ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ- Ուխտ Մուսա Լերան

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

 

Լեռ իմ հայրենի, եւ ի՜նչ լեռ: Դարձեալ եկած եմ ուխտի. եկած ենք աշխարհի ամէն կողմերէն: Այնճարէն, Պէյրութէն, Աւստրալիայէն, Գանատայէն, Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Քուէյթէն, Հայաստանէն շուրջ 130 ուխտաւորներ: Համախմբուած ենք «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, միասնաբար արշաւելու ԴԷՊԻ ՀԱՅՐԵՆԻ ՏՈՒՆ, դէպի հերոսական լեռը, դէպի Սուէտիա: Եռուզեռ է կեդրոնին մէջ, իրարանցում: Ուխտաւորները ճամբու դնելու եկած են իրենց հարազատները, Այնճարի մարմիններու ներկայացուցիչները, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, գիւղի հոգեւոր պետերը, քաղաքապետը: Հիմա կը յիշեմ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին արձանագրութեան մանրամասնութիւնները.

– «Վեց հոգիի տեղ ապահովեցէք ինծի» (մեթր Ժաք Չուխատարեան):
–  «Երկու հոգիի տեղ մեզի» (Տէր Նարեկ քհնյ. Շիրիքեան):
– «Երեք հոգիի տեղ, հաճիք» (Տէր Խորէն քհնյ. Հապէշեան):
– «Երեք հոգի ենք» (Իբրաճեան եղբայրներ),
– «Մենք երեք հոգի պիտի ըլլանք» (քոյր Թիոպիսթէ Պետրոսեան),
– «Մեր տեղը յուսամ ապահովուած է» (դոկտ. Յակոբ Փանոսեան)։
– «Հայաստանի երիտասարդ մուսալեռցիներու համախմբումը վեց հոգիով պիտի մասնակցի (Գաբրիէլ Փանոսեան)։
– «Զիս չմոռնաք արձանագրելու» (Մուշեղ Գարագաշեան)։
– «Ես ընտանեօք պիտի մասնակցիմ ուխտագնացութեան» (Խաչիկ Սէպէեան)։
– «Ես եւ տղաքս ենք» (Սոնիա Թաշճեան)։ «Տէր եւ տիկին (Գաբրիէլ Իզանեան եւ այսպէս, հեռաձայննե՜ր, հեռաձայննե՜ր:

Ուխտագնացութեան կազմակերպիչ յանձնախումբը գործի լծուած է: Թաղականը (Յակոբ Պ. Հաւաթեան), Հայկազ Զէյթուն (Զէյթլեան), մխթար Վազգոն (Քալոշեան), Հայդուկը, Կարոն (Չափարեան) ոգի ի բռին կը վազեն՝ բոլոր մանրամասնութիւնները նկատի առնելով: Խորքին մէջ ուխտագնացութիւնը սկսած է աւելի քան ամիս մը առաջ՝ երբ ուխտաւորները հոգեպէս սկսած են պատրաստուիլ:

Տիկին Ռիթա Քիւսպէքեանին մօտ արձանագրուողներու թիւը կտրուկ աճ արձանագրեց վերջին շաբթուայ ընթացքին, երբ Այնճարէն եւ Պէյրութէն հեռաձայններու տարափ մը թափեցաւ «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն: Յոբելենական մարմնէն երեք անդամներ մաս կազմեցին ուխտագնացներու կարաւանին՝ վերահսկելով բոլոր մանրամասնութիւնները: Կարաւանին մաս կազմելու եկած էին նաեւ ոչ մուսալեռցիներ, «Բագին»ի փոխ խմբագիր Սեդա Գրիգորեան եւ Պէյրութէն խումբ մը հայորդիներ:

Հիմա աւարտած են նախապատրաստութիւնները: Ուխտագնացութեան յանձնախումբը պատրաստած է իւրաքանչիւր պասի ցանկը (մանիֆեսթը), ուխտաւորներուն համար ապահովուած են անմիջական օգնութեան դեղորայք, ջուր, ճամբու ընթացքին հիւրասիրութեան համար նախատեսուած նիւթեր եւ ուտելիքներ, բարձրախօսներ, եռագոյն գլխարկներ… Սպասողական վիճակի մէջ են նաեւ Մուսա լերան Վագըֆ գիւղի բնակիչները:

Գիւղապետ Պերճ Գարթունեանը ամէն ձեւով կը փորձէ լուծել ուխտաւորներուն կեցութեան հարցերը: Առօրեայ դրութեամբ կապ կը պահուի Վագըֆի պատասխանատուներուն հետ, որոնց հետ կը խօսինք միայն Մուսա լերան բարբառով (հայկական դպրոց չըլլալով, բնակիչները միայն պահած են իրենց մայրենի գաւարաբարբառը…): Ուրիշ է նաեւ մեր ընտանիքին մթնոլորտը: Նարէն աշխատանքի մէջ է պատրաստելու Խտրպէկ գիւղի մասին իր զեկուցումը, իսկ Ցօղիկը թաղուած է Եօղուն Օլուքի զեկուցումին մէջ: Դժբախտաբար միւս գիւղերու մասին պէտք է ես զեկուցէի, որովհետեւ չէինք կրցած առաջնորդ-զեկուցողներ ապահովել:

Հինգշաբթի կէս գիշերին կարաւանը պատրաստ էր շարժելու: Նախ հոգեւորականներու առաջնորդութեամբ տեղի կ՛ունենայ հաւաքական աղօթք, որմէ ետք Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան ողջերթ կը մաղթէ ուխտաւորներուն: Պասերը շարժեցան ժամը 12:00ին, դէպի սահման: Լիբանանեան սահմանը անցանք դիւրութեամբ: Ինչպէս նախատեսած էինք, դժուարութիւն ունեցանք սուրիական սահմանին վրայ: Դոկտ. Յակոբ եւ Անահիտ Փանոսեաններ չկրցան Սուրիա մտնելու արտօնութիւն ստանալ (վիզա) եւ հարկադրաբար ետ Այնճար վերադարձան: Մեր բոլոր միջամտութիւնները արդիւնք չտուին, եւ Սուրիա ծնած Անահիտը չկրցաւ Սուրիա մուտք գործել…

Երկու ժամ ուշացումով, պասերը ճամբայ ելան դէպի Պապ ըլ Հաուայի սահմանակէտը: Բնականաբար ճամբան երկար է եւ յոգնեցուցիչ, սակայն ուխտաւորներու տրամադրութիւնը բարձր է: Ճամբան առիթը կ՛օգտագործեմ եւ կ՛ընթերցեմ մուսալեռցի գերդաստաններու մասին (շուտով լոյս տեսնող Սերոբ Շերպէթճեանի գիրքէն) տեղեկութիւններ? գերդաստանին ծագումը ուրկէ՞ է, ե՞րբ եկած են Մուսա լեռ, ո՞ր գիւղը հաստատուած են… Ոմանք խանդավառութեամբ եւ ծափերով կը դիմաւորեն ընթերցումը, երբ դրական կէտերով լեցուն է իրենց գերդաստանի մասին տրուած տեղեկութիւնները, մինչ ուրիշներ ափ ի բերան կը մնան՝ երբ կ՛ըսուի որ գերդաստանին նախահայրը ոճրագործ մը կամ գող մըն էր… Շատեր տեղեակ կը դառնան որ իրենց նախահայրերը Զէյթունէն են, Այնթապէն, Ուրֆայէն, Տիգրանակերտէն,Վանէն, Սասունէն, Պէյլանէն, Մերսինէն, Անտիոքէն, Պոլիսէն, Զանգեզուրէն, Ղարաբաղէն…

Կէս ճամբան կանգ առած ենք հանգստանալու: Ամէն մարդ անհամբեր է ժամ առաջ Մուսա լեռ հասնելու: Ժամերը սահած են արդէն: Բոլոր նախատեսութիւնները, որ Ուրբաթ կէսօրէ առաջ Մուսա լեռ կը հասնինք, ի դերեւ ելան: Անցանք թրքական սահմանը: Մեր պասին վարորդին օգնականը (Ալի Թօփալ), որ զբօսաշրջիկութեան առաջնորդ է եւ ֆայվ սթար ընկերութեան կողմէ տրամադրուած է, բարի գալուստ մաղթեց մեզի եւ սկսաւ գովաբանել Թուրքիան, անոր բարձրագոյն լեռ Արարատը, Վանայ լիճը…: Ուխատաւորները ընդվզեցան յայտնելով որ Արարատը Սուրբ գրային լեռ է, մարդ անոր անունը չի կրնար փոխել եւ ամէն աշխարհը գիտէ որ այդ լեռը հայկական է… Փորձելով իր զայրոյթը ծածկել «Թօփալ»ը շարունակեց գովաբանել Թուրքիան, ներկայացնել աշխարհագրական տուեալներ, սակայն ուխտաւորները միջամտեցին իրենց ազգային երգերով՝ «Զարթիր լաօ» եւ «Հալէ հալէ»ն լռեցուցին Թօփալը, որ այլեւս անգամ մըն ալ խօսելու չհամարձակեցաւ:

Պետրոս Գարնէշեանի «աննման իմ մասիսին» երգով կարաւանը շարունակեց իր ճամբան… Խանդավառ երգերով ուխտաւորները անցան պատմական Անտիոքի դիմացէն եւ բռնեցին Սուէտիոյ ճանապարհը: Բարեւեցին Եայլա տաղը, որ մեր ժողովուրդին որսի լեռն էր, յատկապէս վայրի խոզի:

Կ՛անցնինք Ամմիգի դաշտը, ամէնէն շատ մօտ ենք մեր հողերուն (մուսալեռցիներու կողմէ կոչուած «միր աշխէօր»՝ մեր աշխարհը): Ցուցատախտակը կ՛աւետէ «Սաման Տաղ, 42,000 բնակչութիւն»: Ի՜նչ ճարպիկ անունի թրքացում, փոխանակ «Ճեպել Սըմաանի» (ուր կը գտնուին Ս. Սիմոն Սիւնակեցիի վանքին աւերակները), «Սամանտաղ», որ յարդի լեռ կը նշանակէ: Նոյն հնչիւնը պահելով, ամբողջովին իմաստը փոխելով (ինչպէս «աղթամար»ին տեղ, աքտամար, որ կը նշանակէ ճերմակ երակ…), թուրքերը կը փորձեն մոռացութեան տալ իսկական անուններն ու իմաստները, մտածելով որ ժողովուրդը կը խաբուի… 42,000 բնակիչ, Սուէտիոյ շրջանին մէջ: Է՜, այդ բնակչութիւնը ամբողջութեամբ հայերէ պիտի բաղկանար եթէ բարեկամ ֆրանսացիները, մեր ժողովուրդի փրկարարները, չզիջէին Սանճաքը Թուրքիոյ:

Պասերը կանգ կ՛առնեն մուսալեռցի Կարպիսին «Ալ Մինա» ճաշարան-պանդոկը, Մուսա լերան ծովափին (Չէւլիկ):  Կ՛ողջագուրուինք, մեր բարբառով ողջոյններ փոխանակելով: Ուխտաւորները անմիջապէս ճաշի կը նստին: 14 ժամ ետք, անոնք կը գտնուին իրենց հայրենի հողին վրայ, թէեւ անքուն են ու յոգնած, բայց աչքերնուն վրայ փայլք կայ, ուրախութիւն: Ոմանք արդէն բոպիկ ծովեզերքն են, Չէւլիկի ժայռի հարեւանութեան: Վագըֆի գիւղապետը հեռաձայնով կ՛ողջունէ մեզ յայտնելով, որ իրիկունը, ի պատիւ ուխտաւորներուն ժողովրդային խրախճանք նախատեսուած է եւ ժողովուրդը անհամբեր կը սպասէ:

Ուխտաւորներու մեծամասնութիւնը կը տեղաւորուին Կարպիսին պանդոկին մէջ (անյայտ աստղանիշով), շունչ մը քաշելու: Վագըֆէն կը հեռաձայնեն, «մի՛ ուշանաք, ձեր սեղանները պատրաստ են, վայրի խոզի միսով պիտի հիւրասիրենք ձեզ»: Մթնցած է արդէն. ուխտաւորները պասերով կը բարձրանան Վագըֆ: Յուզիչ է պատկերը. ամբողջ գիւղացիները խմբուած են օրդ. Վերգինէ Այնթապեանին պարտէզը, որ հրապարակի վերածուած է, ու կը մնայ նախկին երկյարկանի տունը ինչպէս որ լքուած էր 1939-ին… Սեղանները առատ են, իսկ դիմացը՝ Մուսա լեռը (փոխուած է կարծես երգին բառերը): Մեզ կը դիմաւորեն Վագըֆի գիւղապետ Պերճ Գարթունեանը, թաղականութեան ատենապետը, հարազատներ եւ բարեկամներ…:

Անբացատրելի ուրախութիւն մը կայ բոլորին դէմքերուն վրայ: Տօնական է մթնոլորտը: Վագըֆճիները մեզ կը դիմաւորեն տաուլ-զուռնայով, Մուսա լերան շուրջպարով եւ ուռա՜ներով: Կը ջնջուի 70 տարիներու հեռաւորութիւնը եւ կը միանան բոլորը շուրջպարի: Կը թնդայ Մուսա լեռը թմբուկի խլացնող հարուածներուն տակ, իսկ մնացեալը անկրկնելի է, անբացատրելի, աննկարագրելի, յուզիչ է թէ ուրախալի՝ յայտնի չէ: «Աստուծ շինիֆիր թըղ ըննուի հէ- հէ՜յ»:

Ուրախութեան բացականչութիւնները կը թնդացնեն Վագըֆը: Գիւղացիք յատուկ յայտագիր ծրագրած են ներկայացնելու մեզի: Թաղականութեան ատենապետը կ՛ողջունէ Այնճարէն եկած ուխտաւորները եւ կը հրաւիրէ Վագըֆի փոքրիկներու երգչախումբը ելոյթ ունենալու: Փոքրիկները երգեցին: Ամէն մարդ յուզուած է: Անոնք կ՛երգեն հայկական ժողովրդական երգեր, բառերը կարդալով սակայն նոր լեզուով մը՝ թրքատար հայերէն… Ի տես այս փոքրիկներու երգերուն, ուխտաւորները կ՛ուզեն զօրակցութիւն յայտնել իրենց քոյր-եղբայրներուն: Յակոբ Պ. Հաւաթեանը, Խաչիկ Սէպէեանը, Կարօ Իբրաճեանը, մեթր Ժաք Չուխատարեանը, Ժան Կարապետեանը, Սարգիս Փանոսեանը, Տէր Նարեկ քհն. Շիրիքեանը, Սօսի Թաշճեանն ու Սեպուհ Մանճեանը եւ ուրիշներ ինքնաբուխ կերպով նուիրատուութիւններ կը կատարեն Վագըֆի փոքրիկներու երգչախումբը միշտ կենդանի եւ ուրախ տեսնելու հեռանկարով: Եւ աւանդական Մուսա լերան պարեղանակները բոլորը ոտքի կը հանեն շուրջպարի, եւ ի՜նչ պար…

Յոբելենական մարմնին անունով պարտականութիւն ունիմ ողջունելու Վագըֆի մեր ժողովուրդը: «Դուք առանձին չէք,- կ՛ըսեմ,- այլ աշխարհի բոլոր մուսալեռցիները ձեզի թիկունք են, այսօր եկած են ձեր հետ ուրախանալու, հերիսա պատրաստելու եւ պարելու: Ամուր կեցէք ձեր հողին վրայ. ԱՍՏԸԾԸ ՕՉՔԸ ԹԸՂ ԸՆՆՈՒ ՁԵՐ ԻՐՎԱՆ»: Խանդավառ ծափահարութիւններ, ոտքերնին ամրօրէն գետին զարնող պարողներ… Շատ յուզիչ է պահը։

Յանուն Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանին, Յակոբ Այնթապլեան յուշանուէր մը կը յանձնէ Վագըֆի գիւղապետ Պերճ Գարթունեանին՝ անվերջ ծափահարութիւններ… Ուխտաւորները մոռցած են ճամբու յոգնութիւնը. երիտասարդ երգիչները սկսած են երգել «Գետաշէն»ը, «Արդեօք ովքե՞ր են»ը, իսկ Յակոբ Այնթապլեանը կ՛ասմունքէ Վահան Թէքէեանի «Անկախութիւն հայկական»ը… Եւ այսպէս մինչեւ ուշ գիշեր: Քանդակագործ Աշոտ Թազեանը ձեռքերը պարզած է…

Խանդավառութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին, կէս գիշերը անցած է արդէն, սակայն վագըֆճիները չեն ձգեր մեզ որ մեկնինք: Կը պնդեն որ մեզ անպայման պիտի հիւրասիրեն իրենց պտուղներով: Ուխտաւորներուն կողմէ, որպէս մատաղի մասնակցութիւն յայտարարեցինք 1500 տոլար… Տիկին Սիմա Նագուլեանը սրբանկար մը կը նուիրէ Վագըֆի եկեղեցիին: Կէս գիշերը անց ուխտաւորները կը մեկնին քնանալու Մուսա լերան ծովափին: Սարսափելի տաքը չի ձգեր որ անոնք կարենան քնանալ: Ծովուն ալիքներու ձայնը միակ երաժշտութիւնն է որ լսելի է, այնպէս ինչպէս եղած էր անցեալ դարուն, երբ շերամաբոյծները այդ ծովափին վրայ պարտէզներուն մէջ կը քնանային… Մինչ օգտուելով մութէն Պօղոս Ղուկասեանը կը հիւրասիրէ մեզ չէւլէկի ֆստըխով… Յոգնած ուխտաւորները կը սպասեն յաջորդ օրուան, այցելելու համար պատմական գիւղերը: Առաւօտ կանուխ, բոլորին արթնցնելու համար, Մուսա լերան աւանդական եղանակներ կը նուագենք սենեակներուն դիմաց: Դժուար արթնցողները նոյնիսկ ժպտերես են…

Թիւճար պապուկը (Սարգիս Այնթապլեան), որուն ոտքերը «չի բռներ» եթէ մեր պարեղանակները լսէ, նուագախումբին դիմաց ձեռքերը պարզած է եւ կը պարէ «ծունտր հաւան», մինչ պատուհաններէն կը լսուի «ԱՍՏՈՒԾ ՇԻՆԻ?ԻՐ ԹԸՂ ԸՆՆՈ՜Ւ»… Նախաճաշէն ետք, փոքր վաներով, ուխտաւորները կը սկսին իրենց շրջապտոյտը: Թալին Սէպէեանը այս առիթով իր պատրաստած  յատուկ թիշըրթները կը բաժնէ ուխտաւորներուն: Նախ կանգ կ՛առնենք Խտրպէկի մուտքին, «Ֆրանկէն Սաըրդը» կոչուած բարձունքին վրայ: Նարէն ամփոփ գիծերու մէջ կը ներկայացնէ Խտրպէկ գիւղի հիմնումը, պատմական անցեալը, զարգացումը ժամանակի ընթացքին, ազգային հաստատութիւնները, պատմական Սօսին, ՀՅԴի ժամանումը գիւղ, աշակերտութեան իրավիճակը…

Զեկուցումէն ետք, ուխտաւորները կ՛իջնեն գիւղ եւ շուրջպար կը բռնեն պատմական Սօսիի հովանիին տակ: Ոմանք մագլցած են ծառին վրայ, ուրիշներ ջուր կը խմեն Խտրպէկի անմահական աղբիւրէն: Գաբրիէլ Փանոսեանը Հայաստանի երիտասարդ մուսալեռցիներու ներկայացուցիչներուն հետ առաջին անգամ ըլլալով կ՛երգէ Այնճարի 70ամեակի քայլերգը, մինչ մեթր Ժաք Չուխատարեան (խտրպէկցի) կը լուսանկարուի պատմական Սօսիին հետ… Ուխտաւորները ցրուեցան, ոմանք կը փնտռեն իրենց մեծ հայրերուն տուները: Մելքոն Աղա Գոյումճեանին, երեսփոխան Նարեկ Աբրահամեանին տուները յայտնի են, Պոյաճեաններուն սրճարանը այժմ կ՛օգտագործուի, մինչ Գայիմագամեաններու տունը լքուած է: Գաբրիէլ Փանոսեանը գտած է իր հօրենական տունը, մինչ տիկին Մանուշակ Մարգարեանը կը փնտռէ իր քեռիին տունը եւ իր եղբօրորդիէն օգնութիւն կը խնդրէ, որ Այնճար ծնած է…

Կ՛այցելենք մզկիթի վերածուած եկեղեցին եւ ազգային վարժարանը: Քոյր Թէոպիսթէ Պետրոսեանը ուրախ է որ գտած է իր հօրենական տունը, մինչ խումբ մը ուխտաւորներ կը թափառին Խտրպէկի ներքին թաղերուն մէջ, որոնք հարազատ կերպով պահած են իրենց վիճակը 70 տարիներ ետք: Քոյր Լորենցիան բարձրացած է մինչեւ ակին ակունքը եւ ցոյց կու տայ Քալոշեաններուն տունը…

Ուխտաւորները կը շարժին դէպի Եօղուն Օլուք: Գիւղի մուտքին Ցօղիկ Թաշճեան ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ գիւղը՝ հիմնադրութենէն ի վեր, մանրամասնութիւններ փոխանցելով գիւղի համայնքներուն, աղբիւրին, ազգային վարժարանին, շուկային եւ կարեւոր պատմական հանգրուաններուն մասին: Ուխտաւորները նաեւ կ՛այցելեն Եօղուն Օլուքի (հաստ աղբիւր) աղբիւրը, որմէ ետք կ՛անցնին եկեղեցին: Շատ հոգելից է մթնոլորտը: Բոլորը խմբուած են եկեղեցւոյ մէջ (որուն վրայ մզկիթ շինուած է), միասին կ՛աղօթեն: Տէր Նարեկ քհնյ. Շիրիքեան (որ այդ եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած է), հոգոց մը կ՛ըսէ, ցոյց կու տայ մկրտութեան աւազանը եւ ապա  ճառ մը կը խօսի: Բոլորին աչքերը լեցուած են… Զայրոյթը տիրական է, շէն ու լեցուն եկեղեցին այսօր լքուած գոմի կերպարանք ունի։

Այս եկեղեցին ամենահինն է Մուսա լերան գիւղերուն մէջ։ Ուխտաւորները կ՛անցնին Ե?ղուն Օլուքի շուկայէն, որ սանտրագործութեան կեդրոն էր ատենին։ Կը հասնին տէր Աբրահամ Տէր Գալուստեանին տունը, ուր տեղի ունեցած էր 1915ի ծանօթ մուսալեռցի երեւելիներուն ժողովը։ Տան վրայ արձանագրութիւն կայ շինութեան մասին։ Շինուած է 1901ին, ձեռամբ վարպետ Թորոսեանի։ Ուխտաւորները հաւաքական խմբանկար մը կը փորձեն առնել տան դիմաց, մինչ ջորիները Ամաճի ձորէն, դափնիի տերեւներու խուրձեր բեռցած կը խանգարեն։ Փափաքողներ կան, որ Ամաճ անցնինք, սակայն դժբախտաբար ժամանակը կարճ էր։ Ուխտաւորները կրցան տեսնել նաեւ Կարապետ Թաշճեանին խանութը Եողուն Օլուքի հրապարակին վրայ եւ երկրորդական վարժարանի շէնքը, որ նախքան 1939ը սկսած էր կառուցուիլ։ Ժամանակի սղութեան պատճառով, անկարելի եղաւ քարտէսի հիման վրայ տեսնել բոլոր կառոյցները, սակայն բոլորն ալ տեսան Ճապրա աղա Գազանճեանին տունը, իսկ Սերժ Գալուստեանը յաջողեցաւ գտնել իր մեծ հօր տունը (Սարգիս Գալուստեանին, որ եղած էր վերջին շրջանի ՀՅԴի գաղտնի մարմնին հերթապահը)։

Ուխտաւորները Եողուն Օլուքէն կը բարձրանան Հաճի Հապիպլի (Հապլէք), որուն մասին ամփոփ տեղեկութիւններ կու տամ։ Կը տարածուինք մայր պողոտային վրայ եւ կանգ կ՛առնենք պատմական եկեղեցւոյ դիմաց (այժմ մզկիթի վերածուած)։ Ասիկա այն եկեղեցին էր, ուր հնչակեան ֆետայիները ապաստանած էին եւ ապա յանձնուած թրքական իշխանութիւններուն(1895), որմէ ետք լուծուած է Հնչակեան կուսակցութիւնը Մուսա լերան մէջ։

Դժբախտաբար Հաճի Հապիպլիի մէջ շատ բան չկրցանք տեսնել, առաջնորդ չունենալու պատճառով։ Մովսէս Թասլաքեանը կրցած էր գտնել իրենց տունը եւ ուրախ էր։ «Արիւէն բօշ»ը տեսնելէն ետք, բարձրացանք Պիթիաս։ Հոս մեզ դիմաւորելու եկած է Պիթիասի միակ հայ ընտանիքի հայր՝ Յակոբ Չափարը։

Կ᾽ողջագուրուինք Մախուլեաններու սրճարանի հրապարակին վրայ‘ սեւ աղբիւրին մօտ: Ուխտաւորները համախմբուած են Սեւ աղբիւրին դիմաց եւ ախորժակով ձմերուկ կ՛ուտեն՝ Գաբրիէլ Իզանեանի հիւրասիրութեամբ։ Հին սերունդը շատ ճիշդ էր։ Ձմերուկները Սեւ աղբիւրի հոսող ջուրին մէջ ճաթեցան ջուրի պաղութենէն… Կը սկսինք Պիթիասի շրջապտոյտը։ Անցնելով Հաբիկին ճաշարանէն, Օհան Ոսկեբերանի վանքի աւերակներէն կը բարձրանանք Պիթիասի լուսաւորչականներու անաւարտ մնացած հսկայ եկեղեցին (որուն գմբէթի շինութիւնը կէս մնացած էր 1939ին): հոյակերտ կառոյց իր հետաքրքրական խաչաձեւ լուսամուտներով, որոնք արեւածագին լոյսի շողերով խաչը կը գծագրեն, իսկ օրուայ ընթացքին երկնքի կապոյտին վրայ խաչը կը քանդակեն։ Կանաչ է նաեւ պատմական կաղնի ծառը, որուն շուքին կը հանգչին հանգուցեալները։

Դարձեալ աղօթք եկեղեցւոյ մէջ եւ Տէր ողորմեա։ Տիկին Մարի Չափարեանը յուզումով մոմ կը վառէ իր մօր գերեզմանին՝ 70 տարիներ ետք:1939ին մահացած էր եւ թաղուած եկեղեցւոյ կողքին, մոմ վառելու առիթ չէր եղած երբ գաղթական ելած էին…։ Հայտիկ Մարալը իր ծնողքին հետ կը շրջի Պիթիասի մէջ չհաւատալով աչքերուն… Խումբ մը ուխտաւորներ կը շրջին գիւղին մէջ փնտռելով իրենց հօրենական տուները. թաղական Կարօ Սթամպուլեանը որոշած է անպայման գտնել իր մեծ հօր տունը։ Ուխտաւորները կը տեսնեն Դանիէլին եւ Ահարոնին պանդոկները, աւետարանականներու մզկիթի վերածուած եկեղեցին պատմական սօսիով… Ոմանք «շպըլ այն»ը տեսած են արդէն։ Թէեւ տակաւին տեսնելիք շատ տեղեր կան, սակայն ժամանակը յառաջացած է եւ ստիպուած ենք յառաջ երթալու՝ հասնելու համար Պիթիասի պատմական կամուրջը, կառուցուած 1897ին։ Գարաչային (Սեւ գետ) վրայ կառուցուած կամուրջը կանգուն է ինչպէս բացման օրը, երբ Եագուպ աղան եւ Մելքոն աղան լօխումով հիւրասիրած են մուսալեռցիները։ Ուխտաւորները կամուրջին վրայ են, քարերը կը նետեն ջուրը իւրաքանչիւրը մաղթանք մը կատարելով, ոմանք արդէն գետի ջուրին մէջն են։ Հիմա ամէն մարդ համոզում գոյացուցած է, որ 1939ին մուսալեռցիները դրախտէն վտարուելով՝ եկած են Այնճարի դժոխքը…

Հիմա արդէն վերադարձած ենք Կարպիսին ծովեզերեայ ճաշարան-պանդոկը՝ ճաշի։ Փոքր հանգիստէ մը ետք, ուխտաւորները կը բարձրանան Մուսա լերան Քեպուսիէ գիւղը, շրջելու։ Նախ կը տեսնեն մզկիթի վերածուած եկեղեցին, «պաթուզ»ը եւ ջուրի աղբիւրը, որմէ ետք կ՚արշաւեն դէպի «Ս. Սարգիս»ի ուխտատեղին, որ ձորին մէջ, ապառաժի մը վրայ կառուցուած քարայր մըն է։ Ճամբան քարքարոտ եւ վտանգաւոր է, սակայն ուխտաւորներուն հոգը չէ, անոնք որոշած են մութը կոխելէ առաջ հասնիլ Ս. Սարգիսի քարայրը։ Ուխտաւորներուն մէջն է տէր Նարեկ քհնյ. Շիրիքեանը, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին, ձեռքի գաւազանի օգնութեամբ կը հասնի ուխտատեղին բոլորը զարմացնելով։ Տէր հայրը ուխտած էր անպայման Ս. Սարգիսի ուխտատեղին այցելել եւ աղօթել… Մութ է արդէն, երբ «Ս. Սարգիս»ի քարայրէն վերադարձանք։ Ս. Սարգիսի միջամտութեամբ նաեւ փրկուեցաւ տէր հայրը ձորը գլտորուելէ… Բարձրացանք Վագըֆ, ուր Ս. Աստուածածնայ տօնախմբութիւնը սկսած էր արդէն, մինչ հերիսայի կաթսաները լեցուած էին մատաղի պատրաստութեան համար։ Դարձեալ ժողովրդային մեծ տօնախմբութիւն, տաուլ զուռնա, երգիչներ եւ նուագախումբ եւ անվերջանալի շուրջպարեր։ Խճողուած է նաեւ եկեղեցւոյ շրջափակը։ Ոմանք մոմ կը վառեն ու կ՛աղօթեն, ուրիշներ յուշանուէրներ կը գնեն վագֆցիներէն։ Մեղր եւ չուքալիք գնողներ ալ կան։ Վագըֆի կեդրոնական փողոցը խճողուած է։ Ուխտաւորներ եկած են նաեւ Պոլիսէն եւ մեծ խանդավառութեամբ կը մասնակցին տօնախմբութեան։

Շաբաթ, 14 օգոստոսի գիշերն է։ Մինչեւ ուշ գիշեր լսելի են թմբուկի հատու հարուածներուն ձայնը, որ կ՛արձագանգէ Մուսա լերան ձորերուն մէջ։ Զուռնաճի Վանիսին զուռնան անընդմէջ կ՛աննայ, շատ հեռուները տարածելով մուսալեռցիներու ուրախութեան մեղեդիները։ Կիրակի առաւօտ է։ Ս. Աստուածածնայ տօնախմբութիւն Վագըֆի մէջ, ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու։ Եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուին, մատաղը եւ  խաղողը կ՛օրհնուի եւ կը բաշխուի ուխտաւորներուն՝ Մուսա լերան տրնախ հացին հետ։ «Աստուծ գապէլ թըղ ընի», կ՛ըսենք իրարու եւ «ամըն տարա աս ուրիրէն սաղ ու բարու թըղ ըննաք» կ՛աւելցնենք։ Մուսա լերան ուխտը կատարուած է։ Ուխտաւորները կամաց-կամաց կը ցրուին։ Մենք ալ կը պատրաստուինք բռնելու վերադարձի ճամբան։ Սակայն խումբ մը ուխտաւորներ, Յակոբ Չափարի առաջնորդութեամբ, որոշած են անպայման Ամաճ այցելել՝ իսկ ոմանք կ՛ուզեն Հաճի Հապիպլիի մէջ իրենց թաղամասը գտնել, որուն համար Շիշման պապուկը բերած են որպէս առաջնորդ։ Երէցկին Պերճուհի Հապէշեանը առանց Ամաճը տեսնելու որոշած է չմեկնիլ Մուսա լեռէն։ Հարկադրաբար, փոքր խումբով մը կը մեկնինք Ամաճը տեսնելու։ Կիզիչ տաքին կ՛անցնինք Եօղուն Օլուքի ձորէն եւ կը բարձրանանք Ամաճ, տէր Խորէն քհնյ. Հապէշեանի հօրենական տունը տեսնելու. մեզի կ՛ընկերանայ տէր Նարեկ քհնյ. Շիրիքեանը, որ ցոյց կու տայ մեզի ՀՅ Դաշնակցութեան ակումբը (գիւղակի մուտքին), Սաննարենց, Բրըտենց, Հապաշենց տուները նշանաւոր պաթուզը… Կիզիչ արեւը երբեք արգելք չէ, որ Արաքսի Հապէշեանը իրենց պարտէզէն նուռեր քաղէ, եւ Դաշնակցութեան ակումբի բակէն տանձ։ Դափնիի տերեւներ հաւաքած եմ մօրս տանելու։ Տէր Խորէն քհնյ. Հապէշեանը տեսած է իրենց փլատակ տունը… Հաճի Հապիպլի գացողները, Քնար Ֆուճուրեանը, Պետիկ Ֆէսլեանը, Խաչիկ Սէպէեանը չբաւարարուած վերադարձած են, որովհետեւ Շիշման պապուկը չէ կրցած իրենց հարեւաններուն տուները գտնել։

Թէեւ գոհ են, որ Հաճի Հապիպլիի ներքին թաղերը շրջած են, նաեւ տեսած են Պիթիասի Սթամպուլեաններու ջաղացքը։ Կէսօրը շատոնց անցած է արդէն։ Ուխտաւորները դարձեալ պասերուն մէջ խմբուած են, մնաք բարով ըսելով հերոսական լեռին եւ վագըֆցիներուն, անոնք կը բռնեն դէպի Քեսապ տանող սահմանային նոր ճամբան:

Խառն են բոլորին զգացումները։ Հպարտութիւնը, ուրախութիւնը, յուզումը եւ ապագայի մտահոգութիւնը պատած են բոլորին միտքն ու հոգին։ Երկար չի տեւեր, արդէն հասած ենք Քեսապի սահմանային կէտը։ Ճամբան երգը անպակաս է պրն. Մուշեղ Գարագաշեանը Գասիմի տառապանքով լեցուած երգը կ՛երգէ. «Տուղա եատա, չվա գացիր գաթանա, կերուրզ սպիտըկ հացցընուէիր, զմի սիպեցիր քաղցուծ», Այնճարի առաջին տարիներէն մնացած տխուր երգ մը, մինչ Հայկազ Զէյթլեանը կը պատմէ, թէ ինչպէս մուսալեռցի դաշնակցական կտրիճներ դեղերու փորձեր կը կատարէին… «Հալա հալան» կ՛երգեն բոլորը միասին, իւրաքանչիւրը համար մը երգելով. եթէ Վաչէ Քերքեզեանին գրած համարներն ալ երգուէին, երգը կրնար մեզ հասցնել մինչեւ Քեսապ։ Թրքական սահմանին վրայ ուշադրութիւնս կը գրաւէ ծանուցումի ցուցատախտակ մը, որ «Սամանտաղ» վերնագրուած է. հոն տեղ գտած են Խտրպէկի պատմական սօսին, մէթ կալէյսը (սելեւկեան փակուղի), Մաղարնէն (խաչակիրներու շրջանէն քարայրներ), որոնք բոլորն ալ Մուսա լերան աշխարհը կը ներկայացնեն։ Հիմա պասերը անցած են սահմանը (ժամեր ետք), եւ կանգ կ՛առնեն Քեսապի համալիրին դիմաց։ Մեզ դիմաւորելու եկած են Քեսապի պատասխանատուները, որոնք նաեւ իրենց ուսերուն կը վերցնեն (պատիւ իրենց) ուխտաւորներու կեցութիւնը։ Համալիրին մէջ խրախճանք նախատեսուած է գիշերը։ Մինչ ուխտաւորները կը շրջին Քեսապի փողոցներուն մէջ, ուխտագնացութեան յանձնախումբը կը կատարէ գիշերելու դասաւորումները։ 70 տարի ետք, պատմական դրացիները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու, ուրախանալու, մատաղը միասնաբար բաժնեկցելու։ Գիշերուայ խրախճանքը խանդավառ էր, հոս ալ տիրական էր երգն ու պարը, ամէն մարդ ուրախ է եւ կենացները զիրար կը խաչաձեւեն։ Քեսապի պատասխանատու տղոց հետ կը զրուցենք գրեթէ ազգային բոլոր հարցերու մասին։ Հոս ալ մտահոգութիւններ կան, սակայն տղաքը վճռական են, պատրաստ են իրենց բոլոր ճիգերու լարումով կանգուն պահել այս միջնաբերդը։ Անշուշտ միաժամանակ հերիսան պատրաստութեան մէջ է եւ ժողովուրդը խմբուած է հերիսային կողքին եւ թմբուկ-զուռնայով շուրջպար բռնած է։ Հոս ալ կամաւոր տղաք ամբողջ գիշերը կ՛եփեն հերիսան մինչեւ առտու։

Առաւօտուն Ս. պատարագէն ետք, Սուրիոյ բարեջան առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան կ՛օրհնէ մատաղը եւ կ՛արտասանէ հոգելից քարոզ մը, անդրադառնալով հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան, նահատակութեան իմաստին եւ կոչ կ՛ընէ բոլորին ուժերը միացնելու ի խնդիր մեր ժողովուրդի երազներու իրականացման։

Ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսքով հանդէս կու գամ Յոբելենական մարմնի անունով՝ շնորհաւորելով բոլոր քեսապցիները տօնական այս առիթով։ Կը սկսի մատաղի ցրւումը։ Ուխտաւորները դարձեալ համալիրին մէջ միասին իրենց վերջին ճաշը պիտի ուտեն, մատաղ-հերիսային հետ, կենաց պիտի բարձրացնեն յանուն հայ ժողովուրդի գոյատեւման, մաղթանքներ պիտի փոխանակեն եւ իրենց լուման պիտի դնեն մատաղի պատրաստութեան համար (2000 $)։ Պատմական դրացիները միասին քէֆի մէջ են, որ կրնայ ժամեր տեւել, սակայն ուխտաւորները ստիպուած կը բռնեն վերադարձի ճամբան, ծանրաբեռնուած բազմաթիւ յիշատակներով։ Կը փորձեմ յիշել նաեւ կարգ մը երգիծական միջադէպեր, որոնք պիտի մնան հաճելի յիշատակներ բոլորին համար։ Սարգիս Փանոսեանը կորսնցուցած էր իր պայուսակը, մինչեւ այդ մասին յայտարարութիւն կատարենք, Կարէն Եօսուլքանեանը սկսաւ իր լուսանկարչական մեքենայի փնտռտուքին, ուխտաւոր մը սկսաւ փնտռել իր օճառի տոպրակը, եւ ապա մէջտեղ ելաւ, որ Րութ Չափարեանը կորսնցուցած է իր անձնագիրը։ Այս իրարանցումը բարեբախտաբար բարւօք լուծում ունեցաւ եւ ամէն մարդ գտաւ իր կորսնցուցածը, ինքնաբերաբար, ջղային մթնոլորտը վերջ գտաւ։ Նոյն ատեն տիկին Անի Թաշճեանը իր փեսային կը ծանօթացնէ մուսալեռցի Մարի հօրքուրը, որ սակայն այնճարցի տիկին Մարի Չափարեանն է։ Երկուշաբթի գիշեր ժամը 10։00ին, ուխտաւորները կը հասնին Այնճար բացառիկ բարձր տրամադրութեամբ։ Կ՛երգեն տոլար պապուկին (Եսայի Մարգարեան) «Մուսա լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք»ը։ Ուխտագնացութիւնը աւարտած է, շնորհաւոր ըլլայ բոլոր մուսալեռցիներուն։

25 Օգոստոս, 2010 Այնճար

http://asbarez.com/arm/82621/%d5%bf%d5%a1%d6%80%d5%a5%d5%a4%d5%a1%d6%80%d5%b1%d5%b6%d5%a5%d6%80-%d5%b8%d6%82%d5%ad%d5%bf-%d5%b4%d5%b8%d6%82%d5%bd%d5%a1-%d5%ac%d5%a5%d6%80%d5%a1%d5%b6/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2010
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ