Իրանի Փոխնախագահը Կը Խօսի Հայկական Ցեղասպանութեան Մասին

ԹԵՀՐԱՆ .- Պարսկական «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի փոխնախագահ եւ Իրանի մշակոյթի ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահ Համիտ Պաղայի, «Իրան. Յաղթանակի կամուրջ» համաժողովի ընթացքին յայտարարած է, որ Օսմանեան կայսրութեան կառավարութիւնը, շուրջ հարիւր տարի առաջ, 1915 ին , որոշ թիւով հայերու դէմ ցեղասպանութիւն իրագործած է : Ան աւելցուցած է , որ թէեւ ներկայիս Օսմանեան կայսրութիւնը գոյութիւն չունի , Հայաստանն ու հայութիւնը տակաւին Թուրքիայէն կուզեն, որ ան այդ խնդիրին համար պաշտօնապէս ներում հայցէ եւ փոխհատուցում վճարէ:

Համաժողովը կայացած է համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին դաշնակիցներու կողմէ Իրանի գրաւման 70 ամեակի առթիւ:

Իրանի փոխնախագահը նաեւ նշած է , որ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին Իրանի կրած վնասներու դէմ կրնայ հատուցում պահանջել:

«Մենք պարտաւոր ենք հետեւիլ այս խնդիրին , որովհետեւ , հակառակ պարագային , պարտական պիտի ըլլանք մեր ժողովուրդին», ըսած է ան, աւելցնելով, որ Ամերիկան, Ռուսիան եւ Անգլիան պէտք է գիտակցին, որ Իրան համաշխարհային Բ . պատերազմի ընթացքին իրենց ոչնչացման խոչընդոտը եղած է:

Այս առթիւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Փանորամա» լրատուական գործակալութեան յայտնած է , որ «պիտի չզարմանալ , որ Իրանում քաղաքական դէմքերը Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը կասկածի տակ չեն դնում: Ճիշտ է, խորհրդարանում բանաձեւ չի ընդունուել, բայց իրանցի քաղաքական դէմքերը առաջին անգամ չէ , որ բարձրաձայնում են Ցեղասպանութեան փաստի մասին, հաւանաբար, առաջին փոխնախագահն է , որ յայտարարում է այդ մասին»:

Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան, Իրանի պետական պաշտօնատարի նոյն ելոյթին անդրադառնալով , «Նիւոզ էյ. Էմ» լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է, որ Իրանի փոխնախագահի, Հայոց Ցեղասպանութեն փաստը ընդունող յայտարարութիւնը քաղաքակիրթ վերաբերմունքի արտայայտութիւն է պատմութեան ու ապագային հանդէպ:

Դաշնակցական պատգամաւորի խօսքով , Իրանի փոխնախագահը պատահական մարդ չէ եւ անոր յայտնած այս միտքը Իրանի տրամադրութիւններու որոշակի փոփոխութեան մասին նշան մը ըլլալ:

«Համիդ Բաղայիի այսօրինակ յայտարարութիւնը Իրանի արտաքին քաղաքականութեան արտայայտութիւն է: Սա չի կարող պատահականութիւն լինել. սա կշիռ ունեցող քաղաքական յայտարարութիւն է, որը վկայում է այն մասին, որ ինչ – որ մի բան փոխուել է: Ի վերջոյ , սա խիստ ողջունելի յայտարարութիւն է», նշած է Գալստեան , աւելցնելով, որ Իրանի փոխնախագահի այս յայտարարութիւնը կրնայ սթափեցնող ազդեցութիւն ունենալ եւ քաղաքական բարոյականութեան օրինակ ծառայել ժամանակակից աշխարհի շարք մը երկիրներու համար:

«Շատ պետութիւններ ունեն նոյն այս համոզմունքը , սակայն այդ երկրների պաշտօնեաները զսպուածութիւն եւ դիւանագիտական լռութիւն են ցուցաբերում , ինչի արդիւնքում Ցեղասպանութեան մասին չի բարձրաձայնւում», շեշտած է ՀՅԴ պատգամաւորը:

http://asbarez.com/arm/82336/%d5%ab%d6%80%d5%a1%d5%b6%d5%ab-%d6%83%d5%b8%d5%ad%d5%b6%d5%a1%d5%ad%d5%a1%d5%a3%d5%a1%d5%b0%d5%a8-%d5%af%d5%a8-%d5%ad%d6%85%d5%bd%d5%ab-%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d5%af%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%b6-%d6%81%d5%a5/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2010
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ