Կարսի կեդրոնէն դէպի Րիզե մեկնող օթօպիւսը, որուն ճամբորդն էինք նաեւ մենք, շատ ալ աճապարուած չէր երեւեր տեղ հասնելու համար: Մեկնումի պահուն նկատեցինք, որ բոլոր տեղերը գրաւուած են, յոյս ունեցանքլ, թէ ուղիղ կը շարունակենք մեր ճամբան:
Անփորձ ու միամիտ գտնուած եւ լրջօրէն սխալված էինք: Ապա տեսանք թէ` հազիւ քանի մը ճամբորդներ մինչեւ վերջին կանգառ պիտի երթային: Մնացեալը յաճախ տեղափխուեցաւ՝ ճամբուն վրայ իջնելով կամ բարձրանալով: Այս ալ իր կարգին հետաքրքրական ճամբորդութիւն մըն էր, քանի որ կ’ապրէինք Անատոլուի յատուկ երեւույթներ: Բազմանդամ ընտանիք մը պարկերով ու խաւաքարտ տուփերով եկան միացան ճամբորդութեան: Տուփերուն մէջ փոխադրուածը խեղճ հաւերն էին, որոնք չդիմացան նման չարչարանքի ու մի առ մի սատկեցան ճամբորդութեան միջոցին: Հազիւ ութը ժամէն յաղթահարեցինք 300 մղոն ճանապարհը:
Դարձդարձիկ ճանապրհ մըն էր այս, որուն տեւողութեամբ կը հոսէր Ճորոխ գետը, եւ ասֆալթն ի վեր կը խոյանային նախ՝ Էրզրումի Այծպտկունք (Փալանտէօքէն) եւ ապա` Արդուինի Քաչքար լեռներու եղեւնածածկ լանջերը: Վերջապէս յայտնուեցաւ Սեւ Ծովը՝ իր անծայրածիր հրապոյրով: Մեզ` ծովու պատկերին Իսթանպուլէն սովոր եղողներուս համար ուրիշ կերպ ձգողութիւն ունի անծայրածիր ծովու պատկերը: Մենք վարժուած ենք դիմացի ափը տեսնելու: Իսկ այս պարագային դիմացի ափ գոյութիւն չունէր: Հոփայի ծովեզերքի տեսլադաշտը կ’երկարէր մինչեւ հորիզոն, ուր երկինք ու երկիր զիրար կը գրկէին: Հինգ րոպէ անց Հիքմեթ իր ինքնաշարժով փութացած էր մեր իջած կէտը, ուրկէ սկսան համշէնեան ապրումները:
Ուղղուեցանք Քէմալփաշա, ուր ծննդավայրն է Հիքմէթին: Ան, բացի հօրենական տունէն, ունի քոյրերու եւ եղբօր տուներ՝ բոլորն ալ իրարու հարեւանութեամբ: Աքչիչէք ընտանիքի այդ օրուայ հիւրերը շուրջ 15 հոգի էինք ու դիւրաւ գիշերեցինք երեք-չորս տուներու մէջ:
Յիշեցինք Սարգիս Սերովբեանի այն հաստատումը, թէ` ՙՀամշէնի մէջ աշխարհագրական սահմանները լոկ հորիզոնական չեն, այլ նաեւ՝ ուղղահայեաց՚: Արդարեւ՝ ծովու մակերեսէն դէպի լեռներ բարձրանալով կը փոխուէր բնակչութեան ազգութիւնը կամ մայրենի լեզուն: Եթէ ծովափին կը տիրապետէր լազերէնը, հինգ կամ վեց հարիւր մեթր բարձրանալով՝ կը լսուէր համշէնական բարբառով հայերէնը, 1500 մեթրէ վեր ալ` պոնտական հունարէնը:
Ի տարբերութիւն Կարսէն՝ Հոփան, Րիզէն, Համշէնը ունէին իրենց ուրոյն դիմագիծը: Ժողովուրդը եկուորներ չէին այստեղ, այլ՝ սերունդներ ամբողջ նոյն շրջանը բնակած տեղացիներ: Քաղաքները, մանաւանդ ալ` լեռնային գիւղերը ունէին յատուկ ճարտարապետական ոճ: Այս ոճը գոյացած էր բնութեան պահանջներու հիման վրայ:
Համշէն հասած առաջին պահէն սկսեալ շրջեցանք գիւղերը` Ջուղա, Մաքրէվիչ, Քիւշիւվէ, Օրթան, Չինչիվա, Չաթ, Օճէ, գիւղերու մէջ ափիբերան դիտեցինք փարթամ դղեակները, հասարակ տուներու ճարտարապետական մանրամասնութիւնները՝ լսելով այս բոլորի պատմական յարաբերութիւնը Սովետական Յեղափոխութեան հետ: Ինչպէս որ Մեծ Հայքի հայութեան համար պանդուխտ աշխատելու վայր եղած է Պոլիսը, համշէնցիներ ալ պանդխտութեան քացած են դէպի Ռուսաստան: Ինչպէս սեբաստացիներ կամ երզնկացիներ կը բանեցնէին Իսթանպուլի փուռերը, նոյնպէս համշէնցիներ ալ կը բանենցնէին Սոչիի, Քրասնոտարի եւ Նովորոսիսկի փուռերը: Սեւծովցիներու՝ այսօր Իսթանպուլէն ներս ալ նկատած փռապանութեան հիմքերը կը հասնին ահա այդ պանդխտութեան տարիներուն: Այդտեղ կուտակուած աշխատութեան շահը պիտի նպաստէր հայրենի երկրի բարգաւաճման:
Այսօր առասպելի նման կը պատմուի, թէ մարդիկ ինչպէս մէկ օրէն միւսը սնանկացան ձարական ռուպլիի արժեզրկումով:
Համշէնցիի տնտեսութեան կարեւոր բաժինը կը կազմէ անասնապահութիւնը: Այս երեւոյթը կը ցոլնայ նաեւ տուներու ճարտարապետութեան մէջ: Այնքան մեծ թիւով անասուն կը պահուէր, որ Համշէնի լեռներուն վրայ բուսնող խոտը անբաւարար կը մնար, եւ Էրզրումէն յատուկ խոտ կը բերէին անասունները կերակրելու համար: Ամառները լեռնադաշտ բարձրանալու սովորութիւնն ալ աւելի շատ կը միտի անասուններուն արօտավայր գտնելու, այլ ոչ թէ գիւղացիներու ամարանոց օդափոխութեան երթալու հրամայականէն:
Շուրջ 60 տարիներ առաջ ճափոնացի մը առաջին անգամ համշենցիներուն ծանօթացուցած էր թէյի բոյսը, որ սիրեց իր տեղը այդ լեռներուն վրայ ու ապա դարձաւ տարածքաշրջանի կարեւորագոյն արտադրութիւնը: Վերջէրս, երբ Սեւ Ծովու ափերու հողամշակումը կ’ապրի Չերնոպիլի հիւլէական կայանի արկածին դժբախտ հետեւանքները, թէյն ալ կորսնցուց իր շուկայի արժէքը եւ տեղը զիջեց քիվիին: Այժմ օրըստօրէ կ’աճի քիվիի մշակումը:
Տարածքին տնտեսական կենսունակութիւն պարգեւող զարգացում մըն է Սարփի սահմանադուռը: Այդ սահմանադրան շնորհիւ բաւական աշխոյժ շուկայ մը գոյացած է տարածքաշրջանի քաղաքներէն ներս:
Ի գին բազում անպատեհութիւններու, կ’արժէ խոստովանիլ, որ իրական վայելք մըն է ճամբորդել Սեւծովեան նորակառոյց միջքաղաքական ճամբուն վրայ: Մասնագէտներ վերապահութիւն յայտնած էին այս ճամբուն դէմ՝ դիտել տալով, թէ ծովափնեայ քաղաքներու կապը պիտի խզուի ծովափին հետ: Բացի անկէ՝ բնութիւնը պիտի չթոյլատրէ, որ այդ ճամբան երկար տարիներ օգտագործուի: Արդ, իսկապէս ալ մերթ ընդ մերթ կը կատաղի Սեւ Ծովը, եւ ալիքները շատ անգամ իրենց հետ ետ կը տանին ներակառոյց ճաբուն հատուածները: Բայց տարածքին սպառնացող մեծագոյն աղէտը աւելի ջրաելեկտրակայաններն են, քան ուրիշ բան: Այժմ համշէնցիք մտահոգ են Ճորոխի եւ Ֆըրթընայի վրայ կառուցուող ջրամբարներէն: Գոյացած են հասարակական կազմկերպութիւններ, իրենք կը պայքարին ելեկտրակայաններուն դէմ՝ համագործակցելով Մնձուր գետի վրայ կառուցուելիք ելեկտրակայանի դէմ բողոքող տէրսիմցիներու հետ:
Կարսի օդակայանը իջնող ինքնաթիռով սկսած էր մեր ուղեւորութիւնը, որ պիտի աւարտէր Տրապիզոնի կայարանէն մեկնող օթօպիւսով: Պարտադիր այցելեցինք նաեւ Տրապիզոն քաղաքը: Ափսո՛ս ու հազա´ր ափսոս: Սեւ Ծովու կարեւոր մեծ քաղաքէն ներս այնքան վատ տպաւորուած էին մեր յիշատակները, որ երբեք չունեցանք քաղաքին ծանօթանալու ցանկութիւնը: Տոմսակ վաճառող երիտասարդը, նկատի ունենալով մեր հայ ինքնութիւնը, խորհուրդ տուաւ այցելել Սանթա Մարիա Եկեղեցին: Ափսոս որ եկեղեցին փակ էր Երկուշաբթի օրերը, եւ մենք փողոցը հանդիպած ամէն տասնեօթամեայ երիտասարդի պատկերին մէջ կը տեսնէինք Օկիւն Սամասթի կերպարը: Մինչդեռ մայրս այս քաղաքը ծնած էր: Ան հազիւ երկու ամսուայ նորածին էր, երբ Տրապիզոնի Առաջնորդ Գարեգին Եպիսկոպոս Խաչատուրեան իր հօտին թելադրած էր քաղաքը պարպել: Իզուր դիտեցինք քաղաքին համայնապատկերը՝ ՙարդեօք ու՞ր բնակած են մերոնք՚ մտածելով: Այն, ինչ որ նկատած էինք Կարսի օրինակին, ի զօրու էր նաեւ հո՛ս՝ Տրապիզոն: Եկուորներու կուտակուած քաղաք մը ահա՛, որ չունի իւրայատուկ դիմագիծ մը: Թալանուած քաղաք մը պարզապէս: Հոս ալ բարձր համեմատութեամբ անգործութիւն: Թալանճին ե՞րբ աշխատեր է որ: Պատեհապաշտներ գերմարդկային ջանքով կ’աշխատին միայն հազարամեայ հայկական վանքի մը հիմքը փորելով` գանձ փնտռելու համար:
Այսպէս, դրական ու ժխտական անհամար զգացումներ իրարու մէջ լուծուած, վերադարձանք Իսթանպուլ՝ մեր ականջներուն մէջ Համշէնի բարբառով հայերէնը եւ մեր աչքերուն առջեւ Քաչքար լեռներու եղեւնածածկ կատարները:
(Շար. նախորդ թիւէն եւ վերջ)
Բագրատ Էսդուգեան
Ակօս, 06.08.2010



Leave a Reply