնելու հնարամտութիւնը` Ակռփի-Ագքիրփի-Ագքէօփրիւ, Աղթամար-Ախթամար-Ագտամար…»:

***

Նկատի ունեալով, որ Սրուանձտեանցի այս խօսքերը մեկուկէս դար առաջ գրի առնուած են, եւ այդ օրերուն ուրարտագիտութիւնը այսօրուան մակարդակին չէր հասած, զանց կ’առնենք բեւեռագրերու մասին խօսքերը եւ կը շարունակենք՝ այս առթիւ յիշելով դարձեալ այդ շրջանի պատմաբան եւ պատմութեան ուսուցիչ Գէորգ Մեսրոպը եւ անոր «Նախահայաստանի Պատմութիւն-Ուրարտու» անուն սքանչելի պատմագրութիւնը, զոր պրպտելով կը հիանանք անոր առողջ դատողութեան, որով մինչեւ օրս այդ իբրեւ թէ հինցած գրքին մէջ այժմէականութիւնը կորսնցուցած տողի մը չենք հանդիպիր եւ խօսքը կու տանք Գէորգ Մեսրոպին.

«Ըստ աւանդութեան, Մհերի Դրան վերեւէն սեւ ջուր մը կաթ-կաթ կը ծորի: Կ’ըսեն թէ` Մհերն ու իւր ձին Աստուծոյ հրամանով փակուեր են այնտեղը: Այն սեւ ջուրը Մհերի ձիուն շեռն է: Այդ դռնով ներսը ճախրի ֆալակ կը դառնայ, այսինքն աշխարհի մարդկանց կամ երկրագունդին ճախրը, անիւը, չարխը: Մհերը այդ ճախրի դադարումով պիտի ազատի եւ դուրս ելլելով աշխարհը աւերէ: Եւ թէ` ամէն տարի Համբարձման գիշերը երկինք գետին իրար կը համբուրեն, այդ րոպէին Մհերի Դուռը կբացուի եւ ով որ արթուն մնացեր ու այդ վայրկեանը տեսեր է, ինչ որ սիրտն ուզեր այնպէս եղեր է: Որովհետեւ Մհերի Դուռը բաց է այն րեպէին, ով որ ներս մտնէ, որքան ոսկի ուզէ կ’առնէ դուրս կ’ելլէ, վասնզի հոն աշխարհի ոսկին կուտակուած է: Թէ` քանի մը մարդիկ փորձեր են ու ագահ լինելով շատ վերցնելու համար ուշացեր, դուռը գոցուեր, ներսը մնացեր են»:

Ուրեմն՝ այս կերպով Մհեր կը լինի աշխարհի բախտը դարձնող ու ոսկի բաշխող չաստուած մը: Գուցէ Մհեր Արեւու Աստուած Մեծն Միհրը լինի եւ իւր դուռը ուղղակի հարաւոյ կամ արեւու հանդէպ լինելով` պաշտելու պատշաճ:

***

Ուրարտուի արքաներ Մենուա եւ Իշպուինէ (Ն.Ք.) Թ դարուն փորագրեցին Մհերի Դուռը եւ վրան արձանագրեցին բեւեռագրերով Վանեցիներու կրօնական պատկերացումները: Այդ օրէն վերջ Մհերի Դուռը դարձաւ Ուրարտուի գլխաւոր աստուած Խալդէի պաշտամունքի վայր, մինչեւ Վանի Թագաւորութեան անկումը, որմէ ետք ան նոյնացաւ Միհրի պաշտամունքի հետ: Դուռի չափերն են` մօտ 2 մեթր լայնք եւ 4,5 մեթր բարձրութիւն: Իսկ ժայռի ստորոտէն կարելի է բարձրանալ մինչեւ դրան սեմը, մօտ` 20 մեթր:

***

Վերջաւորութեան պարտիմ դիմել բոլորէն աւելի սիրելի ու նուիրական աղբիւրի մը ու փոխառնել ժողովրդական առասպելներէն, այսինքն՝ գուսան երգիչներէ մեզի հասածներէն:

Դարուս մեծագոյն բանասէր գիտնականներէ Յովսէփ Օրբելի, Մանուկ Աբեղեան, Գէորգ Աբով եւ Արամ Ղանալանեանի կազմած «Սասունցի Դաւիթ» հերոսական դիւցազներգութեան վերջերգը կը վերաբերի Պստիկ Մհերին:

Ինչպէս ծանօթ է բոլորիս, Սասունցի Դաւիթի հայրն էր Մեծ Մհերը, Առիւծաձեւ, քանի որ ան առիւծ մը ձեւած` երկուքի բաժնած էր: Իսկ Դաւիթի որդին ալ կոչուած էր իր պապի անունով` Մհեր, որը զանազանելու համար պապէն կոչած էին Պստիկ` Փոքր Մհեր:

Բայց այս Փոքր Մհերը այնքան հսկայացած էր, որ այլեւս ծերացած աշխարհը չէր կրնար կրել զայն, եւ հողին մէջ կը խրուէր իր ձիուն` Քուռկիկ Ջալալիի սմբակները: «Այն ատեն Մհեր եկաւ հասաւ Վանայ մօտ սարի տակ ժայռի մը առաջ. թուրը որ զարկաւ, քարը երկուքի բաժնուեցաւ, ինք եւ ձին գացին մէջը, քարը եկաւ իրար կպելով գոցուեցաւ:»

 Վերջերգ

Կ’ասեն տարին էրկու անգամ

Էդ քար իրարուց կը բացուի,

Մէկ անգամ՝ Վարդեւորին,

Մէկ անգամ՝ Համբարձման:

 

Որ քար կը բացուի, Մհեր

Քառասուն աւուր ճամբայ մէկ ժամուայ կ’երթայ.

Քառսուն օր վեր քարերին կ’երթայ,

Ինչ հողի վերան ընկնի` ձին կը խանդկի,

Չը կարնայ քէլի, ետ կը դառնայ:

 

Կ’ասեն` մէկ Համբարձման գիշեր

Հովիւ կ’երթայ էդ քարի առաջ,

Մհերի քար իրարուց կը բացուի,

Հովիւ ներս կը մտնի, կը տեսնի`

Հսկայ մարդ մի էդտեղ նստած.

Հովիւ կը հարցու.

-Մհե’ր, դու ե՞րբ տ’էլնիս էդտեղէն:

Մհեր կը դառնայ` կ’ասի

-Ես որ էլնեմ էստեղէն,

Հողն ինձ չի պահի:

Քանի աշխարհքը չար է,

Հողն է ղալբցեր է,

Մէջ աշխարհքին ես չեմ մանյ:

Որ աշխարհք աւերեւի, մէկ էլ շինուի,

Երբոր ցորեն էղաւ քանց մասուր մի,

Ու գարին էղաւ քանց ընկուզ մի,

Էն ժամանակ հրամանք կայ, որ էլնենք էստեղէն:

Հովիւ որ դուրս կ’էլնի,

Քար կը գայ, կը հասնի իրարու:

***

Աւանդավէպի այս մասը կը նոյնանայ Արտաւազդ արքայի համար պատմուածին հետ, որով ան շղթայուած է, ըստ ոմանց, իր չարութեան պատճառով, եւ կապանքը կ’ամպրապնդուի դարբիններու կռանին սալին զարնուելով: Այս պատճառաւ է, որ երկաթով աշխատողները Կիրակի օրերը իրենց աշխատանոցը բանալով մուրճը քանի մը հեղ կը զարնեն սալին: Միւս կողմէ՝ հաւատացողներ ալ կան, որ չար ոգիներ բանտարկած են Արտաւազդ բարի թագաւորը՝ զրկելու համար աշխարհքը անոր բարութենէն:

***

Ինչպէս գիտենք, Արտաւազդ` Արտաշէս թագաւորի որդին, մեր առաջին յիշուած թատրոնի արուեստագէտն է, եւ արուեստով զբաղող մարդիկ չար մարդիկ չեն ըլլար ընդհանրապէս:

Չեմ գիտեր՝ դուք ո՞ր մէկը ձեր սրտին մօտիկ կը զգաք, բայց եթէ ինծի հարցնելու ըլլաք, պիտի ըսեմ, որ այն փակ դրան ետեւը, Արտաւազդ կամ Մհեր, ով որ կայ, օր մը չէ դուրս պիտի գայ իր արգելարանէն, եւ այդ օրէն վերջ բարիները պիտի տիրեն աշխարհին:

 Ակօս, 10.09.2010

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2010
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ