ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1ին, Հրանդ Տինքի բարեկամներ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս պահանջեցին Թուր-քիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլէն եւ կառավարութենէն, որ յստակացումներ կատարեն այն յայտարարութեան մասին, թէ՝ իշխանութիւնները բաւարար միջոցներու չէին դիմած Տինքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:
Նախագահ Կիւլ Օգոստոս 16ին յայտարարած էր, թէ Հրանդ Տինք իր կեանքը կորսնցուց, որովհետեւ հարկաւոր միջոցառումները չէին առնուած:
Թուրքիոյ օրէնքներուն համաձայն, իշխանութիւնները 15 օր ժամանակ ունին կազմակերպութեան դիմումին պատասխանելու համար:
Կազմակերպութիւնը նաեւ հարց տուած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ինչո՞ւ առիթ չեն տար, որ Տինքի սպանութիւնը հետապնդողները հարցաքննեն երկրին գաղտնի սպասարկութեան գործիչները:
http://asbarez.com/arm/82572/%d5%b0%d6%80%d5%a1%d5%b6%d5%a4-%d5%bf%d5%ab%d5%b6%d6%84%d5%ab-%d5%a2%d5%a1%d6%80%d5%a5%d5%af%d5%a1%d5%b4%d5%b6%d5%a5%d6%80%d5%a8-%d5%b5%d5%bd%d5%bf%d5%a1%d5%af%d5%a1%d6%81%d5%b8%d6%82%d5%b4-%d5%af/



Leave a Reply