ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն հինգ ամիս ուշացումով պատասխանած է թրքական խորհրդարանի երեսփոխան, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ Ճանան Արըթմանի գրաւոր հարցումին, թէ թրքական իշխանութիւնները ի՞նչ ըրած են Ապրիլ 9ին, Գերմանիոյ պատկերասփիւռներէն մէկէն Հայկական Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Աղէտ» վաւերագրական շարժապատկերի ցուցադրումը կանխելու համար։ «Աղէտ»ին մէջ կը շեշտուի, թէ թուրքերը սպաննած են 1.5 միլիոն հայ եւ գործած են ցեղասպանութեան յանցանք։
Տաւութօղլու նշած է, թէ Գերմանիոյ մէջ հայկական արմատական շրջանակներու կողմէ հակաթրքական միջոցառումներու վերաբերեալ, թրքական իշխանութիւնները ամէն առիթով եւ պատշաճ մակարդակով տեղեկացուցած են գերմանացի գործընկերներուն եւ նոյնիսկ շարժապատկերի ցուցադրումէն մէկ օր առաջ, Պերլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ փորձած է համապատասխան միջոցներու ձեռնարկել։
Ըստ Տաւութօղլուի, Ապրիլ 13ին, Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Էքարթ Քունցին կանչած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր տեղեկացուցած են, թէ Թուրքիան կը սպասէ, որ Գերմանիոյ մէջ վերջ դրուի 1915ի վերաբերեալ «սխալ եւ կողմնակալ» միջոցառումներուն, որովհետեւ հայերու գործողութիւնները կրնան «բացասական հետեւանքներ պատճառել»։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է, որ թրքական իշխանութիւնները երբեք լուռ պիտի չմնան անհիմն պնդումներու դէմ եւ աւելցուցած. «Հայկական թէզերու քարոզչութեան ամէն տեսակ նախաձեռնութեան կամ միջոցառումներու դէմ Թուրքիան ամէն անհրաժեշտ բան կ՛իրականացնէ։ Մեծ ջանքեր կը գործադրուին տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ մեր պատմութեան վերաբերեալ անհիմն պնդումներով բանաձեւերու չընդունման համար»։
http://asbarez.com/arm/82214/%d5%a9%d5%b8%d6%82%d6%80%d6%84%d5%ab%d5%a1-%d5%a1%d5%b4%d5%a7%d5%b6-%d5%bb%d5%a1%d5%b6%d6%84-%d5%af%d5%a8-%d5%a9%d5%a1%d6%83%d5%a7-%c2%ab%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d5%a5%d6%80%d5%b8%d6%82-%d5%a9%d5%a7%d5%a6/
Leave a Reply