ՍԱՐԷՆ-ՁՈՐԷՆ. Մենք ալ Անըն Անիի վերածեցինք

 Անցեալ թիւով խոստացած էինք գրել «Անին Անըի վերածելու ջանքերու մասին»: Թէ ովքե՞ր, ի՞նչ նպատակով կը պարտադրէին Հայոց պատմական մայրաքաղաքներէն ԱՆԻ-ն հնչել կոպիտ ԱՆԸ ձեւով: Ովքե՞ր Անիի փլատակները թանգարանի վերածելով՝ պարիսպի մայր դրան մուտքի ցուցատախտակին վրայ ալ «Անը Սելճուք Հարապէլէրի» գրել տուած էին, որ շատ ալ սխալ պէտք չէ ակնկալուէր, չէ՞ որ Անին փլատակ դարձած էր Սելճուքեան գրաւումէն ետք: Հիմա լայնախոհ մարդիկ արդէն իսկ այդ ցուցատախտակը փոխեր են ուրիշով մը, որը պիտի տեսնէք վերի նկարին մէջ:

 ***

 «Ակօս»ի հիմնուած առաջին տարուան թիւերէն մէկուն խորագիր դարձուցած էինք այն օրերուն Անիի պեղումներուն եւ վերանորոգման աշխատանքներուն «շնորհուած» ընտանեկան հիմնարկի մը եւ անոր հայանուն մէկ անդամին հետ մեր տեսակցութիւնը: Այս շրջանին առարկած էինք «ANİ»ին «ANI» ձեւով, այսինքն «ի»ին կէտին վերցուելով գրուելուն, բայց մեր ստացած պատասխանը` «Անգլերէն գրամեքենան գլխատառ İ–ն I կը գրէ» եղած էր:

Կեղծաւորութիւն էր կատարուածը եւ անշուշտ պիտի ստանար պատասխանը, քանի որ նոյն գրութեան մէջ ուրիշ առիթներով հանդիպած էինք բազմաթիւ մեծատառ «İ»երու:

Անցաւ մօտ 15 տարի՝ առանց մտայնութիւնը փոխուելու: Ազգային պետութիւնը չի բաւականանար Թուրքիոյ ամէն կողմ թրքացնելով միմիայն տեղանունները, այլ անոնց կողքին նաեւ լեռներու-ձորերու, գետերու-լիճերու, հանդերու-դաշտերու անուններուն ալ շինծու թրքերէն անուններ կը յարմարցնէ՝ այսպէսով հեգնանքի առարկայ դառնալով Սեւան Նշանեանի` (տես` վերջերս հրատարակուած «Անունը Մոռցած Երկիրը» անուն բառարան գիրքը):

Անտարակոյս պատմութիւնը խեղաթիւրելու կոպիտ ձեւ մըն է տեղանուններու այլանդակելով փոփոխութիւնը, որուն հիմնական նպատակն է մոռացութեան մատնել յիշեալ տարածքաշրջանի այլազգի անցեալը: Այսպէս նորահաստատ ցեղերը նուաճած տարածքները իւրացնելու նպատակով բնիկ տեղանունը կամ իր լեզուին կը թարգմանեն, ինչպէս Տանձուտը` Արմութլու, Ընկուզեկը` Գօզլուք, Ծաղկաձորը` Դարաչիչէք, Կարմրիկը` Գըզըլճա եւ այլն, կամ ալ նախկին տեղանունը կը նմանցնէ թրքերէնի, ինչպէս` Արմտիկը կը դառնայ Արմուդի, Օձունխաչը` Ուզունհաչի, Քարհատվանը` Քարատիվան եւ այլն:

Ըստ Թրքագէտ Լուսինէ Սահակեանի «Տեղանուններու Թրքացումն Օսմանեան Կայսրութեան եւ Հանրապետական Թուրքիոյ մէջ» անուն գրքոյկին՝ «Տարածուած մեթոտներէն է հին բնակավայրերուն նոր անուններ տալը` ձգտելով մոռացութեան մատնել անոնց էթնիկական պատկանելութիւննը: Կ’անուանափոխուէին նոյնիսկ քրիստոնէական սրբավայրեր, ինպէս` Վարագավանքը կը վերածուէր Ետիքիլիսէի. ի դէպ Անատոլուի մէջ տասնեակներով քիլիսէ բառով բնակավայրեր կան: Մանաւանդ, որ ամէն շրջանի մէջ կարելի է հանդիպիլ Քըզըլքիլիսէ կոչուած հին եկեղեցիի մը, զոր մենք ալ իւրացնելով կը վերածենք Կարմիր վանքի: Կ’արժէ յիշել նաեւ Մշոյ համբաւաւոր Ս. Կարապետ վանքը, որ այժմ քրտերէնացած ու դարձած է Տէրէ Չէնկէլի, որը Տարօնցիներն անգամ Չանկլի (զանգով, կոչնակ ունեցող, չանլը) կը կոչէին, կամ Մարտինի Տէրիք (քրտ` Եկեղեցի) գիւղաքաղաքը կամ Աղբակի (Ալպայրաք) Սորատէր (քրտ` Կարմիր եկեղեցի) գիւղը եւ անթիւ անհամար ուրիշներ…

Ցավս մեծ է, ճար չկայ,

Ճար կայ, ճար անող չկայ:

Համշէնցի Մոմիները մեր գլխէն անպակաս

 Անցեալ թիւերով արձագանգած էինք Էլմաս Մոմիի Համշէնի Չինչիվա գիւղի տան մեր կատարած խմբային այցելութեան, մեր երիտասարդներուն «Եաեա» կանչած աւելի քան 80–նոց Մեծմայրիկին հետ կատարած զրոյցներուն, երգերուն ու պարերուն…

Մեր վերադարձին, ՀայՃարի վարչութիւնը որպէս անմոռացութեան յիշատակ, մեր նկարած ու շրջանակուած Մոմիին լուսանկարը, պլուզ մը եւ լայն փէշ մը, զոյգ մըն ալ ձմրան ցուրտին ոտքերը տաք պահելու համար բուրդէ գուլպայ ղրկած էր Չինչիվա:

Ափսո՛ս որ փոխանակ «ստացանք»ի` հասած էր Մոմիին մահուան գոյժը:

 Մեր ցաւը դարձեալ մեծ էր, բայց եւ այնպէս մենք մխիթարութիւն մը ունէինք, որն էր իրեն հետ ծանօթանալու եւ իրեն հետ երջանիկ պահեր կիսած ըլլալու մխիթարութիւնը:

Էլմաս Մոմին մեզի հետ կը խօսէր մեր լեզուով, ինչպէս Էօզաճան Ալփէրի կարճամեթրաժ` «Մոմի» անուն ժապաւէնի մէջի մեծմայրիկը իր թոռան հետ, ինչպէս Համշէնի բոլոր մոմիները` իրենց զաւակներուն, թոռներուն, ծոռներուն հետ: Մոմիները ուրիշ լեզու չէին գիտեր, որ խօսէին: Անոնց խօսած ու հասկցած միակ լեզուն` Աստուծոյ հետ հաղորդուելու համար գործածած լեզուն էր, զոր իրենք կը կոչէին` Համշէներէն, Հէմշինճէ: Լեռնադաշտերու եւ բարձունքներու վրայ ապրելով, այլազգիներու հետ չշփուելով, օտարներու հետ չյարաբերուելով՝ անոնք դարերով պահած էին իրենց պապենական լեզուն, որ մեր ալ պապենական լեզուն էր, որ սակայն տարբեր շփումներով, տարբեր ազդեցութիւններով փոխուած էր անճանաչելի դառնալու աստիճան:

Մէկ կողմ թողելով մեր ազնուականաց ու հոգեւորականաց լեզուն` գրաբարը, պահ մը նկատի ունենաք ռամկօրէնը, որ ձեւով մը ծագումին հարազատ մնացած ըլլալու է բարձրաւանդակներու վրայ, ուր մոմիներ չեն շփուած օտար լեզուով խօսողներու հետ: Իսկ այն տեղերը, ուր օտարներու հետ յարաբերուելով հայերէնը փոփոխութեանց ենթարկուած է, մէկ կողմ` արեւմտա-հայերէն, ուրիշ տեղ մը …այլ-հայերէն մը, այնքան է նրբացած օտար ազդեցութեամբ, որ այսօր կը դժուարանանք հասկնալ մեր նախապապերուն լեզուն: Ամէն մեղքիս վրայ չհաւանելով ու ստորագնահատելով զայն, որ մոմիները պահել են Քաչքարեան լեռնադաշտերուն վրայ:

Մոմիները մեր գլխէն անպակաս թող ըլլան, իսկ գացողներուն համար մաղթենք` ոսկորներուն հանգստութիւն…

(Յաջորդով` Քաղքեդոնականութիւն ըսուած փորձանքը)

 Սարգիս Սերովբեան

Ակօս, 6 օգոստոս, 2010

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2010
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ