Գնահատելի եւ բացառիկ աշխատանք է ԱԿՈՒՆՔի առաքելութիւնը։ Ձեր նիւթերի համար ուղարկում եմ ՀՈՐԻԶՈՆի կողմից պատրաստուած լրատուութիւն:
Ջերմ բարեւներով` Վահագն Գարագաշեան
ՀՈՐԻԶՈՆ շաբաթաթերթի խմբագիր, Գանատա
Ըստ պոլսահայերու «Հայթերթ» կայքէջին՝ վերջերս Սթանպուլի մէջ հիմնուած է «Տերսիմի հայերու ընկերային իրավիճակի, մշակոյթի, կրթութեան, պատմութեան, դաւանանքի ուսումնասիրութեան եւ համերաշխութեան միութիւն»ը: Նախաձեռնող խումբի խօսնակ Միհրան Փրկիչ Կիւլթէքին ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Միութիւնը Տերսիմի հայերուն պատկանող քաղաքացիական հասարակութեան առաջին կազմակերպութիւնն, է եւ անոր կազմաւորումը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է: Միութիւնը հիմնուած է մայրենի լեզուի, մշակոյթի եւ դաւանանքի հետ Տերսիմի հայերու կապը վերականգնելու առաջադրանքով:
Միհրան Փրկիչ Կիւլթէքին միաժամանակ նշած է, որ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները Տերսիմի բնակչութեան զգալի մասը հայ էր: Տերսիմի մէջ, նախքան թրքացումը, հայկական եղած են նաեւ տեղանունները:
Թրքական յաջորդական կառավարութիւններու օրով քանդուած եւ գետնին հաւասարեցուած են Տերսիմի հայկական բոլոր եկեղեցիները:
Պատմութեան ընթացքին Տերսիմի շատ մը գիւղերու մէջ հայ եւ քիզիլպաշ բնակչութիւնները համերաշխօրէն կ’ապրէին, մինչեւ իսկ քիզիլպաշ երեխաներ հայկական վարժարան կը յաճախէին եւ հայերէն կը սորվէին: Հայերը լեռնային տերսիմցիներու քիրվաներն (կնքահայր) էին։ Օտար պատմաբաններ կը հաստատեն, որ 17-րդ դարէն սկսեալ, Պինկէօլի, Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններուն մէջ ապրող հայեր, չդիմանալով Օսմանեան թուրքերու ճնշումներուն, կը հաստատուէին Տերսիմ եւ կրօնափոխ դառնալով կ’ընդունէին ալեւիականութիւնը (իսլամական շիա յարանուանութեան մէկ ճիւղը)։

1938-ի Տերսիմի Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ եւ ալեւի խառն բնակչութիւն ունեցող Հալվորի գիւղի տեղահանութիւնը
Ցեղասպանութեան տարիներուն տերսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին Տերսիմ ապաստանած շատ մը հայեր ալեւի դարձած են՝ իւրացնելով տերսիմցիներու ապրելակերպը:
1938-ին, թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան տերսիմի ցեղախումբերը՝ Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ: Ըստ տերսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու՝ 1938-ի յեղափոխութեան տերսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն՝ տերսիմցիներու կողքին սպանուած եւ ջարդուած են նաեւ հայեր։
Այսօր եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տերսիմցիներ եւ հայեր։
Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը Տերսիմի տարածքին գործած են 45 հայկական եկեղեցիներ եւ 5 վանքեր:



Leave a Reply