ՀԱՄՊՈՒՐԿ, «Նիուզ».- Յայտնի «ռոք» երգիչ, System of a Down խումբի մեներգող Սերժ Թանքեան, Օգոստոս 24ին համերգ տուած է Համպուրկի «Մեծ Ազատութիւն» անունը կրող համերգասրահին մէջ: Սոյն համերգասրահը կը գտնուի այն թաղամասի տարածքին, ուր իրենց արուեստի ասպարէզը սկսած են «Տը Պիթըլզ» աշխարհահռչակ խումբի լիվըրփուլցի երիտասարդները: Այստեղ նաեւ ելոյթներ ունեցած են 1960ականներու սկիզբին «ռոք»ը հիմնադրած ուրիշ աստղեր:
Թանքեանի համերգին ներկայ եղած են տարբեր տարիքի ու ազգութեան մարդիկ. գերմանացիներ, յոյներ, ռուսեր, ամերիկացիներ եւ, ի հարկէ, հայեր:
Համպուրկի մէջ Սերժ Թանքեանի համերգի բացումը կատարած է «Վիզա» խումբը:
Ինչպէս միշտ, այս համերգին եւս Թանքեան խիստ քննադատական խօսքեր ուղղած է արեւմտեան եւ այլ աշխարհատարածքներու կառավարութիւններու հասցէին՝ զանոնք մեղադրելով պատերազմներու, բռնութիւններու եւ անարդարութիւններու համար:
Թանքեան համերգին կատարած է Ցեղասպանութեան նուիրուած իր երգը, նշելով. «ասիկա իմ հայերէն գրած առաջին երգս է, որ կը կոչուի «Այո, ատիկա Ցեղասպանութիւն էր»:
Թանքեան հիւրախաղերով հադնէս եկած է Եւրոպայի այլ քաղաքներու մէջ եւ իր բոլոր ելոյթներու ընթացքին կատարած է Ցեղասպանութեան նուիրուած իր երգը: Սեպտեմբեր 21ին, այս երգը, այլ երգերու կողքին պիտի մատուցուի հանրութեան այդ օր հրապարակուելիք «Իմփըրֆեքթ Հարմընիզ» անունով սկաւառակով:
http://asbarez.com/arm/82378/%d5%bd%d5%a5%d6%80%d5%aa-%d5%a9%d5%a1%d5%b6%d6%84%d5%a5%d5%a1%d5%b6-%d5%b0%d5%a1%d5%b4%d5%ba%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%af%d5%ab-%d5%b0%d5%a1%d5%b4%d5%a5%d6%80%d5%a3%d5%ab%d5%b6-%d5%a8%d5%b6%d5%a9%d5%a1/
Leave a Reply