ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԱՅՑԸ

Գերմանիոյ աւագ հիւպատոս Պրիթա Ուակէնէր, 17 Օգոստոս 2010, Երեքշաբթի, ժամը 11.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

 Աւագ Հիւպատոս Ուակէնէր յայտնեց որ այս անդրանիկ այցելութեամբ եկած է ծանօթանալու Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ Պատրիարքական Աթոռին եւ առ հասարակ հայ համայնքին հետ։

 Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց ու տեղեկութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Հայութեան անցեալին, համայնքային կառոյցին ու այժմու վիճակին մասին։ Ան, յաջողութիւն մաղթեց նոր աւագ հիւպատոսին նոր պաշտօնին մէջ։

http://www.lraper.org/main.aspx?Action=DisplayNews&NewsCode=N000003403&Lang=HAY

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2010
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ