ՍԱՐԷՆ-ՁՈՐԷՆ. «Ամենափրկիչ Վանք»ի յիշատակարանը

Սարիգ Սերովբեան 

 

Առաջին անգամ 1978-ին, ամրան պտոյտներէն մէկուն հանդիպած էինք Սեւ Ծովու հարաւային ափերու մեր գիտցածին չափ հայկական միակ վանքի՝ Տրապիզոնի Ամենափրկիչ վանքի յիշատակարանին։

Աւելի առաջ, ճշգրիտ տեղը մեզի անծանօթ եղող Տրապիզոնի այս վանքը բաւական փնտռած էինք Պոզթէփէ կոչուած թաղին մէջ, եւ կարծելով որ գտած ենք մեր փնտռած վանքը, այցելած էինք յունական Կուսանաց վանք մը (Kizlar manastiri), որ իբրեւ բնակարան կ᾽օգտագործուէր։ Մինչդեռ մեր փնտրածը, անկէ քիչ մըն ալ հեռու էր եւ կը կոչուէր «Գայմագլը Մանասթըրը»։

Աւելի վերջ, Տրապիզոնի Սուրբ Սոֆիա տաճար-թանգարանի պարտեզին դրան մօտ, պատին տակ շարուած այլեւայլ պատմական յուշարձաններու, դամբանաքարերու եւ այլ մեծ մասամբ յունատառ ու լատինատառ հնագիտական գտածոներու կարգին նկատեցինք քանի մը հայատառ քարերու մէջ կոտրուելով երեք կտոր եղած, մէկ կտորը պակաս հոյակապ նոյն վայրէն բերուած վանքի կառուցող Ստեփանոս Շէմսէտլիի տապանաքարը, որուն մասին կ᾽արժէ անդրադառնալ առանձնապէս։

Տէր Պետրօսի օրով հիմանդրուած ըլլալը կարծուող Ամենափրկիչ Վանքի յիշատակարանին մասին առաջին անգամ գրած էինք Ազգային Հիւանդանոցի բանբեր «Սուրբ Փրկիչ» ամսաթերթի Յունուար 1980` 363-րդ թիւին ու ապա` Յակոբ Այվազի «Քուլիս» հանդէսի 15 Մարտ 1984` 894-րդ թիւին մէջ:

Ուրեմն, երեք կտոր եղած եւ մէկ կտորը հաւանաբար կորսուած յիշատակարանին հին ու նոր նկարներն ու ընդօրինակութիւնը կու տանք ստորեւ: Պակաս կտորին վրայի բառերը լրացուցինք Հայր Մինաս Բժիշկեանի «Պատմութիւն Պոնտոսի որ է Սեաւ Ծով» անուն գործէն (էջ 83)` հարազատ մնալով մեր նկարած բնագրին ուղղագրութեան եւ կրճատումներուն, միայն թէ յիշատակարանի Ա. Մասի վերջակէտները նկատի ունեցանք եւ յանգաւոր ձեւով գրեցինք, ինչպէս որ ըրած էր նաեւ Բժիշկեան: Մեր ընդօրինակութեան ընդգծուած մասերը քարի պակաս մասերն են, որոնք լրացուցինք Բժիշկեանի պատճէնէն:

Միայն թէ կորսուած քառորդ կտոր քարին վրայ գոյութիւն ունենալիք չորսուկէս տողին մէկ տողն ալ կը պակսէր Բժիշկեանի պատճէնին մէջ, որը կէտերով ցոյց տուինք, իսկ կէտերուն յաջորդող (հրամանաւն Աստուծոյ կատարեցի զսուրբ տաճարս) տողն ալ, որ ընթեռնելի է մեր լուսանկարին վրայ, կը պակսէր Բժիշկեանի պատճէնին մէջ, հաւանաբար Վարդապետին ընդօրինակած միջոցին այդ տողը ցատկելու պատաճառով:

Ահա յիշատակարանը.-

ՓԱՌԱՑ ՏԱՃԱՐՍ Ա՛ԾԱՅԻՆ:

ՅԵՐԿՐԻ ԴՐԱԽՏ ԿԵՆԱՑ ՓԱՅՏԻՆ:

ԿԱՆԳՆԵԱԼ ՀԱՆՈՒՆ Ա՛ՄԵՆԱՓՐԿՉԻՆ:

Ի ՅՈՒԹՀԱՐԻՒՐ ԹՈՒԱԿԱՆԻ:

ՅԵՒԹԱՆԱՍՈՒՆ ԵՒ ԵՐԵՔԻՆ:

Ի ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԱՑ:

ՏՐ ՊԱՒՂՈՍԻ ՈՒՂԱՓԱՌԻ:

Ի ԺԱՄԱՆԱԿՍ ԲԱՐԵՊԱՇՏԻ:

ԿԻՐ ԱԼԵՔՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻ:

ԽՈՃԱ ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ ՊԱՏՈՒԵԼԻ:

ՇԻՆԵԱՑ ԶՏԱՃԱՐՍ ՀՐԱՇԱԼԻ:

ԻԲՐ ՅԻՇԱՏԱԿ ԱՆՋՆՋԵԼԻ:

ԵՒ ԾՆԱՒՂԱՑ ԻՒՐ ԿՐԿՆԱԿԻ:

ԿԵՆԱԿՑԻՆ ԻՒՐՈՑ ՄԵԼԻՔԱ ԽԹՈՒՆԻՆ;

ԵՒ ԶԱՎԱԿԱՑ ԻՐՈՑ ՄԵԾԻԻ ՓՈՔՈՒ:

ԱՐԴ ԵՍ ԽՈՃԱ ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ ՍՏԱՑԱ Ի ՀԱԼԱԼ ԱՐԴԵԱՆՑ ԻՄՈՑ ԶՏԵՂ ՎԱՆԱՑՍ ԻՒՐ ԱՆԴԱՍՏԱՆՈՎՆ: ԵՒ ՇԻՆԵՑԻ ԶԼՈՒՍԱԶԱՐԴ ՏԱՃԱՐՍ ՅԻՇԱՏԱԿ ՀՈԳՒՈՅ ԻՄՈ: ԵՒ Ի ՎԱՅԵԼՈՒՄՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ՍԻՈՆԻ: ԵՒ ԵՏՈՒ ՄԻԱԲԱՆՔ Ս՛Բ ՈՒԽՏԻՍ ԵՍ ԽՈՃԱ ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ: ԵՒ ԻՄ ՈՐԴԻՔՍ ԶԻ ՀԱՍԱՐԱԿ Ա՛Մ ՔՐԻՍՏՈՆԷԻՑ Է ՎԱՆՔՍ: ԿՐԱՒՆԱՒՈՐԱՑ ՈՐՔ ԲՆԱԿԵԱԼ ԵՆ Ի ՍԱ: ԵՒ Ա՛Յ ՏՈՒՆ: ԵՒ ՈՉ ՈՔ ՉՈՒՆԻ ԻՇԽԱՄՈՒԹԻՒՆ ՈՉ ԻՄՈՑ ԵՒ ՈՉ ՀԱՒՏԱՐԱՑ: ԻԲՐԵՒ ԶՄԱՐՄՆԱՒՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԻՇԽԵԼ Ի ՎԵ՛Ր ՎԱՆԱՑՍ: ԱՅԼ ԱԶԱՏ Է ԱԶԱՏԻ ԵՒ Ա՛Յ ՏՈՒՆ ԱՅԼ ՄԻԱՅՆ ԶԽՆԱՄՍ ՏԱՆԵԼՈՎ ԵՒ ԶԱՄԵՆԱՅՆ ՄԱՐՄՆԱԿԱՆ ԿԱՐԻՔ ՍԲ ՎԱՆԱՅՑԸՍ ԿԱՏԱՐԵԼՈՎ: ՍԲ ՆՇԱՆՍ ԱՍՏՈՒԱԾ ԸՆԿԱԼ ՅԻՇԱՏԱԿ Է ԽՈՃԱ ՍՏԵՓԱՆՆՈՍԻ ԵՒ ՈՐԴՈՒ ԻՄՈ ՊՐ. ՄԿՐՏԻՉԻՆ:  ………………………….. ՀՐԱՄԱՆԱՒՆ Ա՛Յ ԿԱՏԱՐԵՑԻ ՍԲ ՏԱՃԱՐՍ ԵՒ ՄԱՏՈՒՌ ՆՈՐԻՆ Ս՛Բ ԿԱՐԱՊԵՏՆ ԵՒ ՇՈՒՐՋԱՊԱՏ ԻՒՐ ՊԱՐՍՊՈՎ ՅԻՇԱՏԱԿ ԻՆՁ ԵՒ ԾՆԱՒՂԱՑ ԻՄՈՑ ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ԱԶԳԱԿԱՆԱՑ

Յիշատակարանի թուականը (յութ հարիւր եօթանասուն երեք) նշանակէ (873+551=) 1424: Պաւղոս ուղղափառը` Պօղոս Բ. Գառնեցի կաթողիկոսը (1418-1430) եւ Կիր Ալեքսին ալ ժամանակի Բիւզանդիոյ կայսրը ըլլալու են: Վանքը շինողը (վերաշինողը), արեւելքէն եկած ըլլալուն պատճառաւ Շէմսէտլի կոչուած Խոճա Ստեփանոսն է: Վանքը ունեցած է հրովարտակներ, որոնց Ա.-ը քակուած տեղերու նորոգութեան արտօնութեան համար է տրուեր Սուլթան Պայազիտէն, զաւկին` Սուլթան Սէլիմի փափաքով, (այն ատեն արքայորդիները Տրապիզոն կը բնակէին):

Ամենափրկիչը իր շրջափակին մէջ ունեցած է նաեւ լուսաղբիւր (այազմա), ուրկէ կը հոսի եղեր պատուական ջուր: Իսկ ընդարձակ անդաստանը (պարտէզը) կից էր Սուրբ Մամաս Հայոց թաղին, որու համանուն եկեղեցիի աւերակներուն հանդիպեր է Հ. Մ. Բժիշկեան: Այս եկեղեցիի հին յիշատակարաններէն կը հետեւցուի, թէ Տրապիզոնի հայերը ոչ միայն Անիէն, այլեւ Պարսկաստանէն ալ եկած են, ինչպէս յայտնի կ’ըլլայ անոնց նուիրաբերած ստակներու անունէն եւ ուրիշ բառերէն:

***

Ամենափրկիչ վանքի մասին յուշի մըն ալ հանդիպեցանք Թէոդիկի 1928-Ամէնուն Տարեցոյցին մէջ (էջ 322): Մինաս Չերազի 1888-ին գրած «Ուխտաւորի Յիշատակներ»էն, որ Սեւ Ծովեան Ճամբորդութեան ընթացքին, «… Նաւէն կ’երեւէր մեր գերեզմանոցը, որ կը տարածուի ամփիթատրոնի ձեւով եւ Ամենափրկչի վանքը` 873-ին հիմնուած…»:

Այս վանքը փնտռած ժամանակ, մեր հանդիպած յունական Կուսանաց վանքը, որուն տաճարին մէկ մասը ժայռին մէջ էր փորուած, ի տարբերութիւն դրացի հայկական Ամենափրկչին, մինչեւ 1923 գործող եկեղեցի եղած է եւ բաւական լաւ վիճակի մէջ:

***

Իսկ այժմ տեսնենք, թէ ին՞չ կ’ըսէ Ճէվաթ Շէնթիւրք 1975-ին Իսթանպուլ տպուած «Տրեբիզոնդ» անուն անգլերէն գրքին մէջ (էջ 51-53) Գայմաքլը Մանասթըրի մասին:

Տրապիզոնի արեւելակողմը` Պոզթէփէին յաջորդող բլուրին վրայ հիմնադրուած Գայմաքլը Մանասթըրըն կից է գերեզմանին: Վանքի ճանապարհին կ’անցնուի այժմ` Տէլիքլի Թաշ կոչուող արուեստական քարայրէ մը, որ տեղ-տեղ մէկէն երկու մեթր լայնք ունի: Հռովմէացիներու կառուցուած այս ծակ քարը կը թուի ըլլալ Տրապէզուս քաղաքին ջուր մատակարարող ջրանցքին մէկ մասը:

Այս հայկական վանքը, որ նուիրուած է Ամենափրկիչին, հիմնարկուած ըլլալու է մեծ հաւանականութեամբ Ժ. դարուն եւ կամ աւելի կանուխ:

Բիւզանդիոնի Վասիլ Բ. կայսրը իր զօրաբանակով 1022 թուականին այստեղ ձմեռած եւ հիմնած է Տէյիրմէնտէրէ գետակին մօտ սոյն վանքը: Այդ տարին Հայոց Կաթողիկոս Պետրոսի` ջրօրհնէքի ընթացքին խաչով գետին հոսանքը ետ դարձուցած ըլլալուն պատճառաւ` ի յարգանս այս հրաշագործութեան: Այս դէպքը հայկական եկեղեցական օրացոյցը կը ճանչնայ իբրեւ տօնական օր:

Իսկ գոյութիւն ունեցող եւ մատուռին արեւմտեան դրան վրայի յիշատակարանէն (այժմ` Այա Սոֆիայի թանգարանի պարտէզը գտնուող վերոյիշեալ յիշատակարանի մասին է խօսքը) կը տեղեկանանք, որ 1424-ին հիմնուած է Խոճա Ստեփանոս Շէմսէտլիի ձեռամբ: Մայր տաճարի կարգ մը որմանկարները քանդուած են յետադիմական տարրերէ, բայց որոշ մասեր կը մնան:

Գլխաւոր եկեղեցին լայն է, միանաւ եւ հնգանկիւն խորանով: Գաւիթը հիմա քանդուած է մեծամասնութեամբ: Արեւմտեան որմի վրայ երեք արձանագրութիւն գոյութիւն ունի, նաեւ` վերջին դատաստանը ներկայացնող հետաքրքրական նկարազարդում:

Հիւսիսային ու հարաւային որմախորշերուն շուրջ գոյութիւն ունին հայկական քարագործութիւնը բնորոշող քանդակներ: Եկեղեցւոյ խորանը ԺԵ. կամ ԺԶ. դարու գործ է, իսկ մայր մասը` ԺԷ.-ԺԸ. դարու: Հիւսիս-արեւմուտքին կայ զանգակատունը արտաքին սանդուխներով, հարաւարեւելեան մասը գոյութիւն ունեցող բազմապատկիչ կամարաձեւ ծածկով ճգնաւորներու խուցերը կը կրեն մօտ 1650 թուականը:

Ակօս, 6 օգոստոս, 2010

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2010
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ