Թուրքիոյ պատմաբաններու ընկերակցութեան ներկայացուցիչները թրքական ՙԱնատոլու՚ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պնդած են, թէ ՙԹուրքիա արդէն իսկ հայերուն հատուցում վճարած է՚£
Ընկերակցութեան հայկական հետազօտութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Քեմալ Չիչեք հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ 1934-ին Թուրքիա 900 հազար տոլար հատուցում վճարած է հայերուն£ ՙԱյդ հատուցումը թրքական կողմը վճարած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիմամբ՚, ըսած է Չիչեք£
Թուրք պատմաբանին համաձայն, 1923-ին Լոզանի համաձայնագիրի կնքումէն ետք մինչեւ 1937 երկարող ժամանակաշրջանին ընթացքին Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործած են յատուկ յանձնախումբեր, որոնք քննած են հայերուն կողմէ ներկայացուած հատուցման պահանջները£
ՙԱյս յանձնախումբերըª հիմնուելով միջազգային համաձայնագիրերու դրոյթներուն վրայ, այս խնդիրը անցեալ դարու երեսունական թուականներուն լուծած են՚, վստահեցուցած է թուրք պատմաբանըª աւելցնելով, որ ՙմեզի համար այս նիւթը փակուած է՚£
Leave a Reply