ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցի դատավարութեան փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին, անդրադառնալով Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանի կողմէ Թուրքիոյ դատապարտումին, ըսաւ, որ «բարեկամական լուծում» առաջարկին ժամանակը անցած է եւ այս կէտէն ետք անընդունելի պիտի ըլլայ, կառավարութեան կողմէ նման առաջարկ մը:
Ինչպէս յայտնի է, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը քննէ, թէ Թուրքիա ինչպիսի ուղիներու կրնայ հետեւիլ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին կողմէ հաւանական դատապարտութենէն ետք: Առաջարկուած ուղիներէն մէկը Հրանդ Տինքի ընտանիքին առաջարկած էր բարեկամական լուծում։
Չեթին յայտնեց, թէ բարեկամական լուծման գործընթացի ժամանակը անցած է այլեւս, ընտանիքը այսպիսի պահանջք մը չունի։ Փաստաբանը ըսաւ, որ Թուրքիա առնուազն կրնայ ցաւ յայտնել պատահած սպանութեան համար եւ խոստովանիլ, որ թերացումներ պատահած են, բայց այս բոլորը միակողմանի յայտարարութիւններ ըլլալէ անդին չեն անցնիր։ Այսօր Հրանդ Տինքի միայն կարծիքի ազատութիւնը չէ, որ բռնաբարուած է, այլ նաեւ առնուած է անոր ապրելու իրաւունքը։ Փաստաբանը անգամ մը եւս կրկնեց, թէ 301րդ յօդուածը պէտք է ջնջուի։
Միւս կողմէ, արդարադատութեան նախարար Սատուլլահ Էրկին ըսաւ, որ իր նախարարութիւնը եւս կը քննարկէ այն միջոցառումները, որոնց Թուրքիա կրնայ դիմել ատեանին որոշումին դիմաց։ Բարեկամական լուծումը ասոնցմէ մէկն է միայն, ըսաւ ան: «Ամէն պարագայի նախարարութիւնը կողմնակից է, որ գտնուի միջոց մը, որ պիտի թեթեւցնէ Հրանդ Տինքի ընտանիքին տառապանքը։ Դատ բացողները նիւթական հատուցում ալ պահանջած են, կը կարծեմ, որ այս կէտը դատարանին կողմէ պիտի ճշդուի, թէեւ նոր ինքնապաշտպանութիւն մը պիտի չընենք, բայց բարեկամական լուծում առաջարկելով պիտի ջանանք սրբագրել նախկին ինքնապաշտպանութեան տկար կողմերը», ըսաւ նախարարը։
Ատեանը տակաւին իր որոշումը չէ հրապարակած, սակայն կ՛ակնկալուի, որ Սեպտեմբերի մէջ իր հրապարակելիք որոշումին մէջ Թուրքիան յանցաւոր պիտի նկատուի։ Թուրքիոյ կողմէ դատարանին յղուած ինքնապաշտպանութեան պատճէնն ամօթալի նկատուած է շատերու կողմէ եւ նոյնիսկ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու քննադատած էր զայն եւ փափաք կը յայտնէ, որ թղթածրարը ժամ առաջ փակուի, Հրանդ Տինքի ընտանիքին գոհացում պատճառելով։
Թուրքիա յանցաւոր կրնայ նկատուիլ Հրանդին դէմ 301րդ յօդուածը կիրարկած ըլլալուն, Հրանդին կեանքը պաշտպանած չըլլալուն, ապա դատավարութեան ընթացքին քանի մը ամբաստանեալները դատարան հանած չըլլալուն համար։
Յիշեցնենք, թէ անցեալ Ուրբաթ օր Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Հրանդ Տինքի եղբօր՝ Խոսրով Տինքի հետ:
Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Պեշիր Աթալա յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Տինքի սպանութեան գործով պաշտպանականը յետս պիտի կոչուի։ Ըստ թուրք նախարարին, նոր պաշտպանական զեկոյցը պիտի ներառէ Տինքի ընտանիքի հետ փոխհամաձայնեցուած առաջարկ մը։
Նշենք, որ Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին Կիւլ յայտարարած էր, թէ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը կանխելու համար պետութիւնը բաւարար քայլերու չէր դիմած:
http://asbarez.com/arm/82332/%d5%bf%d5%ab%d5%b6%d6%84%d5%ab-%d6%83%d5%a1%d5%bd%d5%bf%d5%a1%d5%a2%d5%a1%d5%b6%d5%ab%d5%b6-%d5%b0%d5%a1%d5%b4%d5%a1%d5%b1%d5%a1%d5%b5%d5%b6-%c2%ab%d5%a2%d5%a1%d6%80%d5%a5%d5%af%d5%a1%d5%b4%d5%a1/
Leave a Reply