Շիֆ Կ՛առաջարկէ «Աղէտ»ը Ցուցադրել Հանրային Կայանէն

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1 թուակիր նամակով մը, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ առաջարկած է Հանրային պատկերասփիւռի սպասարկութեան (PBS) տնօրէն Փաուլա Ֆըրկըրին, որ Միացեալ Նահանգներու տարածքին ցուցադրէ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած գերմանական վաւերագրական շարժապատկերը՝ «Աղէտ. Ցեղասպանութիւն մը»:

Իր նամակին մէջ, քոնկրեսական Շիֆ կը շեշտէ, թէ ինք շարժապատկերի՝ Քոնկրեսի շէնքին մէջ վերջերս տեղի ունեցած ցուցադրութեան ներկայ գտնուած է եւ յոյժ տպաւորիչ գտած է զայն:

«Հանրային պատկերասփիւռի սպասարկութիւնը նման յայտագիրներու համար ստեղծուած էր: Կայանը կրթական եւ հանրային մեծ սպասարկութիւն մը պիտի ընէ այս վաւերագրական շարժապատկերը ցուցադրելով, միաժամանակ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութիւնը ցուցադրելով ամերիկացիներուն: Այս շարժապատկերը պէտք է իւրաքանչիւր ամերիկացի դիտէ», գրած է Շիֆ իր նամակին մէջ:

Հայկական Ցեղասպանութեան ու զայն ուրանալու Թուրքիոյ ջանքերուն ծալքերը մանրամասնող այս շարժապատկերը Գերմանիոյ մէջ առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ Ապրիլ 2010ին, իսկ Յուլիս 21ին, Շիֆի ջանքերով, զայն կարելի եղաւ ցուցադրել Քոնկրեսի շէնքին մէջ:

http://asbarez.com/arm/82570/%d5%b7%d5%ab%d6%86-%d5%af%d5%9b%d5%a1%d5%bc%d5%a1%d5%bb%d5%a1%d6%80%d5%af%d5%a7-%c2%ab%d5%a1%d5%b2%d5%a7%d5%bf%c2%bb%d5%a8-%d6%81%d5%b8%d6%82%d6%81%d5%a1%d5%a4%d6%80%d5%a5%d5%ac-%d5%b0%d5%a1%d5%b6/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2010
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ